Մարաշի մէջ օրինաւոր գանձախոյզութիւն

Հնա­­գէտ Հա­­դիճէ Քը­­լըչաս­­լան պաշ­­տօ­­­նական ար­­տօ­­­նու­­թիւնով պե­­ղումնե­­րու ձեռ­­նարկած է Մա­­րաշի Տուլքա­­տիրօղ­­լու աւա­­նի Իսա­­տիվան­­լը թա­­ղի մէջ։

Հնա­­գէտի ար­­տա­­­յայ­­տութեամբ երեք օր տե­­ւելիք պե­­ղումնե­­րուն պի­­տի հսկեն շրջա­­նի Մշա­­կու­­թա­­­յին հարստու­­թեան պահ­­պանման խոր­­հուրդի պաշ­­տօ­­­նեանե­­րը եւ ոս­­տի­­­կան­­նե­­­րը։ Պե­­ղումնե­­րու հա­­մար կ՚օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ւի ծանր մե­­քենա­­ներ։

«Այս տա­­րած­­քը, թէ հա­­յաբ­­նակ վայր եղած է եւ թէ կը յի­­շուի իբ­­րեւ հրէից թաղ։ Կը կար­­ծենք թէ այստեղ սե­­նեակ­­ներ պի­­տի յայտնա­­բերենք։ Աւե­­լի շատ թեխ­­նի­­­քական սար­­քե­­­րու կա­­րիքը ու­նինք։ Ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րով հաս­­տա­­­տած ենք, թէ այս տա­­րած­­քը նա­­խապէս ապա­­րանք մը եղած է, որուն սե­­նեակ­­նե­­­րէն մէ­­կուն մէջ խիստ հա­­ւանա­­կան է, որ գանձ մը գտնո­­ւի»։

Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարութեան կու­­սակցու­­թեան ասո­­րի պատ­­գա­­­մաւոր Թու­­մա Չե­­լիք նիւ­­թը փո­­խան­­ցած է Խորհրդա­­րանի օրա­­կար­­գին։ Չե­­լիք Մշա­­կոյ­­թի եւ զբօ­­սաշրջու­­թեան նա­­խարար Նու­­րի Էր­­սո­­­յին փո­­խան­­ցեց հե­­տեւեալ հար­­ցումնե­­րը.

Ա- Ի՞նչ տե­­ղեկու­­թիւններ եւ փաս­­տեր ու­­նիք տո­­ւեալ տա­­րած­­քին մէջ գան­­ձի մը գո­­յու­­թեան հա­­մար։

Բ- Բո­­լորո­­վին կատ­­րո­­­ւա՞ծ է գան­­ձա­­­խոյ­­զութեան յա­­տուկ կա­­նոնադ­­րութեան բո­­լոր պայ­­մաննե­­րը։

Գ- Թան­­գա­­­րանի տնօ­­րէնու­­թիւնը թոյլտո­­ւու­­թիւն տրո­­ւա՞ծ է։

Դ- Պե­­ղու­­մի տա­­րած­­քին հա­­ւանա­­կան յայտնո­­ւելիք հնա­­գիտա­­կան կամ մշա­­կու­­թա­­­յին գտա­­ծոնե­­րու հա­­մար կան­­խա­­­միջոց­­ներ ապա­­հովո­­ւա՞ծ են։ Քա­­նի՞ մաս­­նա­­­գէտ կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցի պե­­ղումնե­­րուն։

Ե- Մա­­րաշի Տուլքա­­տիրօղ­­լու գա­­ւառին մէջ գրան­­ցո­­­ւած քա­­նի՞ պատ­­մա­­­կան շի­­նու­­թիւն ու­­նի։ անոնցմէ քա­­նի՞ն եկե­­ղեցի եւ քա­­նի՞ն սի­­նակոկ է։

Զ- Մա­­րաշի մէջ վեր­­ջին հինգ տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին քա­­նի՞ հնու­­թիւն նո­­րոգո­­ւած կամ նո­­րոգու­­թեան ձեռ­­նարկո­­ւած է։

Է- Նա­­խարա­­րու­­թեան տո­­ւեալ­­նե­­­րուն հա­­մաձայն 2014-2018 թո­­ւական­­նե­­­րու մի­­ջեւ 461 գան­­ձա­­­խոյ­­զութիւն գրան­­ցո­­­ւած է։ Այդ պե­­ղումնե­­րու մէջ որե­­ւէ հնու­­թիւն յայտնա­­բերո­­ւա՞ծ է։ Եթէ յայտնա­­բերո­­ւած է անոնց հա­­մար ի՞նչ վճա­­րում կա­­տարո­­ւած է։

Ը- Թուրքիոյ մէջ քա­­նի՞ հո­­գի գանձ փնտռե­­լու ար­­տօ­­­նու­­թիւն ու­­նի։

Թ- Գան­­ձա­­­խոյ­­զութիւ­­նը ար­­գի­­­լելու հա­­մար օրէն­­քի աշ­­խա­­­տու­­թիւն մը ու­­նի՞ք։

Ժ- Ապօ­­րէն գան­­ձա­­­խոյ­­զութիւ­­նը կան­­խե­­­լու հա­­մար որե­­ւէ ծրա­­գիր մը մշա­­կա՞ծ էք։

ԺԱ- Ապօ­­րէն պե­­ղումնե­­րու պատ­­ճա­­­ռաւ վեր­­ջին հինգ տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին քա­­նի՞ հո­­գինե­­րու դէմ հար­­ցաքննու­­թիւն կա­­տարուած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ