Արամեան Սանուց Միութեան «Հայֆէստ»ը

Նախորդ տարի­նե­րուն ող­­բա­­­ցեալ Մես­­րոպ Պատ­­րիարք ամա­­ռուայ ամիս­­նե­­­րուն իր մօտ կը հրա­­ւիրէր պոլ­­սա­­­հայ սա­­նուց միու­­թիւննե­­րու վա­­րիչ­­նե­­­րը եւ հարց կու տար, թէ ի՞նչ պատ­­րաստու­­թիւն ու­­նին Թարգման­­չաց Տօ­­նի շաբ­­թո­­­ւան հա­­մար։ Ընդհան­­րա­­­պէս կը նկա­­տէր, թէ յա­­տուկ պատ­­րաստու­­թիւն մը չեն կա­­տարած, ինք խոր­­հուրդներ կը փո­­խան­­ցէր զա­­նազան մի­­ջոցա­­ռումնե­­րու ձե­­ւաչա­­փով։

Այ­­սօր այդ ծի­­րէն ներս ալ կը տի­­րէ ան­­տարբե­­րու­­թեան մթնո­­լոր­­տը։ Բա­­րեբախ­­տա­­­բար Արա­­մեան Սա­­նուց Միու­­թիւնը Սրբոց Թարգման­­չաց Տօ­­նի ձօ­­նուած «Հայ­­ֆէստ»ը կազ­­մա­­­կեր­­պեց, որուն բա­­ցու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ թա­­տերա­­կան ներ­­կա­­­յացու­­մով մը։ 11 Հոկ­­տեմբեր Ուրբաթ գի­­շեր Ար­­փի թա­­տերա­­խումբը «Թու­­լիկ» խո­­րագ­­րեալ հա­­յերէն խա­­ղով բեմ ելաւ Արա­­մեանի սրա­­հիս մէջ։

12 Հոկ­­տեմբեր Շա­­բաթ օր, Արա­­մեան Ունճեան եւ Գալ­­ֆաեան Վար­­ժա­­­րան­­նե­­­րու աշա­­կերտնե­­րուն մաս­­նակցու­­թեամբ խան­­դա­­­վառ մթնո­­լորտ մը ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ եւ տղաքն ու ծնող­­նե­­­րը մէկ­­տե­­­ղուե­­ցան սրա­­հին մէջ։ Բա­­ցու­­մը կա­­տարո­­ւեցաւ յա­­նուն Սա­­նուց Միու­­թեան Մա­­րալ Էպէօղ­­լու Սա­­թարի կող­­մէ։ Ան անդրա­­դար­­ձաւ ծա­­ռերուն եւ ան­­տառնե­­րուն կա­­րեւո­­րու­­թեան եւ ապա շա­­րու­­նա­­­կեց մա­­գաղա­­թին ու գլխա­­ւորու­­թեամբ Ս. Մես­­րոպ Մաշ­­տո­­­ցի եւ Ս. Սա­­հակ Պար­­թե­­­ւի ինչպէս բո­­լոր թարգմա­­նիչ վար­­դա­­­պետ­­նե­­­րու գիւ­­տին ու գոր­­ծին կա­­րեւո­­րու­­թեան մա­­սին։

Այս առ­­թիւ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած էին զա­­նազան աշ­­խա­­­տանոց­­ներ հա­­յերէ­­նով։

«Փոք­­րիկ»ի նա­­խաձեռ­­նութեամբ եր­­կու հէ­­քեաթ­­ներ ներ­­կա­­­յացո­­ւեցան Գա­­րօլին Մա­­միկո­­նեանի կող­­մէ, որ­­մէ ետք մեկ­­նարկեց աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րը։ Հոն ներ­­կայ էին նաեւ ծնող­­նե­­­րը։ Միաս­­նա­­­բար ունկնդրե­­լէ եւ լու­­սանկա­­րուե­­լէ յե­­տոյ ծնող­­նե­­­րը գա­­ցին միու­­թեան «Կե­­նաց ծառ» խմբա­­կի կող­­մէ կա­­տարո­­ւած յախ­­ճա­­­պակիի աշ­­խա­­­տանո­­ցը եւ տղա­­քը իրենց յար­­մար խմբակ­­նե­­­րով ան­­ցան խա­­ղի, ներ­­կի, գրա­­կան եւ շու­­տա­­­սելու­­կի աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րուն։ Աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րը վա­­րեցին Թա­­նիա Հան­­չէր, Մա­­րալ Էպէօղ­­լու Սա­­թար, Եւ­­գի­­­նէ Ին­­ճի­­­տիւ­­զէն, Ան­­նա Սա­­րը Սէչ­­կին։ Ծնող­­նե­­­րէն ոմանք եւ հա­­մայնքիս ծա­­նօթ դէմ­­քեր ամ­­բողջ օրո­­ւայ տե­­ւողու­­թեամբ կա­­մաւոր աշ­­խա­­­տեցան եւ օգ­­նե­­­ցին Հայ­­ֆէստի գոր­­ծունէու­­թիւննե­­րուն։ Նաեւ ման­­կանց գիր­­քե­­­րով ներ­­կայ էր Արաս Հրա­­տարակ­­չութիւ­­նը։

Մի­­ջոցառ­­ման ըն­­թացքին միու­­թիւն այ­­ցե­­­լելով օրհնու­­թիւննե­­րը տո­­ւաւ Պատ­­րիար­­քա­­­կան Տե­­ղապահ Սա­­հակ Եպսկ Մա­­շալեան։ Ներ­­կայ գտնո­­ւեցան Յա­­րու­­թիւն Աբե­­ղայ Տա­­մատեան եւ Գա­­տըգիւ­­ղի Սուրբ Թա­­գաւոր Եկե­­ղեց­­ւոյ երէց Գրի­­գոր Քհնյ Տա­­մատեան։ Սա­­նուց Միու­­թեան ատե­­նապետ Սե­­ւան Աթաօղ­­լու այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ աշ­­խա­­­տանոց­­նե­­­րուն գոր­­ծունէու­­թեան մա­­սին։

«Հայ­­ֆէստ»ը աւար­­տին հա­­սաւ նոյն գի­­շեր անո­­ւանի եր­­գիչ Պար­­թե­­­ւին հա­­ճելի տոհ­­միկ երգերով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ