ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Երբ թուրքիոյ հայութեան օրակարգի գլխաւոր եւ առաջնակարգ նիւթն է 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը հետզհետէ ամբողջ հայաշխարհ ալ լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի անցուդարձներուն։
Սեպուհ սրբազան Չուլճեան, որ ընդհանրապէս կը խուսափի դիւրիմացութիւններու տեղի տալիք յայտարարութիւններ ունենալէ այս անգամ յստակօրէն ըսաւ է խնդիրը հետզհետէ մտած է շատ կարեւոր հանգրուանի մը, որ կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ եւ սխալ կողմնորոշումներու հետեւանքով նոյնիսկ կրնայ սասանիլ աթոռը։ Միւս կողմէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնինն մամուլի դիւանի ղեկավար Վահրամ քահանայ Մելիքեան բաժնեց նման մտահոգութիւնները. «Մայր Աթոռը տեղեկացաւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին պետութեան կողմէ արագուած ընտրութեան կանոնադրութեան մասին։ Կը դիտարկենք թէ սա սահմանափակում է եկեղեցականներու իրաւունքներու հանդէպ։ Իշխանութիւնները պէտք է, որ լսեն պատմական աթոռի եւ համայնքի ձայնը եւ ընդառաջեն հաւատացելոց պահանջին, արտօնելով բոլոր եկեղեցականներուն մասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ ըլլալ թեկնածու»։
Միւս կողմէ նախաձեռնարկ մարմինը կը դժուարանայ վերջին ու վճռակամ որոշում մը կայացնելու եւ առաջադրուած կանոնադրութեան 25-րդ յօդուածի երրորդ կէտին դէմ առարկելու կամ ալ ղրկուած պատճէնը նոյնութեամբ ընդունելու մասին որոշում մը կայացնելու։ Արդարեւ Նախաձեռնարկ մարմինը հրաւէր ուղղեց համայնքային հաստատութիւններուն, այսինքն թաղային խորհուրդներու որպէսզի անոնք եւս մասնակցին 3 Հոկտեմբերի երեկոյեան Պատրիարքարանի դահլիճի մէջ տեղի ունենալիք լայնախարիսխ խորհրդակցական ժողովին։
Անշուշտ Պատրիարքարանը անգամ մը եւ անոր հետ միասին իբրեւ թէ աշխարհականներէ կազմուած Նախաձեռնարկ Մարմինը կը մնայ պահպանողական աւանդութեան մէջ եւ կը խուսափի հասարակութեան աւելի լայն խաւի մը ձայնը ցոլացնող կազմակերպութիւնները լսելէ։
Թրքահայոց համար ճակատագրական եւ Թուրք պետականութեան ստեղծած պատրիարքական աթոռի համար օրհասական ժամանակներ է, որ կ՚ապրինք։
Ցաւալին այն է, որ այս վերջին ժողովն ալ նախորդներուն նման փակ է մամուլին։ Հասարակութեան համար այսքան կարեւոր նշանակութիւն ունեցող նիստի մը փակ դռներու ետին գումարուիլը ակամայ մտածել կու տայ, թէ ժողովականներ համարձակութիւն չունին իրենց խօսքը հանրութեան լսելի դարձնելու առումով։ Երեւոյթ մը՝ որ ծանր կասկածի տակ կը թողու բոլոր ժողովականները գլխաւորութեան նախաձեռնարկ մարմնի ատենապետ Խոսրով Քէօլէդաւիթօղլուի։