Նաթալի Աւազեանի դէմ հարցաքննութիւն

Քանի մը օր առաջ «Թո­ւիթը­րի» վրայ տե­ղադ­րած լու­սանկա­րի մը տակ Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խարար Մեվ­լութ Չա­ւու­շօղլո­ւի ըն­տա­նիքը անար­գե­լու մե­ղադ­րանքով 8 Հոկ­տեմբե­րին բեր­ման են­թարկո­ւեցաւ Նա­թալի Աւա­զեանը։ Աւա­զեան ձեռ­նա­կապո­ւած վի­ճակով եկած Քար­թա­լի Ար­դա­րադա­տական Պա­լատին մէջ գի­շերե­լէ ետք յա­ջորդ օր հար­ցաքննո­ւեցաւ եւ դա­տական հսկո­ղու­թեան պայ­մաննե­րով ազատ ար­ձա­կուե­ցաւ։

Աւա­զեան «Թո­ւիթըր»ի իր էջին վրայ դրած էր ըն­տա­նեկան խմբան­կար մը, որուն տակ գրած էր 1988 Մեվ­լութ Չա­ւու­շօղլո­ւի ըն­տա­նիքը։ ապա աւել­ցուցած էր, թէ նա­խարար Չա­ւու­շօղլո­ւի հայ­րը կը յի­շուի Աւա­զակ Քիւրտ Օս­ման անու­նով եւ ըն­տա­նիքը գաղ­թած է Էրզրու­մի Հո­րասան գա­ւառէն։

Նա­խարար Չա­ւու­շօղլու իս­կոյն բո­ղոք յայտնած էր Աւա­զեանի դէմ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ