ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Երբ ՈՒՆԷՍՔՕ իր տարուայ կարեւոր միջոցառումներու ցանկին վրայ կը նշէր մեծն Կոմիտասի ծննդեան օրը, անշուշտ բոլորս գիտէինք թէ ինչպիսի մշակութային նախաձեռնութիւններ տեղի պիտի ունենան ամբողջ տարուայ ընթացքին։ Բնականաբար այդ միջոցառումներու օրրանը պիտի ըլլար եւ պէտք է ըլլար Հայաստանը իր հսկայ մշակութային աւանդով։ Տարուայ ընթացքին ուշ ի ուշով կը հետեւէինք այս առումով տեղի ունեցած զարգացումներուն։ Արդարեւ յաճախ ականատես եղանք եւ արձագանգեցինք աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ նման բնոյթով միջոցառումներուն։ Հապա ի՞նչ պիտի վերաբերէր պոլսահայ մշակութային կեանքէ ներս։ Չէ որ ծննդեան 100-ամեակին առթիւ բնաւ նուազ չէին եղած, այդ բնոյթի միջոցառումները Պոլսոյ մէջ եւս։ Յիշողութիւններու մէջ տակաւին կը մնայ խմբավար Կարօ Արմանի այդ տարիներուն նորակազմ «Կեդրոնական» երգչախումբի հետ սարքած համերգները, որոնք երաժշտական իսկական վայելքներ դարձած էին բոլորին համար։ Ապա վրայ հասած էր Ժիրայր Ասլանեանցի ղեկավարութեամբ միացեալ երգչախումբի մը նախաձեռնութիւնը։ Վերջապէս կարելի է ըսել, թէ այդ օրերուն Պոլսոյ երաժշտական բեմերը ողողուած էին Կոմիտասեան շունչով մը։
Իսկ այժմ՝ երբ կը տիրէր համատարած թուլացում մը բոլոր տեսակի մշակութային նախաձեռնութիւններու հանդէպ, արդեօք Պոլիս եւս պիտի յաջողէ՞ր իր հետ կապուած ակնկալութիւնները արդարացնելու։ Փաստացիօրէն կարելի է ըսել այ՛ո։ Պոլիսը կայ կը պահէ իր աւանդոյթները եւ տակաւին ի զօրու է շատերու նախանձը գրգռելու աստիճան բարձրորակ միջոցառումներ յղանալ։ այս առումով փաստ մըն էր, որ կը կատարուէր 7 Հոկտեմբերի երեկոյեան Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյ համերգասրահին մէջ։ Արդէն ազդանշան մըն էր այն իրողութիւնը թէ, համերգի տոմսերը սպառած էին շատ կարճ ժամանակի ընթացքին։ Շատեր իրարանցումի մէջ կը փորձէին տոմսակ ճարել եւ ձեռնունայն կը մնային։ Խոստովանինք որ մեր համայնքը սովոր չէ նման ուշադրութեան։ Արդարեւ անսովորի պարզումը տեղի ունեցաւ, երբ հասանք համերգասրահ։ Իսկոյն նկատեցինք թէ հանդիսատեսի կարեւոր մէկ համեմատութիւնը ոչ հայերէ կը բաղկանար։ Թէեւ այնտեղ կային դէմքեր, որոնց հայ հանդիսատեսը հանդիպած է ուրիշ միջոցառումներու ընթացքին ալ։ Բայց այս անգամ գերազանցող պատկեր մը կը տիրէր եւ բազմութիւն ժողովուրդ եկած էր ըմբոշխնելու, այն մեծ տաղանդին վաստակը, որ իրականութեան մէջ խիստ հարազատ է իրեն, բայց ինք մինչեւ մօտ անցեալ անտեղեակ մնացած է այդ տաղանդի գոյութենէն իսկ։
Երեւոյթը տարօրինակ կը թուէր նաեւ արտասահմանէն ժամանած արուեստագէտներու եւ ունկնդիրներու համար։ Զարմանալով կը փորձէին հասկնալ, թէ հայ չեղողներ ինչու համար այսքան մեծ արժէք եւ ուշադրութիւն կը սեւեռեն վարդապետի հանդէպ։ Բոլոր այս հարցումներուն պատասխանը թաքնուած է միջոցառման կազմակերպիչներու ետին։ Գլխաւորաբար «Անատոլու Քիւլթիւր» ընկերութեան նախաձեռնութիւնն էր այս, որուն հետ համագործակցած էին «Քալան Միւզիք» եւ «Կորքի» հիմնարկները։ Գերմանիոյ Պոլսոյ դեսպանատունը եւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը հովանաւորած էր այս աշխատութիւնը եւ հիմա բեմի վրայ իրարայաջորդ պիտի տողանցէին տարբեր երկիրներէ եկած բազմաթիւ արուեստագէտներ եւ անոնց հասարակական եզրը պիտի կազմէր Կոմիտասի աշխարհը։
Դահլիճին մէջ ներկայ էին Պատրիարքական տեղապահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Արամ արք. Աթէշեան, Հայ կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր գերապայծառ Լեւոն Զէքիեան, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ Իսթանպուլի հիւպատոսները, ՀՏՓ կուսակցութեան Տիյարպեքիրի պատգամաւոր Կարօ Փայլան եւ ՃՀՓ կուսակցութեան Իսթանպուլի պատգամաւոր Սեզկին Թանրըքուլու։
Սրահի մուտքին սեղաններու վրայ կը ծանօթացուէր երկու նոր հրատարակութիւններ, երկուքն ալ Կոմիտաս վարդապետի վաստակին ձօնուած։ Այդ գիրքերէն առաջինն էր «Փրկիչ» հրատարակչատան մատենաշարէն լոյս տեսած «Կոմիտաս վարդապետի գերմաներէն երգերը» հատորը։ Կոմիտասագէտ Տիրան Լոքմակէօզեանի երկարատեւ ուսումնասիրութիւններով արխիւային ձեռագիրերու վերծանումով լոյս տեսած վարդապետի գերմաներէն երգերը անշուշտ, որ յայտնութիւն մըն են Կոմիտասի բոլոր երկրպագուներուն համար։
Երկրորդ գիրքը տպուած էր «Պիր Զամանլար» հրատարակչատան կողմէ եւ կը կրէր երկու կոմիտասագէտներու՝ Մելիսա Պիլալի եւ Պուրճու Եըլտըզի ստորագրութիւնը։
Համերգի առաջին կատարումները ներկայացուցին Լուսաւորիչ մանկապատանեկան երգչախումբի երգիչ, երգչուհիները Հրանդ Չիզմէճիեանի մականին ներքեւ։ Երգչախումբին կ՚ընկերակցէր Փարիզի «Քոլեքթիվ Մեծ Պազար» համոյթի մենակատար Սեւանա Չաքէրեան։ Երգչախումբը կատարեց «Վայ կիտի պլպուլըս» եւ «Ինչո՞ւ Պինկէօլը մտար»։ Այս հատուածին մէջ ափսոս որ խումբը ապրեցաւ հայերէնի նուազ տիրապետելէ ծագած խնդիրներ։ Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի հնչիւնաբանական թերացումին հետեւանքով երգի բառերը անճանաչելի դարձան, երբ «Վայ կիտի պլպուլըս»ը մեր մանկանց շրթներուն կը դառնար «Վայ գիթի փլփուլըս»ի։ Եւ նմանապէս «Պինկէօլ»ն ալ կը վերածուէր «Փինկէօլ»։ Երկրորդ բեմ բարձրացողն էր օփէրայի մեներգչուհի գերմանաբնակ Փերվին Չաքար, որ Իքլիմ Թամքանի դաշնամուրի ընկերակցութեամբ կատարեց Կոմիտասեան «Հով առէք»ը անթերի առոգանութեամբ։
Ապա դաշնամուրի կողքին այս անգամ Էրթան Թեքին ալ տուտուկով մասնակցեցաւ համբաւաւոր երգչուհիին, որ գերազանց յաջողութեամբ կատարեց քրտերէն աշուղական եղանակ մը «Տեւրեշէ Էտի»։
Հիւր արուեստագէտներու կարգին էր Ամերիկահայ աշխարհահռչակ ուտահար Արա Տինքչիեան։ Տինքչիեան Արի Հերկելի կիթարի ընկերակցութեամբ բեմ ելաւ իր կողքին ունենալով Մեթեհան Տատա։ Տենիզ Իպրահիմօղլու, Էտա Պերքէր եւ Ասլըհան Փարլաքէ բաղկացող քառաձայն քառեակը։ Անոնք ալ մեկնաբանեցին վարդապետի «Ալակէօզ աչերդ», «Չինար ես» եւ «Էջմիածնի պար» ստեղծագործութիւնները։ Այս կատարումներէն ետք Արա Տինքչիեան եւ Էրթան Թեքին շարունակեցին բեմին վրայ մնալ նուագակցելու համար Այթեքին Աթաշ, Պուրճու Եըլտըզ եւ Շեվվալ Սամի։
Վերեւ նշած էինք կոմիտասագէտ Պուրճու Եըլտըզը, որ մեր երաժշտական ապրումներուն մէջ կարեւոր հետք թողած է «Երգարան» ալպոմի միջոցաւ։ Եւ ահա այս համերգը դարձեալ յարմար առիթ էր, որ հնչէին «Երգարան»ի մէջ տեղ գտած կոմիտասեան մեղեդիներ, ինչպէս Այթեքին Աթաշի կատարումով եւ քրտերէն լեզուով «Սէյրան»ը։ Պուրճու Եըլտըզի կատարումով եւ Կիլիկիայի ողբերգական պատմութիւնը ցոլացնող թրքերէն «Այ աչըլսա» եւ Շեվվալ Սամի կատարումով ալ «Այ տողար պետիր Ալլահ» երգերը։
Անշուշտ թէ հիւր արուեստագէտները եւ թէ հիւր հանդիսականները բաւականին զարմանքի մատնուած էին լսելով Կոմիտասի ոչ հայերէն ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։
Համերգի առաջին մասի վերջին կատարումները իրականացնելու համար բեմ բարձրացաւ «Ոմանք» երաժշտական խումբը, որ գերազանց յաջողութեամբ ներկայացուց «Քելէ քելէ» եւ «Հոյ Նար» երգերը։ Մենակատար Լարա Նարին իր այս ելոյթով գերազանցեց նախորդ բոլոր կատարումները եւ բարձրացաւ հպարտ բարձունքի մը վրայ յատուկ փայլ մը բերելով համերգին։
Միջոցառման երկրորդ հատուածին մէջ առաջին ելոյթ ունեցողն էր Իսթանպուլի օփերայի մենակատարներէն Գէորգ Դաւիթեան։ Դաւիթեան դաշնակահար Լեւոն Էրոյեանի ընկերակցութեամբ կատարեց Կոմիտասեան գլուխգործոց մը համարուած «Կրունկ»ը եւ «Ծիրանի Ծառ»ը։
Հանրածանօթ քիւրտ երգչուհի Այնուր Տողան եւս ընտրած էր Կոմիտասի հանրածանօթ երգերէն նմոյշներ՝ ինչպիսին են «Հոյ Նազան»ին եւ «Ալ այլուղս»։ Այս վերջինը իբրեւ ժողովրդական երգ յաճախ կ՚երգուի նաեւ քրտերէնով։ Արդարեւ Այնուր Տողան ալ այս երգը ներկայացուց երկու լեզուական տարբերակով՝ հայերէն եւ քրտերէնով։ Այնուրի ընկերակցելու համար անգամ մը եւս բեմ ելած էր ուտահար Արա Տինքչիեան։
Օրուան փայլը աւելցնող կարեւոր մասնակցութիւն մըն էր Թենի Աբելեան, Անայիս Թեքերեան եւ Երազ Մարգարեանէ բաղկացող «Զուլալ» եռեակը։ Անոնք ալ մեկնաբանեցին «Անցրեւ եկաւ շաղալեն», «Նուպար», «Գելեր ձորեր», «Ճօճան», «Շողեր ճան» եւ «Զինչ ուզինչ» երգերը։ Կարելի է ըսել թէ բոլոր արուեստագէտները յաջողեցան հանդիսատեսի ջերմ գնահատանքին, բայց կ՚երեւի թէ Իսթանպուլի մէջ Կոմիտաս վարդապետի յիշատակման ձօնուած այս խիստ խորհրդանշական համերգի ամենացայտուն պատկերը պիտի ներկայացնէր հինգ երիտասարդ նուագածուներէ բաղկացած «Գողթ» համոյթը, որ արտակարգ տօնական մթնոլորտի մէջ միջոցառումը բերաւ աւարտին։
Շատ բան կայ այս համերգի հետ կապուած, որոնք արժանի են երկար դրուատիքի։ Սակայն «Գողթ»ը յաջողեցաւ բացառիկը ինչո՞ւ չէ նոյնիսկ անհաւատալին իրականացնել։ Այս պահուն ես բնականաբար պիտի դժուարանամ ընթերցողին նկարագրել, այն երաժշտական հնչականութիւնը, որ «Գողթ»ի տղաներէն Հայկ Կարապետեան զուռնայով եւ Նարեկ Գասպարեան թաւջութակով կազմած երկխօսութիւնով մատուցեցին սրահին։ Ստեղնաշարի վրայ Արման Փեշտեմալճեան, հարուածային գործիքներով Ստեփան Տէր- Ղեւոնդեան եւ թառով Զարէ Գալստեան կը համակէին «Գողթ» նուագախումբը, որ չափազանցած չենք ըլլար, եթէ ըսենք բոցավառեց դահլիճը։
Օրուայ հանդիսավարն էր ծանօթ դերասանուհի Թիլպէ Սարան։ Ան համերգի աւարտին շնորհակալութեան խօսք ուղղեց այս նախաձեռնութեան բոլոր մասնակիցներուն, սատարողներուն, կազմակերպիչներուն եւ յատկապէս ալ միտքը յղացող… եւ չի կրցաւ աւարտել իր խօսքը։ Այդ պահուն ամբողջ դահլիճը գիտէր թէ այս բացառիկ միջոցառումը ո՞վ յղացած է, նախորդ տարիներուն ո՞վ գլխաւորած է նման բնոյթի անցեալի միջոցառումները։ Ծափահարութիւններու տարափին մէջ բեմին վրայ ցոլաց Օսման Քաւալայի նկարը, ազատութեան մաղթանքով։ Չէ որ համերգին յաջորդ օրը՝ 8 Հոկտեմբերին Սիլիվրիի արգելանոցին մէջ պիտի կայանար «Կեզի» զբօսայգիի դէպքերու դատավարութիւնը, որուն միակ բանտարկուած մեղադրեալն է Օսման Քաւալա։
Ամբողջ դահլիճը ոտքի կանգնած անընդհատ ծափահարութիւններով կ՚ողջունէր Օսման Քաւալան, գիտնալով, զգալով եւ զգացնելով թէ այս պոռթկումը ողջունի կողքին զօրակցութիւն է եւ բողոք անարդարութեան դէմ։