Նախապէս հաղորդած էին, թէ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը դասաւորելու համար կազմուած Նախաձեռնարկ Մարմինը համակերպած է Ներքին Գործոց Նախարարութեան ղրկած կանոնագրին եւ մերժած է, կանոնագրի դէմ առարկելու պահանջը։ Այսպէսով Պոլսոյ 85-րդ պատրիարքը պիտի ընտրուի նախարարութեան սահմանափակած թեկնածուներէն զուրկ։ Տրուած ըլլալով թէ Նախաձեռնարկ Մարմինէ ներս այս մասին ձայները հաւասար մնացած էին եկած կանոնագիրը մերժել եւ ընդունիլ առաջարկողներու միջեւ, որպէս լուծում որոշուած էր ընդլայնուած ժողովով մը կարծիքը առնել համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն։
Ահա այդ ընդլայնուած ժողովն է, որ կայացաւ 3 Հոկտեմբեր հինգշաբթի օր Պատրիարքարանի մէջ եւ աւարտին ձայներու մեծամասնութիւնով ընդունուեցաւ ընտրութիւնը կատարել պարտադրուած կանոնագրի հիման վրայ։
Փակ դռներու ետին կայացող այս ժողովէն ետք դժգոհութիւններու ալիքը դեռ կը շարունակուի համայնքէ ներս, քանի որ կարգ մը թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ կը պնդեն թէ որոշումը կայացած է ճնշումներու տակ։
Այս զարգացումներէն ետք կարգ մը թաղականութիւններ ստիպուած զգացին մամլոյ հաղորդումներով իրենց ընդվզումը յայտնելու։ Այսպէս Պոյաճըգիւղի եկեղեցւոյ թաղականութիւնը ափսոսանք յայտնեց, որ համայնքին համար այսքան կենսական նշանակութիւն ունեցող խնդրի մը մէջ անգամ ոմանք կը փորձեն վախ ու սարսափի մթնոլորտով պարտադրել իրենց կամքը։ Այստեղ ակնարկուածը յաճախակիօրէն որոշ շրջանակներու կողմէ «Պետութիւնը այսպէս կը պահանջէ» թելադրանքն է։
Անոնցմէ ոչ մէկը համարձակութիւն կ՚ունենան «Պետութիւնը թող իր գործին նայի» ըսելու։ Ընդ հակառակը սպառնալիքի գաւազան մը ըլլալով կը դիտեն իբրեւ թէ պետութենէն եկած բոլոր թելադրանքները։ Այս անճարակութեան համայնապատկերին մէջ յաճախակի կերպով հրաժարականներ կը լսուին Նախաձեռնարկ Մարմնէն։
Այս հակումին յստակացումէն ետք առաջին հրաժարողը եղած էր իրաւաբան Սեդրակ Տաւութհան։ Ապա անոր օրինակին հետեւեցան Կարպիս Տուրասլան, Նազարէդ Էօզսահակեան եւ Գէորգ Էրքան։ Լսումներու համաձայն ուրիշ անուններ եւս կը պատրաստուին իրենց հրաժարումը ներկայացնելու։
Այս մասին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ նաեւ Նախաձեռնարկ Մարմնի անդամներէն Սելինա Տողան, որ իր դիրքը նկարագրեց հետեւեալ կերպով. «Գործընթացին մէջ մնալու համար կը խուսափիմ հրաժարելէ։ Մեզի համար անյարմար կանոնագրի մը վերատեսութեան ենթարկելու պահանջը ինչո՞ւ համար աղէտի մը վարկած կը դիտուի հասկցած չեմ։ Վախէ սնանելո՞վ է որ խնդիրներ պիտի լուծենք» ըսաւ Սելինա Տողան։
Միւս կողմէ Նախաձեռնարկ Մարմնի կողմէ իբրեւ թեկնածու վաւերացուած երեք եպիսկոպոսներէն Գարեգին արք. Պէքճիեան եւս քննադատեց Նախաձեռնարկ Մարմնի որոշումը եւ «Ակօս»ին յայտնեց թէ չէ հասկցած թէ ինչո՞ւ չեն առարկած կանոնագրութեան դէմ։
«Մեր աւանդութիւններուն մէջ նման սահմանափակում մը գոյութիւն չունի։ այս որոշումը կայացնելու ժամանակ արդեօք մտածա՞ծ են ապագայի մասին։ Յուսամ կը զղջան այս սխալին համար»։
Պէքճիեան սրբազան «Ակօս»ին իր թեկնածութեան մասին հարցումին ալ պատասխանեց հետեւեալ կերպով. «Տեղապահ ընտրութեան ժամանակ ալ անտեսուած էր մեր աւանդութիւնները, պատրիարքի ընտրութեան ժամանակ ալ նոյնպէս։ Ես երբեք չեմ յայտարարած պատրիարքի թեկնածութիւնս։ Արդէն այս ուղղութիւնով հրաւէր մըն ալ չեմ ստացած։ Եթէ ստանամ կը խորհիմ ու ըստ այնմ կը շարժիմ»։