Նոր շունչ, նոր գիրքեր

Վաստակաւոր ու­­սուցչու­­հի Լեռ­­նա Գա­­րագիւ­­թիւք վեր­­ջերս հան­­րութեան ու­­շադրու­­թեան կ՚ար­­ժա­­­նանայ իր գրա­­կան ար­­տադրու­­թեամբ։ Ան այս օրե­­րուն լոյս ըն­­ծա­­­յեց եր­­կու գիր­­քեր, ման­­կա­­­պատա­­նեկան գրա­­կանու­­թեան բնոյ­­թով «Դպրո­­ցի Ճամ­­բուն Վրայ» եւ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու հա­­ւաքա­­ծոյ որ­­պէս՝ «Ան Է Որ Կայ»։

Հե­­ղինա­­կը նա­­խապէս ալ հրա­­տարա­­կած էր մի այլ բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու հա­­ւաքա­­ծոյ «Եր­­թաս Բա­­րով» խո­­րագի­­րով։

Ինքնին ու­­րա­­­խու­­թեան պատ­­ճառ է հետզհե­­տէ նօս­­րա­­­ցած պոլ­­սա­­­հայ գրա­­կան դաշ­­տին վրայ իւ­­րա­­­քան­­չիւր նոր հրա­­տարա­­կու­­թիւն։ Ու­­րեմն այս ու­­րա­­­խու­­թեամբ կ՚ող­­ջունենք բազ­­մա­­­մեայ կրթա­­կան մշակ Լեռ­­նա Գա­­րագիւ­­թիւքի գրա­­կան ար­­տադրու­­թիւնը, որ իր կար­­գին կը պար­­գե­­­ւէ ըն­­թերցման նոր հա­­ճոյք մը, յատ­­կա­­­պէս բա­­նաս­­տեղծու­­թիւննե­­րու մէջ որ­­դեգրած ոճով, հա­­ղոր­­դա­­­կանու­­թեամբ եւ հա­­րազատ բա­­ռամ­­թերքով։ Այստեղ «հա­­րազատ բա­­ռամ­­թերք» կո­­չու­­մով կ՚ու­­զենք ընդգծել թէ Լեռ­­նա Գա­­րագիւ­­թիւք կը խու­­սա­­­փի ար­­հեստա­­կան եղա­­նակով նոր բա­­ռեր հնա­­րելէ եւ հե­­տեւա­­բար ան­­հասկնա­­լի դառ­­նա­­­լէ։ Եթէ իր գոր­­ծե­­­րուն մէջ հան­­դի­­­պինք նո­­ւազ ծա­­նօթ բա­­ռերու, գի­­տենք թէ անոնք կա­­րելի պի­­տի ըլ­­լան հաս­­տա­­­տել բա­­ռարա­­նի մը օգ­­նութեամբ։ Ար­­դէն այդ է գրո­­ղի առա­­քելու­­թիւնը, որ ժա­­մանա­­կի հո­­լովոյ­­թով պի­­տի զար­­գացնէ ընթերցողի բառապաշարը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ