Խաղաղապաշտ ակադեմականներու հետ զօրակցելու համար ինքզինք դատարան բողոքողներէն Արատ Տինք անպարտ հռչակուեցաւ։ 18 անձեր «Այս յանցանքին մեղսակից չենք ըլլար» խորագրեալ յայտարարութենէն ետք հարցաքննուող ակադեմականներու հետ զօրակցելու համար իրենք եւս կրկնած էին նոյն յայտարարութիւնը եւ պահանջած էին, որ իրենք ալ դատուին նոյն յանցանքով։ Այսպէս դատ յարուցուած էր 18 անձերու դէմ, որոնց մէջ էր նաեւ Արատ Տինք։
Տինք եւ ընկերները կ՚ամբաստանուէին ահաբեկչութիւն քարոզելու մեղադրանքով։ Տինք 20 Յունիսին կատարուած դատավարութեան ընթացքին ըսած էր. «Դոյզն իսկ չեմ զղջացած այդ յայտարարութիւնը ստորագրելուս համար։ Կը զղջամ միայն այն բանի համար, որ չենք կրցած յաջողիլ մեր խոստումին մէջ։ Անարդարութեան դէմ լռողը Սատանան է»։ Այս ըսելով ան մերժած էր իրեն վերագրուած յանցանքները։ Տինք նաեւ առարկած էր իրեն դէմ կայանալիք որեւէ վճիռին յետաձգման դէմ։ Այսինքն ասպարէզ կարդացած էր դատական համակարգին դէմ։ Վերջապէս դատարանը անզօր մնաց իրաւաբանական առումով իր մատնուած այս անճարակ երեւոյթին դիմաց եւ որոշեց անպարտ հռչակել այս մեղադրանքով դատ բացուած անձերը։