ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ԽՆՁՈՐ (Բ)

Ան­ցեալ շա­­բաթ երբ վեր­­ջա­­­ցած էր «խնձոր» բա­­ռի հե­­քիաթը, եր­­կինքէն ին­­կած էր երեք խնձոր, ար­­ցախցիի բե­­րանով՝ «Եր­­գինքան իրեք խնձոր վեր ըն­­գաւ»։ Նախ խա­­ծեր էինք անոնցմէ եր­­կու հա­­տը. ստու­­գա­­­բանա­­կան ար­­մատնե­­րը եւ պատ­­մա­­­կան պտուղնե­­րը։ Տե­­սեր էինք, թէ քաղցրա­­համ էին անոնք։ Հե­­քիաթի ամե­­նէն հիւ­­թա­­­լի մա­­սը՝ դար­­ձո­­­ւածքներն էին, ինչպէս երբ պոլ­­սա­­­հայը կ՚ըսէր՝ «Երե­­սիտ խնձոր­­նե­­­րը ու­­տե՜մ», իսկ գո­­րիս­­ցին՝ «Ասիս բա­­ղի կյարմյուր խնձոր ինի»։ «Խնձոր» բա­­ռը Ար­­տա­­­մետէն Ար­­ցախ եւ Սե­­բաս­­տիայէն Սա­­սուն լաւ աճած էր, որ­­պէս նաեւ տե­­ղանուն։ Կա­­րօտով այ­­ցե­­­լեր էինք Խնձո­­րուտն ու Խնձո­­րիկը, Խնձո­­րովիտն ու Խնձոր­­գի­­­նը։ Իսկ այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մեր խնձո­­րենիէն քա­­ղենք եր­­րորդ խնձո­­րը՝ «խնձոր» բա­­ռի աշու­­ղա­­­կան եւ քնա­­րական գոր­­ծա­­­ծու­­թիւննե­­րը։

10-րդ դա­­րուն հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցաւ յե­­ղափո­­խու­­թիւն մը. հայ­­կա­­­կան գրա­­կանու­­թեան վե­­րած­­նունդն էր ան։ Այդ օրե­­րուն մեր բնաշ­­խարհի մէջ յայտնո­­ւեցան տա­­ղասաց­­ներ, որոնք եր­­գե­­­ցին բնու­­թեան գե­­ղեց­­կութիւ­­նը եւ կեան­­քը լիովին ապ­­րե­­­լու փա­­փաքը։ Այդ տա­­ղերու մէջ գա­­րունն էր տա­­րուան սի­­րելի եղա­­նակը, իսկ խնձորն էր պտուղնե­­րու ընտրեալը։

«Խնձոր» բա­­ռի առա­­ջին երկրպա­­գուն Գրի­­գորիս Աղ­­թա­­­մար­­ցին էր, տա­­րագիր կա­­թողի­­կոս մը, որ օտար նո­­ւաճող­­նե­­­րու յո­­ռի աս­­պա­­­տակու­­թիւննե­­րու օրե­­րուն՝ ող­­բաց հայ­­րե­­­նի երկրի թշո­­ւառու­­թեան վրայ, իսկ այն պա­­հերուն, երբ կը խա­­ղաղէր հայ­­րե­­­նիքը, գրի կ՚առ­­նէր աշ­­խարհիկ տա­­ղեր։ Ահա մէ­­կը.

Դա նուշ ա շա­­քար, 
տափ անուշ խնկին.

Դա կար­­միր խնձոր է մէջ տե­­րեւին։

Այդ օրե­­րուն «խնձոր» բա­­ռը կը դառ­­նար այ­­լա­­­բանու­­թիւն՝ կնոջ գե­­ղեց­­կութիւնն էր ան, ինչպէս նաեւ՝ աշ­­խարհիկ վա­­յելքնե­­րու քաղցր պատ­­կե­­­րը։

Ապա եկաւ Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թանը, «խնձոր»ի հա­­ւատա­­րիմ այ­­գե­­­պանը։ Հայ­­կա­­­կան վե­­րած­­նունդի վեր­­ջին տա­­ղասացն էր ան ու նոր շրջա­­նի առա­­ջին աշու­­ղը։ Նա­­ղաշ Յով­­նա­­­թանը կա­­րելի է տես­­նել որ­­պէս իր նախ­­նի­­­ներու՝ գող­­թան եր­­գիչնե­­րու 18-րդ դա­­րու մարմնա­­ցու­­մը։ Իր ծննդա­­վայ­­րէն, Ագու­­լի­­­սի Շո­­ռոթ գիւ­­ղէն ճամ­­բայ ելաւ, հա­­սաւ Թիֆ­­լիս, իր հետ բե­­րաւ հայ­­կա­­­կան բա­­նահիւ­­սութեան հա­­րուստ ժա­­ռան­­գը ու վրաց թա­­գաւոր Վախ­­թանգ Զ.ի պա­­լատին մէջ, որ­­պէս ար­­քունի երա­­ժիշտ, գո­­վեր­­գեց կինն ու գի­­նին։ Իր տա­­ղերուն մէջ, խնճոյ­­քի սե­­ղան­­նե­­­րու շուրջ, Յով­­նա­­­թանը եր­­գեց «խնձոր» քա­­ղելու ու անոր թար­­մութիւ­­նը համ­­տե­­­սելու իր տեն­­չանքը։ Ժա­­մանա­­կաշրջա­­նի հա­­մար­­ձակ գա­­ղափարն էր ասի­­կա, ուր չկար գռե­­հիկ մարմնա­­պաշ­­տութիւն։ Սի­­րու­­հիի մար­­մի­­­նը այ­­լեւս մեղ­­քի դրդիչ չէր, այլ՝ աս­­տո­­­ւածաս­­տեղծ շնորհ։ Իսկ «խնձոր» բա­­ռը, երբ դար­­ձաւ այսքան ու­­շագրաւ, ու մե­­ծանուն աշուղներ իրենց աչ­­քե­­­րը սե­­ւեռե­­ցին իր վրայ՝ շիկ­­նե­­­ցաւ, դար­­ձաւ կարմրա­­թուշ։ Յար­­մար տե­­սաւ, որ նաեւ քիչ մը ծած­­կո­­­ւի։ Ահա յով­­նա­­­թանեան սի­­րաբա­­նու­­թիւն մը.

Քու ծոցն պաղ­­չա՝ նռա՛ն, խնձո­­րի,

Պինդ կու պա­­հես, աջա՞բ,

էդ ո՞ւմ հա­­մար ա։

(Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, պէտք է յի­­շել, թէ «շա­­մամ» եւ «սեր­­կե­­­ւիլ» բա­­ռերն ալ կ՚ար­­ժա­­­նանա­­յին նոյն ու­­շադրու­­թեան եւ գնա­­հատան­­քին) Մէկ այլ տա­­ղի մէջ Յով­­նա­­­թանը այսպէս փա­­ռաբա­­նեց իր սի­­րու­­հին. «Ծոցդ՝ բախ­­չա, կա­­նանչ բոս­­տան, շա­­մամ, խնձոր շա­­րեշար»։

Վրաց պա­­լատի յա­­ջորդ աշուղն էր Սա­­յաթ-Նո­­վան։ Ան ալ որ­­սաց մէկ-եր­­կու «խնձոր»։ Բայց Սա­­յաթ-Նո­­վայի միտ­­քը աս­­տո­­­ւածաշնչա­­յին էր։ Քա­­նի մը տո­­ղիկ ճա­­շակենք՝ հա­­մառօ­­տու­­թիւննե­­րով.

Տէրն ասաց,- չո՛ւտիք էս բար (պտուղ)...

Համ առ­­նիլն ու­­զից նա­­խամայր 
Յի­­ւան...

Քա­­ղից ար­­գի­­­լուած խնձորն։

Յով­­հաննէս Թու­­մա­­­նեանի «Փար­­ւա­­­նա» աւան­­դա­­­վէպի մէջ բա­­ռը կրկին դար­­ձաւ հե­­քիաթա­­յին. ան նշա­­նակեց ամուսնու­­թեան հա­­ւանու­­թիւն։ Պատ­­մութեան մէջ Փար­­ւա­­­նայի փա­­ռահեղ ար­­քան, բազ­­մա­­­թիւ աս­­պետնե­­րու ներ­­կա­­­յու­­թեան, այսպէս կը յոր­­դո­­­րէ իր ծա­­ղիկ աղջկան. «Ընտրի՛ր, զար­­կի՛ր ձեռ­­քիդ խնձորն / Ան­­յաղթնե­­րից ան­­յաղթին»։ Ապա, «Աղ­­ջիկն առաջ եկաւ / Կար­­միր խնձորն իր ձե­­ռին»։

Կարմրա­­ւուն եւ նրբա­­մաշկ «խնձոր­­ներ» ին­­կան նաեւ մեր ժո­­ղովրդա­­կան եր­­գե­­­րուն մէջ։ Զա­­նոնք հա­­ճոյ­­քով փրցուց Կո­­միտաս վար­­դա­­­պետը. «Կար­­միր խնձոր հա­­ներ, տար, / Ալո­­ւան ծա­­ղիկ տա­­նել տար», «Խնձոր թա­­լեմ, արի, տար», «Խնձո­­րի կէ­­սը կծած էր, եար ու­­նի, եար ու­­նի»։ Մէկ այլ եր­­գա­­­հաւաք՝ Գրի­­գոր Սիւ­­նին ձայ­­նագրեց հե­­տեւեալը. «Աղ­­ջիկ տե­­սայ եայ­­լի ձոր, / Նման էր կար­­միր խնձոր»։ Իսկ Կա­­րա-Մուրզան մշա­­կեց անու­­շա­­­համ եղա­­նակ մը. «Քե­­զի մեռ­­նեմ, անուշ եար ջան / Կար­­միր խնձոր, լալ ու մար­­ջան»։

Հոկ­­տեմբեր ամ­­սոյն այս զո­­վացող օրե­­րուն, Հա­­յաս­­տա­­­նի մրգաս­­տաննե­­րու մէջ կը հա­­սուննան բու­­րումնա­­ւէտ խնձոր­­ներ եւ կը մօ­­տենայ զա­­նոնք քա­­ղելու եղա­­նակը։ Կը պատ­­մեն, թէ Գու­­սան Հա­­ւասին, Երե­­ւան ապ­­րած տա­­րինե­­րուն, օր մը կը հի­­ւան­­դա­­­նայ։ Տան­­տի­­­րու­­հին, տի­­կին Արու­­սեակը, վշտա­­ցած՝ կ՚որո­­շէ արկղ մը խնձոր ու­­ղարկել մեծ եր­­գա­­­հանին, որ­­պէս բա­­րեկա­­մական ըն­­ծայ։ Այդ ազ­­նիւ նո­­ւէրի փո­­խարէն, Հա­­ւասին ոգեշնչո­­ւած կը յօ­­րինէ «Ըն­­ծայ խնձոր» եր­­գը. «Եարի ղրկած ըն­­ծայ խնձոր, մահ­­լամ (սպե­­ղանի) դրի վէր­­քե­­­րիս խոր»։ Մեղ­­մօ­­­րօր է նաեւ Ռու­­բէն Հախ­­վերդեանի եւ Լի­­լիթ Պի­­պոյեանի զու­­գերգը, որ յօ­­րինո­­ւած է գիւ­­ղա­­­գիր Թլկա­­տին­­ցիի քնա­­րական խօս­­քե­­­րուն վրայ. «Ձեռ­­քիս վար­­դը տամ, վար­­դը որ չառ­­նէ, ոս­­կի խնձոր տամ»։

Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, ճա­­շակե­­ցինք մայ­­րե­­­նի մրգաս­­տա­­­նի չա­­փազանց հրա­­պու­­րիչ, եր­­բեմն գայ­­թակղե­­ցու­­ցիչ, բայց միշտ ազ­­նիւ եւ քնա­­րական պտու­­ղը՝ «խնձոր» բա­­ռը։ Խա­­ծենք Գու­­սան Շա­­հէն «Խռո­­վուած էր» եր­­գը ու հրա­­ժեշտ տանք այդ դրախ­­տա­­­յին բա­­ռին. «Այ­­սօր, ես՝ իմ եարին տե­­սայ, թուխ մա­­զերը օլո­­րած էր, բա­­րեւ տո­­ւի, բա­­րեւս չա­­ռաւ, գու­­ցէ ինձնից խռո­­վա՞ծ էր,

Նա­­յի դէմ­­քին՝ կար­­միր խնձոր,

Լուսնի նման բո­­լորած էր»։