Սուրիոյ հայերը ինչպէս անցեալին այսօր ալ կը սիրեն Էսատը

Սուրիացի հայ լրագրող Սարգիս Քասարճեան նախորդ շաբաթ Իսթանպուլի մէջ կայացած եւ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած բանախօսութեան մասնակցելու համար այցելած էր քաղաքս։ Այս առթիւ իր հետ զրուցեցինք Սուրիոյ հայ համայնքի այժմու վիճակին, տարածաշրջանի նոր հաւասարակշռութիւններուն եւ զանազանութիւններու շուրջ։

ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ

 

Նախ ծա­նօթա­նանք ձեզ հետ։ Տա­մաս­կոս կ՚ապ­րիք եւ ազատ լրագ­րո­ղու­թեամբ կը զբա­ղուիք։

Ճիշդ է։ Հա­լէպ­ցի եմ։ Ծնած եմ 1980-ին Հա­լէպի մէջ։ Հայրս ալ հա­լէպ­ցի է, իսկ մայրս Ռաք­քա­յի կող­մե­րէն։ Նախ­նա­կան ու­սումս ստա­ցած եմ Զա­ւարեան վար­ժա­րանի մէջ։ Լի­սէն աւար­տե­լով յա­ճախե­ցի իրաւաբանական դպրոց։ Հա­մալ­սա­րանի ու­սումս կի­սատ թո­ղած եմ, որ­պէսզի կա­րողա­նամ բա­նակի պար­տա­դիր ծա­ռայու­թիւնը աւար­տել։ Իսկ ծա­ռայու­թե­նէն վե­րադար­ձին այ­լեւս կա­րելի չե­ղաւ հա­մալ­սա­րան յա­ճախել։ Լրագ­րո­ղու­թեան աս­պա­րէզի առա­ջին փոր­ձե­րը կա­տարած եմ Հա­լէպի Գան­ձա­սար թեր­թի մէջ։ Ապա աշ­խա­տակ­ցե­ցայ արա­բական մա­մու­լին։ Սու­րիոյ ներ­քին պա­տերազ­մի ծա­գած օրե­րուն կ՚աշ­խա­տակ­ցէի ֆրան­սա­կան լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան՝ ԱՖՓ-ին։ Բնա­կանա­բար մե­տիայի ու­շադրու­թիւնը ուղղո­ւած էր պա­տերազ­մին ու ես ալ սկսայ տա­րած­քի վրայ լու­րեր խմբագ­րել։ Մա­նաւանդ Թուրքիոյ վե­րաբե­րեալ նիւ­թե­րով ծան­րա­բեռ­նո­ւած էի։ Որե­ւէ քա­ղաքա­կան են­թարկո­ւածու­թիւն մը չեմ ու­նե­ցած։ Հե­տեւա­բար իմ մեկ­նա­բանու­թիւններն ալ ամ­բողջո­վին հե­ռու են կու­սակցա­կան, կամ գա­ղափա­րախօ­սական նա­խապա­շար­նե­րէ։

 

Դուք թրքե­րէնի ալ կը տի­րապե­տէք։ Կար­ծեմ ըն­տա­նիքի ար­մատնե­րը այս հո­ղերէն սե­րած ըլ­լան։

Հօրս հայրն ու մայ­րը Մա­րաշէն գաղ­թած են։ Մեծ մայրս եւ մեծ հայրս 1915-ին շատ փոքր տա­րիքի եղած են եւ տա­րագիր­նե­րու կա­րաւա­նին հետ Մա­րաշէն հա­սած են այս կող­մե­րը։ Իսկ մօրս կող­մը Ուրֆա­ցի են։ Մօ­րենա­կան կող­մէ մեծ մօրս եւ մեծ հօրս գիւ­ղը հա­յախօս եղած են։ Թրքե­րէն չէին գի­տեր։ Իսկ հօ­րենա­կան կողմս թրքա­խօս էին, որոնց շնոր­հիւ իմ ականջս ալ լեցո­ւած է թրքե­րէնով։ Գոր­ծօն մը եւս կայ, այդ տա­րինե­րուն շա­տեր կը հե­տեւէին թրքա­կան հե­ռուստա­կայան­նե­րու հա­ղոր­դումնե­րուն։ Որոշ տա­րիքէ մը ետք ես ալ կա­րիքը զգա­ցի աւե­լի զար­գա­ցած թրքե­րէնի մը տի­րապե­տելու։ Յա­ճախե­ցի թրքե­րէնի դա­սըն­թացքնե­րուն։ Այ­սօր իմ ամե­նօրեայ զբա­ղումնե­րը կը սկսի թրքե­րէն լու­րե­րը հե­տապնդե­լով։

 

Ու­րեմն քիչ մըն ալ խօ­սինք Սու­րիոյ, մա­նաւանդ ալ Հա­լէպի մա­սին։

Ափ­սոս որ մեր ձեռ­քին չու­նինք թո­ւային տո­ւեալ­ներ։ Սա­կայն կրնամ ըսել, թէ Հա­լէպի հա­յու­թիւնը նո­ւազած է եւ հա­սած նախ­կին բնակ­չութեան մէկ քա­ռոր­դին միայն։ Պա­տերազ­մէն ամե­նածանր տու­ժող քա­ղաքը Հա­լէպը եղաւ։ Ու­րեմն կա­րելի է պատ­կե­րաց­նել, թէ կեան­քը ինչքան դժո­ւար է իրենց հա­մար։ Մեծ գաղթ ապ­րո­ւեցաւ Հա­լէպէն դէ­պի ու­րիշ եր­կիրներ։ Ոմանք գա­ցին Լի­բանան, ոմանք Հա­յաս­տան եւ ու­րիշներ ալ Եւ­րո­պա կամ Գա­նատա։ Սա երե­ւոյթն ալ կա­րեւոր է, Հա­լէպի հա­յու­թեան մե­ծամաս­նութիւ­նը ար­հեստա­ւոր­ներ են։ Անոնց բնա­կարան­նե­րուն կամ ար­հեստա­նոց­նե­րու գտնո­ւած թա­ղամա­սերն ալ ծան­րօ­րէն վնա­սուե­ցան ռմբա­կոծումնե­րու հե­տեւան­քով։ Այս ալ ար­տա­գաղ­թը խթա­նող գոր­ծօն մըն է։

Ոմանք ալ Աս­տուծոյ գթու­թեան ապա­ւինե­լով որո­շեցին Հա­լէպ մնալ։ Հա­յաբ­նակ Նոր գիւղ թա­ղամա­սը ըն­դա­մէնը 200 մեթր հե­ռու էր շփման գի­ծէն։ Ամէն օր թնդա­նօթաձ­գութիւն կը կա­տարուէր։ Սուլթան Մու­րա­տի ջո­կատ­ներն էին այնտեղ պա­տերազ­մողնե­րը։ Օգ­նութիւն կը ստա­նային Թուրքիայէն։ այս ըսո­ղը ես չեմ, այլ ուղղա­կի թրքա­կան աղ­բիւրնե­րը։ Այսպէ­սով Հա­լէպ բա­ւական ծանր օրեր ապ­րե­ցաւ։ Լա­թաքիա այս պայ­մաննե­րու մէջ բա­ւական գաղ­թա­կան ստա­ցաւ։ Քե­սապի հա­յերն ալ գաղ­թե­ցին մա­նաւանդ Ույկու­րա­կան միաւո­րումնե­րու այդ աւա­նը ար­շա­ւելէն ետք։ Անոնք դուրսէն եկած ճի­հատա­կան­ներ էին։ Տա­մաս­կո­սի հա­յերու վի­ճակը հա­մեմա­տաբար աւե­լի լաւ էր։ Հոն քա­ղաքի կեդ­րո­նական հա­տուա­ծի մէջ շատ մեծ աւեր չե­ղաւ։ Հայ­կա­կան դպրո­ցը վնա­սուե­ցաւ, որով­հե­տեւ կեդ­րո­նէն հե­ռու էր։ Բո­լոր այս պատ­ճառնե­րով Տա­մաս­կո­սի հա­յերը աւե­լի նո­ւազ գաղ­թե­ցին, բայց միւս կող­մէ գի­տենք, որ Տա­մաս­կոս հայ բնակ­չութեան առու­մով երկրոր­դա­կան է բաղ­դատմամբ Հա­լէպի։ Սա պա­հուն են­թադրա­բար կը կար­ծեմ, թէ Հա­լէպի մէջ 15 հա­զար հայ մնա­ցած է։ Պա­տերազ­մի նա­խոր­դող տա­րինե­րուն այդ թի­ւը կը գե­րազան­ցէր 100 հա­զարը, նոյ­նիսկ կը մօ­տենար 150 հա­զարի։ Դպրոց­նե­րը եւ եկե­ղեցի­ները բաց են։ Թէեւ պա­տերազ­մէն առաջ ու­նէինք աւե­լի քան 10 նա­խակրթա­րան­ներ, որոնցմէ հա­զիւ կէ­սը կը գոր­ծէն այ­սօր։ Առաջ­նորդա­նիստ Քա­ռասուն Մա­նուկ եկե­ղեցին թէեւ վնա­սուե­ցաւ, բայց ապա նո­րոգո­ւեցաւ եւ այ­սօր կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծել։ Իսկ Սուրբ Գէոր­գը փակ է, քա­նի որ ան բո­լորո­վին փլած է։

 

Իսկ ի՞նչ է Սու­րիոյ այժմու քա­ղաքա­կան վի­ճակը։

Գի­տենք որ ԱՔՓ քա­ղաքա­կանա­ցուած իս­լա­մի գոր­ծադրիչ ուժն է։ Առա­ջին օրէն սկսեալ Սու­րիոյ մէջ ալ կը փոր­ձէ իր գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը տա­րածել։ Կ՚ու­զէ ընդլայ­նել Իհ­վա­նի, այ­սինքն մուսլու­ման եղ­բայրնե­րու ազ­դե­ցու­թեան տա­րած­քը։ Իսկ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը որ­դեգրած են լաիքու­թեան հա­մակար­գը։ Չեն թո­ղուր, որ կրօն­քը թա­փան­ցէ քա­ղաքական դաշտին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ