Հասկցողին Մին, Չհասկցողին՝ Հազար Ու Մին

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

narekian2000@yahoo.com

Նախաձեռնարկ մար­­մի­­­նը ոչինչ կրցաւ նա­­խաձեռ­­նել փաս­­տօ­­­րէն։ Եթէ ան­­շուշտ նա­­խաձեռ­­նութիւն մը չնկա­­տուի այն ընտրու­­թիւնը, որ 3 թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րով պի­­տի իրա­­կանա­­նայ, հա­­կառակ 12-ի։ Ան­­կասկած մեծ յա­­ջողու­­թիւն մըն է ասի­­կա, դիւ­­րին չէ վեր­­ջա­­­պէս 12-ը կո­­տորա­­կել եւ հասցնել 3-ի։ Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղան հա­­ւանա­­բար յա­­ռաջի­­կայ ընտրու­­թեան դի­­մէ Նա­­խաձեռ­­նարկ մար­­մի­­­նի օժան­­դա­­­կու­­թեան՝ իր հա­­ւանա­­կան մրցա­­կից­­նե­­­րուն քա­­նակը նո­­ւազեց­­նե­­­լու հա­­մար։

Ան­­ցեալ եր­­կու շա­­բաթ­­նե­­­րուն քա­­նի մը ան­­գամ գրե­­ցինք այս նիւ­­թին շուրջ, ջա­­նալով ման­­րա­­­մասն, պատ­­մա­­­կան փաս­­տե­­­րով, ինչպէս նաեւ ան­­ցեալի ըն­­կա­­­լումնե­­րուն լոյ­­սին տակ բա­­ցատ­­րել, պատ­­մել, թէ ինչ կը նշա­­նակէ «պատ­­րիար­­քութեան յատ­­կա­­­ցեալ եպիս­­կո­­­պոսաց դաս» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը։ Գրե­­ցինք նաեւ 1990-ին հան­­գուցեալ Սար­­գիս Ճի­­նօղ­­լո­­­ւի գլխա­­ւորած Նա­­խաձեռ­­նարկ մար­­մի­­­նին՝ կու­­սա­­­կալու­­թե­­­նէն հա­­սած կա­­նոնագ­­րութեան դէմ կա­­տարած բո­­ղոքին մա­­սին։ Այս բո­­լորը թրքե­­րէնով էին, քա­­նի որ մտա­­ծեցինք, որ նա­­խաձեռ­­նարկնե­­րը կամ զի­­րենք այդ պաշ­­տօ­­­նին կո­­չած թա­­ղական­­նե­­­րը, ին­­չո՞ւ չէ նաեւ հո­­գեւո­­րական­­նե­­­րէն ոմանք, հա­­յերէն կար­­դա­­­լու վար­­ժութիւն չու­­նե­­­նալ­­նուն՝ թրքե­­րէնով աւե­­լի դիւ­­րին կ՚ըլ­­լայ իրենց հաս­­նիլ, բա­­ներ մը բա­­ցատ­­րել, պատ­­մել, ոգեշնչել, զօ­­րակ­­ցիլ իրենց։ Քա­­նի որ են­­թադրած էինք, որ նա­­խարա­­րու­­թե­­­նէն հա­­սած ընտրա­­կան կա­­նոնագ­­րութեան խնդրոյ առար­­կայ յօ­­դուա­­ծը ան­­ցանկա­­լի պա­­լար մըն է, որ­­մէ իրենք եւս պի­­տի ու­­զէին ազա­­տիլ։ Ան­­ցած օրե­­րը ցոյց տո­­ւին, որ մեր են­­թադրու­­թիւնը սխալ է եւ իրենց ու­­զածն ալ ի սկզբա­­նէ ճի՛շդ ասի­­կա եղած է ար­­դէն։ Այ­­սինքն, ընտրու­­թիւնը կա­­յաց­­նել Պո­­լիս բնա­­կող եր­­կու եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րուն մաս­­նակցու­­թեամբ. իրենց հո­­գը ան­­գամ չէ եղած ան­­ցեալին ձեռք բե­­րուած իրա­­ւունքնե­­րը։ Ոմանց անձնա­­կան հա­­շիւ­­նե­­­րը, ան­­հա­­­տական դիր­­քի պահ­­պա­­­նու­­թիւնը գե­­րակայ շահ եղած է, քան հա­­մայնքին դա­­րաւոր իրա­­ւունքնե­­րը։ Հե­­տեւա­­բար, թրքե­­րէն ալ գրո­­ւի, հա­­յերէն ալ գրո­­ւի՝ նոյնն է. ինչպէս կ՚ըսէ հայ­­կա­­­կան առա­­ծը՝ հասկցո­­ղին մին ասա, չհասկցո­­ղին՝ հա­­զար ու մին։

Անոնք, որոնք հա­­մայնքի ու պատ­­րիար­­քութեան իրա­­ւունքնե­­րուն պահ­­պանման հա­­մար կը պայ­­քա­­­րէին ու պա­­տաս­­խա­­­նատու­­նե­­­րուն կը թե­­լադ­­րէին ընդդի­­մանալ ներ­­կա­­­յացո­­ւած ընտրա­­կան կա­­նոնագ­­րութեան, որե­­ւէ թեկ­­նա­­­ծուի անու­­նով հան­­դէս չէին եկած տա­­կաւին, թէեւ ամէն ինչ հա­­լած իւ­­ղի պէս ըն­­դունե­­լու մի­­տում ու­­նե­­­ցող­­ներն ու անոնք, որոնք եր­­բեք չեն կրնար իրա­­ւունքի պայ­­քար մը պատ­­կե­­­րաց­­նել եւ անձ մը ամէ՛ն ինչ է իրենց հա­­մար՝ պա­­հան­­ջա­­­տէր հա­­մայնքա­­յին­­նե­­­րը կը հա­­մարէին Սե­­պուհ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսին կողմնա­­կից­­նե­­­րը։

Ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նի թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րուն բե­­րուած ար­­գելքը հան­­րութեան մօտ նոյ­­նա­­­ցաւ Սե­­պուհ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսի թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը խո­­չըն­­դո­­­տելու հետ։ Մե՛ծ մա­­սամբ… Ար­­դէն իրա­­ւունքի կապ­­տումին հա­­ւանու­­թիւն յայտնած, նոյ­­նիսկ այդ ուղղու­­թեամբ պատ­­կան մար­­միննե­­րուն հետ աշ­­խա­­­տակ­­ցած ան­­ձեր, որոնք զի­­րենք քօ­­ղար­­կե­­­լու գո­­նէ խորհրդա­­պահա­­կան դոյզն ջանք մը իսկ չը­­րին այս ըն­­թացքին, չծած­­կե­­­ցին ալ իրենց այս նպա­­տակը։ Դժբախ­­տա­­­բար գի­­տենք նաեւ այս ան­­ձե­­­րուն նա­­խընտրու­­թիւնը յա­­ռաջի­­կայ ընտրու­­թեան ժա­­մանակ։ Անոնց զօ­­րակ­­ցած եպիս­­կո­­­պոսն ալ իր լռու­­թեամբ կար­­ծես հա­­ւանու­­թիւն յայտնած է հա­­մակիր­­նե­­­րու այս գոր­­ծունէու­­թեան։

Բայց այդպէս ալ չհասկցանք, թէ ին­­չո՛ւ այսքան յա­­մառ պայ­­քար մը մղե­­ցին անոնք Սե­­պուհ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսի թեկ­­նա­­­ծու­­թեան դէմ։ Ի՞նչ նկա­­տումնե­­րով կ՚առաջ­­նորդո­­ւէին։ Կ՚ըսո­­ւէր, թէ հա­­մայնքը չի ճանչնար Սե­­պուհ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսը։ Լա՛ւ, իսկ դո՞ւք. իր թեկ­­նա­­­ծու­­թե­­­նէն իսկ ան­­հանգիստ ըլ­­լա­­­լու աս­­տի­­­ճան լա՞ւ ճանչցած էիք զին­­քը։ Կ՚ըսէին, թէ «պե­­տու­­թեան հա­­մար ան­­ցանկա­­լի» անուն մըն է Սե­­պուհ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսը։ Լա՛ւ, եթէ այդպէս էր իրա­­պէս, ին­­չո՞ւ կ՚ար­­գի­­­լէիք իր թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը ար­­տա­­­սահ­­մա­­­նէ եպիս­­կո­­­պոս­­նե­­­րուն մաս­­նակցու­­թիւնը ար­­գի­­­լող յօ­­դուած մը դնել տա­­լով կա­­նոնադ­­րութեան մէջ, ուր ար­­դէն «պե­­տու­­թեան վստա­­հու­­թեան չար­­ժա­­­նացա­­ծ» թեկ­­նա­­­ծու­­նե­­­րը ի սկզբա­­նէ պի­­տի դադ­­րէին ընտրե­­լի ըլ­­լա­­­լէ։ Եւ յե­­տոյ ինչպէ՞ս վստահ կրնա­­յիք ըլ­­լալ թեկ­­նա­­­ծուի մը յաղ­­թա­­­նակին։ Ահա՚ այս պատ­­ճա­­­ռով է որ կ՚ըսենք. ձեր անձնա­­կան վա­­խերը, ձեր ճղճիմ ու գձուձ հա­­շիւ­­նե­­­րը պատ­­ճառ դար­­ձան, որ տաս­­նա­­­մեակ­­նե­­­րու մեր իրա­­ւական նո­­ւաճումնե­­րը ջնջո­­ւին այնպի­­սի իշ­­խա­­­նու­­թեան մը օրօք, որ կը յա­­ւակ­­նի կրօ­­նական ազա­­տու­­թիւններ շնոր­­հած ըլ­­լալ փոք­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րուն։

Եղա­­ծը կար­­ծես թէ եղած է ա՛լ եւ յետ­­դարձ մը չու­­նինք։ Այս պայ­­մաննե­­րով կա­­տարե­­լի ընտրու­­թիւնն ու ընտրու­­թեան ար­­դիւնքը կաս­­կա­­­ծելի պի­­տի ըլ­­լան։ Բազ­­մա­­­թիւ մար­­դիկ ար­­դէն իսկ, իրա­­ւացիօրէ՛ն, կը յայտնեն, թէ պի­­տի չքուէար­­կեն։ Պատ­­րիար­­քը, որ պի­­տի ընտրո­­ւի դեկ­­տեմբե­­րին ու պի­­տի գա­­հակա­­լէ չես գի­­տեր երբ, միշտ պի­­տի զգայ իր հո­­գիին խոր­­քը, թէ ինք կաս­­կա­­­ծելի պայ­­մաննե­­րու տակ բազ­­մած է այդ գա­­հուն եւ եր­­բեք պի­­տի չկրնայ հան­­գիստ շար­­ժիլ հոն, պի­­տի չար­­ժա­­­նանայ հան­­րութեան բո­­լոր խա­­ւերուն վստա­­հու­­թեան ու զօ­­րակ­­ցութեան։ Բո­­լոր անոնք, որոնք պա­­տաս­­խա­­­նատուն են այս պատ­­կե­­­րին, գի­­տակից են այս բո­­լորին վստա­­հաբար։

Վեր­­ջացնե­­լէ առաջ պէտք է նշել, թէ ոմանց բե­­մադ­­րել ու­­զած այս խեղ­­կա­­­տակու­­թիւնը միայն մէկ թեկ­­նա­­­ծու կրնայ տակ­­նուվրայ ընել՝ Գա­­րեգին ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Պէք­­ճեանը։ Պատ­­րիար­­քա­­­կան ընտրու­­թեան կա­­նոնադ­­րութեան խնդրա­­յարոյց յօ­­դուա­­ծը հոն դնել տո­­ւած ան­­ձե­­­րը հա­­ւանա­­բար իրենց միտ­­քե­­­րուն մէջ ջնջած են Գա­­րեգին ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսին անու­­նը։ Պատ­­ճա­­­ռը միայն տա­­րիքը ըլ­­լա­­­լու չէ հա­­ւանա­­բար. այդ շրջա­­նակ­­նե­­­րը, անե­­րեսա­­բար, վստահ են, որ Գա­­րեգին ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսի տե­­ղապա­­հու­­թեան ամի­­սներուն անոր նկատ­­մամբ իրենց ցու­­ցա­­­բերած վե­­րաբեր­­մունքը, որու խորհրդան­­շա­­­նը ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսին առ­­ջեւ Մայր եկե­­ղեց­­ւոյ դու­­ռը պա­­րանով մը փա­­կելն էր, զին­­քը ետ պի­­տի պա­­հէ Պո­­լիս վե­­րադառ­­նա­­­լէ։ Գա­­րեգին ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսը տա­­կաւին իր որո­­շու­­մը յայտնած չէ, հե­­տեւա­­բար մենք ալ գու­­շա­­­կու­­թիւններ չը­­նենք։ Սա­­կայն կը փա­­փաքինք որ Գա­­րեգին ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոսը իր թեկ­­նա­­­ծու­­թիւնը ետ չքա­­շէ եւ դառ­­նայ այ­­լընտան­­քա­­­յին թեկ­­նա­­­ծու մը բո­­լոր անոնց հա­­մար, որոնք յու­­սա­­­հատած եւ յոգ­­նած կը թո­­ւին ըլ­­լալ բո­­լոր կա­­տարո­­ւած­­նե­­­րէն, բե­­մադ­­րո­­­ւած խեղկատակութենէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ