Պատերազմ փողով, շեփորով

Հան­րա­պետու­թեան նա­խագահ Թայ­յիպ էր­տո­ղան «Թո­ւիթըր»եան գրա­ռու­մով մը յայ­տա­րարեց թէ Թուրքիոյ Զի­նեալ ու­ժե­րը Սու­րիոյ Ազ­գա­յին բա­նակին հետ գոր­ծակցե­լով յար­ձա­կում կա­տարած են Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուա­ծի ՓՔՔ/ԵՓԿ եւ ՏԱԷՇ-ի դիր­քե­րուն դէմ։

Զի­նեալ յար­ձա­կու­մը անո­ւանա­կոչո­ւած է «Խա­ղաղու­թեան Աղ­բիւր»։ Էր­տո­ղան կա­տարո­ւածը կը նկա­րագ­րէ «երկրի հիւ­սի­սային սահ­մա­նագ­ծին վրայ կա­ռու­ցե­լի ահա­բեկ­չա­կան նրբանցքը ոչնչաց­նել եւ տա­րածաշրջա­նին խա­ղաղու­թիւն պար­գե­ւել» ըլ­լա­լով։ Կը յայտնո­ւի թէ զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւնը ուղղո­ւած է Ռէս­լա­յին շրջա­կայ­քին։ Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուա­ծի մէջ գտնո­ւող Թէլ Ապեատ քա­ղաքէն ակա­նատես մը «Ռոյ­թերս»ին յայտնեց թէ Թուրքիոյ սահ­մա­նին վրայ պայ­թումներ կը լսո­ւին, ծու­խեր կը բարձրա­նայ եւ քա­ղաքի բնա­կիչ­նե­րը խումբ առ խումբ կը փախ­չին։

Գոր­ծո­ղու­թեան մեկ­նարկու­մէն ետք եր­կու ռումբեր հա­սած են Ճէյ­լանփը­նար, բայց զո­հեր եւ վի­րաւո­րեալ­ներ չեն գրան­ցո­ւած։ Տա­րածաշրջա­նի մէջ կա­րեւո­րագոյն զի­նուո­րական ու­ժը Սու­րիոյ ժո­ղովրդա­վարա­կան բա­նակն է։ Ահա այդ բա­նակը կոչ կ՚ընէ ԱՄՆ-ի եւ դաշ­նա­կից­նե­րուն որ­պէսզի Թուրքիոյ հիւ­սիս արե­ւելեան հա­տուա­ծի ուղղեալ յար­ձա­կումնե­րէն պաշտպա­նուե­լու հա­մար թռիչ­քի ար­գի­լուած տա­րածք կը հռչա­կուի։

Սու­րիոյ ժո­ղովրդա­վարա­կան բա­նակի յայ­տա­րարու­թեան մէջ ըսո­ւած է հե­տեւեալը. «Սու­րիոյ ժո­ղովրդա­վարա­կան բա­նակը վստա­հած էր ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ մի­ջեւ կնքո­ւած անվտան­գութեան դրու­թեան։ Այժմ մեր ժո­ղովուրդը վտան­գի մատ­նո­ւած է»։

Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թեան ար­տա­սահ­մա­նի մէջ զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թիւն ընե­լու յա­տուկ ար­տօ­նագ­րութիւ­նը 8 Հոկ­տեմբե­րին Թուրքիոյ խորհրդա­րանին մէջ վա­ւերա­ցուած էր բա­ցի Ժո­ղովուրդնե­րու ժո­ղովրդա­վարա­կան կու­սակցու­թեան, մնա­ցեալ բո­լոր կու­սակցու­թիւննե­րու կող­մէ։

ԱՄՆ նա­խագահ Թրամբ զի­նուո­րական գոր­ծո­ղու­թեան մեկ­նարկու­մէն կարճ ժա­մանակ առաջ պնդած էր թէ նման քայ­լէ ետք Թուրքիա պի­տի ստի­պուի ՏԱԷՇ-ի ահա­բեկիչ­նե­րու պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը ստանձնել։

Իրա­նի նա­խագահ Ռու­հա­նի եւս յայ­տա­րարու­թիւն մը ու­նե­նալով խոր­հուրդ տո­ւաւ որ Թուրքիա վե­րատե­սու­թեան մատ­նէ իր որ­դեգրած ու­ղին։ «Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուա­ծի անվտան­գութիւ­նը երաշ­խա­ւորե­լիքը Սու­րիոյ բա­նակն է»։ Ռու­հա­նի նաեւ աւել­ցուց, որ կա­րեւո­րագոյն խնդի­րը ո՛չ թէ Եփ­րատ գե­տի արե­ւելքն է, այլ Իտ­լի­պը։ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան արտ. Գործ նա­խարար Լաւ­րով ըսաւ թէ ԱՄՆ իր այս որո­շու­մով ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նը կրա­կի կը նե­տէ։ Եւ­րո­միու­թեան յանձնա­խումբի նա­խագահ Ժան Քլոտ Եունքէր ալ Ան­գա­րայի կա­ռավա­րու­թեան կոչ ուղղեց զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւնը իս­կոյն դադ­րեցնե­լու հա­մար։ Նմա­նապէս Գեր­մա­նիոյ արտ. Գործ նա­խարար Մաաս ըսաւ որ ամե­նախիստ ոճով կը դա­տապար­տեն Թուրքիոյ Սու­րիայի հիւ­սիս արե­ւելեան հա­տուա­ծին դէմ ձեռ­նարկած գոր­ծո­ղու­թիւնը։

ՀՏՓ-ի երես­փո­խան Կա­րօ Փայ­լան այս մա­սին «Ակօս»ին յայտնեց թէ ձեռ­նարկո­ւած զի­նեալ գոր­ծո­ղու­թիւնը շատ լուրջ վտանգներ կը սպառ­նայ։ Ան օրի­նակ բե­րաւ Փա­քիս­տան- Աֆ­ղա­նիս­տան սահ­մա­նին Փէ­շաւե­րի մէջ ճի­հատա­կան­նե­րու տե­ղադ­րումով կա­յացած վտանգնե­րը։ Յայտնեց թէ Էր­տո­ղանն ալ ու­նի «Ճի­հատիս­տան» մը կազ­մե­լու երազ­ներ։ «Մենք որ­պէս ՀՏՓ դէմ ենք պա­տերազ­մին։ Գի­տենք թէ պա­տերազ­մը աւեր, սով եւ մահ կը ծնի։ Հա­րիւր տա­րի առաջ հայ ժո­ղովուրդը Մեծ եղեռ­նի տա­րինե­րուն աք­սո­րուած էր դէ­պի Ռաք­քա եւ Տէր Զօր։ Այժմ սու­րիացի քիւրտե­րով, ասո­րինե­րով եւ հա­յերով բնա­կեցո­ւած տա­րած­քը ան­գամ մը եւս նոյն վտան­գին հետ դէմ­հանդի­ման կը գտնո­ւի» ըսաւ Կարօ Փայլան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ