ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ
68-ի սերունդէն ընկերներ մի առ մի հրաժեշտ կառնեն մեզմէ։ Չեմ հարցներ «Դո՞ւն ալ Կարպիս»։ Միջին արեւելքի մէջ նոր ողբերգութեան մը ապրուած օրերուն սիրտն ու հոգին հանգաւ, կամ թերեւս աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել պայթեցաւ։
Մեր «Պելկէ» հրատարակչատան երեք բարեկամները, Ըշըթան Կիւնտիւզը, Զիհնի Չեթիները եւ Կարպիս Ալթընօղլուն իրարու ետեւէ հողին յանձնեցինք։ 68-ի սերունդէն երեք արժէքաւոր դէմք, երեք տարբեր ոճ եւ ուղղութիւն։
Թուրքիոյ ձախակողմեան շարժման մէջ Իպրահիմ Քայփաքքայա ճշմարտութեան հասնելու առաջատարը եղաւ։ Թերեւս այսպիսով ալ աւելի թափանցեց այս հողերու կորած զաւակներու հոգիներուն։ Իսկ անոնք ալ աւելի ծանր հատուցեցին այդ թափանցումը։ Անուններ կը տողանցեն մտքիս մէջ։ Հրանդը, Հայրապետը, Արմենակը, Նուպարը, Մանուէլը... եւ ապա Ռոժաւայի Նուպարը...
Ո՜վ այս երկրի կորած երախաները հաւագող յարգելի Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան, ո՜վ Կիւզելեան, ո՜վ Դպրեվանքցիներ...
Չեմ սիրեր նահատակի գրականութիւնը,նոյնպէս զոհի հոգեբանութիւնը։
Կարծես մարտիրոս կոչումը աւելի պիտի պատշաճի անոնց ։ Իրողութեան ճանապարհին բոլոր վիշտերը շալկած յառաջացան։ Գաղափարներ ու տեսլականներ հաղորդեցին երկրի չորս ծագերուն։ Նոյնիսկ բոկոտն, նոյնիսկ կէսկատար հրացան մը իսկ առանց ունենալու։ Բաւ էր որ ոգիները դրդէին։ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Էջմիածնի մէջ ժողովուրդ մը ձերբազատուեցաւ զոհ համարուելէ եւ կոչուեցաւ մարտիրոս։ Ձեւով մը անթաղ մերելները շիրիմ ունեցան։ Հայկական խնդիրը վերածուեցաւ թուրքի խնդրին։ 1915-ը այլեւս հայկական խնդիր մը չէ, այլ թուրքին խնդիրը։ Ինչո՞ւ չէ եկէք ըսենք նաեւ քիւրտին խնդիրը։
Կարպիսի ապրածները այս է, որ կը յիշեցնէ ինծի։ Նոյնիսկ իրեն դէմ տանջանքներ գործադրողները, մարդկութեան կանչող մարտիր մը։ Յամառ էր Կարպիս։ Իր սկզբունքներուն հանդէպ խիստ յամառ։ Եւ հարցաքննող էր նաեւ։ Մինչեւ ծուծը հաւատացած էր եւ իւրացուցած Մարքսական վարդապետութեան։ Յաջողած էր իր ինքնութեան դէմ իսկ իրաւացի մնալ։ Կատարեալ համաշխարհայնական մըն էր։ Երբեք չէր հանդուրժէր ազգայնականութեան։ Երբ որ քրտական խնդիրը օրակարգի վրայ կու գար չէր վարաներ իր կուսակցութիւնը անգամ քննադատելէ։ Բայց այդ խիստ երեւոյթին ետին թագնուած էր համեստութեան խորհրդանշան մը։ Իր վերջին առաքումներէն մէկը կը վերաբերէր 1990-ականներու այդ կեղտոտ պատերազմի տարիներուն կորսնցուած Այթէն Էօզթիւրքին։ 1992-ին իմ գրառումները գիրքի մը վերածած ու իրեն ձօնած էի։
Կարպիսը ամենածանր տանջանքներու մէջ իսկ չէր պարզած իր պահած գաղտնիքները։ Ի վերջոյ իրեն դէմ տանջանքներ գործադրած ոստիկանը խոստովանած էր իր մեղքը։ 12 Սեպտեմբերի բանտերը իրականութեան մէջ ողջակիզման ճամբարներ էին։ Կարպիս հոն յատուկ վերաբերումի կ՚արժանանար։ Միւսներուն կամքը կոտրելու համար յատուկ կը տանջէին իրեն։ Բոլոր բանտարկեալները լուռ մնալու ամօթին կը մատնուէին։ Սինոփի բանտին մէջ կը պատմուէր, թէ ան ինչպէս ճարտոններուն կը մատուցէր իր հացի բաժինը, որպէսզի սովահար կրծողներէ խնայէ սեփական բութամատը։ Դարձեալ առասպելի նման կը պատմուէր, թէ անոնց ալ սեմինարներ կը սարքեր, որպէսզի յանկարծ չի մոռնայ յիշողութեան մէջ պահածները։ Կատակախառն կը պատմուէր թէ, երբ Կարպիս կը ձեռնարկէր ճարտոններու դասընթացքին անոնք իսկոյն իրար տեղեակ կը պահէին եւ բոլորը կը հաւաքուէին Կարպիսի խուցին մէջ։ Նոյնիսկ տանջանքներու առկայութեան նման ծիծաղ արտադրելը ինք եւս դիմադրութեան եղանակ մը ըլլալու է։ «Տեսութիւն եւ Գործողութիւնէ մատենաշարի հեղինակներէն էր։ 2019-ին գարուն, ամառ համարը վերջերս հասած էր ինծի։ «Կարդացած էի Լիբիոյ մէջ հոսած արիւնէն ո՞վ պատասխանատու է» յօդուածը։ Տակաւին բազմաթիւ գրութիւններ կը պարզէին, թէ երկրէ հեռու ըլլալով հանդերձ ան որքան խորապէս կը տիրապետէ երկրի քաղաքական անցուդարձներուն։
Վերջապէս այս երկնակամարին տակ իրմէ մնացածը միայն թանկագին յիշատակ մը չէ, այլ իմաստուն յօդուածներու լայնածաւալ շտեմարան մը։