Լաւ ծառին բերքը վատ չըլլար

Հարցուցեր են Մեւլանային «Ի՞նչ տարբերութիւն կայ նայելու եւ տեսնելու միջեւ։ Ի՞նչ է սիրել եւ ի՞նչ է սիրահարուիլ»։ Յստակ է իմաստունի պատասխանը. «Քու նայած տեղը բոլորն ալ կը նային, բայց բոլորն ալ կը տեսնե՞ն քու տեսածդ։ Ամէն ոք կրնայ սիրահարուիլ, բայց ամէն ոք քեզ նման կրնա՞յ սիրել։ Ուրեմն տարբերութիւնը դուն ես, դուն ինքդ»։

Իւրաքանչիւր օր կը նայինք բազմաթիւ գեղանկարի կամ լուսանկարի։ Երբեմն պահը կը տեսնենք ու ժամերով կ՚ապրինք այդ պահուն տպաւորութիւնը։ Գեղանկարէն տպաւորուելու համար նայելու կողքին տեսնել ալ պէտք է։ Քուրաթէօր Պայքար Տեմիր նկարներու սիրահարուած արուեստաբան մըն է։

 

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Մենք ձեզ գիտենք Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն բե­­­րած եւ մե­­­զի ծա­­­նօթա­­­ցու­­­ցած նկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու շնոր­­­հիւ։ Ինչպէ՞ս սկսաւ քու­­­րա­­­­­­­թէօրու­­­թիւնը ձեր մօտ։ Այս մա­­­սին ու­­­սում մը ու­­­նի՞ք։

Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի հիմ­­­նա­­­­­­­կան ու­­­սումս գե­­­ղարո­­­ւեստ էր։ Ապա բարձրա­­­գոյն ու­­­սումը եւ տոք­­­թո­­­­­­­րականն ալ ըն­­­թա­­­­­­­ցաւ նոյն ուղղու­­­թեամբ։ Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի առա­­­ջին տա­­­րին սկսայ աշ­­­խա­­­­­­­տիլ նաեւ Նի­­­շան­­­թա­­­­­­­շի մէջ գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի ցու­­­ցասրա­­­հէ մը ներս։ Եր­­­կու տա­­­րի տե­­­ւող այդ աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թեան ըն­­­թացքին օգ­­­նա­­­­­­­կան եղայ զա­­­նազան քու­­­րա­­­­­­­թէօր­­­նե­­­­­­­րու։ Ձե­­­ւով մը հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի տե­­­սական գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րու կող­­­քին ու­­­նե­­­­­­­ցայ գործնա­­­կան փոր­­­ձա­­­­­­­ռու­­­թիւն ալ։ Իմ առա­­­ջին նա­­­խագիծն էր Աշոտ Եանի «Ան­­­յայտ քա­­­ղաքակրթու­­­թիւ­­­­­­­նը» ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը 2013-ին։

 

Ի՞նչ կը նշա­­­նակէ «քու­­­րա­­­­­­­թէօր» եզ­­­րը, կա­­­րելի է ձեզ այդպէս կո­­­չել, եւ աւե­­­լին՝ ուրկէ ծա­­­գած է նման հե­­­տաքրքրու­­­թիւնը։

Այս հաս­­­կա­­­­­­­ցողու­­­թիւնը, բնու­­­թագրման մէջ որոշ ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նա­­­­­­­կան փո­­­փոխու­­­թիւննե­­­րով հան­­­դերձ առա­­­ջին ան­­­գամ ներ­­­կա­­­­­­­յացաւ ԺԸ դա­­­րու վեր­­­ջե­­­­­­­րուն։ Թան­­­գա­­­­­­­րան­­­նե­­­­­­­րու հա­­­ւաքա­­­ծօնե­­­րու ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­մը, ցու­­­ցասրա­­­հի կամ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սի մը կա­­­ռավա­­­րու­­­մը կը կազ­­­մեն քու­­­րա­­­­­­­թէօրու­­­թեան հիմ­­­նա­­­­­­­կան զբա­­­ղու­­­մը։ Եթէ օրի­­­նակ բե­­­րենք ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսնե­­­րէ, յա­­­տուկ նիւ­­­թով մը ցու­­­ցադրու­­­թեան պատ­­­րաստո­­­ւող կա­­­լերին կամ թան­­­գա­­­­­­­րանը կը դի­­­մէ քու­­­րա­­­­­­­թէօրին, եւ նա­­­խաձեռ­­­նութեան ղե­­­կը որոշ սահ­­­մաննե­­­րով կը յանձնէ իրեն։ Այստեղ շեշ­­­տո­­­­­­­ւած «որոշ սահ­­­մա­­­­­­­ներ» ըն­­­կա­­­­­­­լու­­­մը կրնայ տար­­­բե­­­­­­­րիլ մէկ հաս­­­տա­­­­­­­տու­­­թե­­­­­­­նէ միւ­­­սը։ Գոր­­­ծե­­­­­­­րու ընտրու­­­թիւնը, ցու­­­ցադրու­­­թեան ծա­­­նօթագ­­­րումը եւլն. Հիմ­­­նա­­­­­­­կան պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւններն են։ Եր­­­բեմն անոնց վրայ կ՚աւել­­­նայ արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտը տո­ւեալ շու­­­կա­­­­­­­յին ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նե­­­­­­­լու պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւնն ալ։ Այո, ես քու­­­րա­­­­­­­թէօր եւ գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի պատ­­­մութեան մաս­­­նա­­­­­­­գէտ եմ։

Գա­­­լով հե­­­տաքրքրու­­­թեան ծագ­­­ման մա­­­սին հար­­­ցումին,ան սկսած է շատ կա­­­նուխ տա­­­րիք­­­նե­­­­­­­րուս գրա­­­կանու­­­թեան եւ երաժշտու­­­թեան մի­­­ջոցաւ։ Բա­­­ցի այդ, ոս­­­կերչու­­­թեան տաս­­­նա­­­­­­­մեայ փորձ մըն ալ ու­­­նիմ։ Գե­­­ղան­­­կարչու­­­թեան հան­­­դէպ հա­­­կումս 17- 18 տա­­­րեկա­­­նիս սկսաւ։ Միշտ սի­­­րած եմ արեւմտեան գե­­­ղան­­­կարչու­­­թիւնը։ Սա­­­կայն մտա­­­ծեցի թէ պէտք է իմա­­­նամ նաեւ հայ­­­կա­­­­­­­կան գե­­­ղարո­­­ւես­­­տը, ու այսպէս ծա­­­նօթա­­­ցայ Ռու­­­տոլֆ Խա­­­չատու­­­րեանի գոր­­­ծե­­­­­­­րուն։ Ան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի կա­­­րեւո­­­րագոյն գծագ­­­րիչնե­­­րէն է։ Իր մա­­­սին ու­­­սումնա­­­սիրե­­­լով հան­­­դի­­­­­­­պեցայ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նաբ­­­նակ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ գե­­­ղան­­­կա­­­­­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու։

Հա­­­յաս­­­տան առա­­­ջին այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեանս հիացած էի գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­մը տես­­­նե­­­­­­­լով։ Դուք եղա՞ծ էք Հա­­­յաս­­­տան, ի՞նչ տպա­­­ւորու­­­թիւններ ու­նիք։

Հա­­­մարեա ամէն տա­­­րի կ՚այ­­­ցե­­­­­­­լեմ։ Ազ­­­գա­­­­­­­յին թան­­­գա­­­­­­­րանի ժա­­­մանա­­­կակից նկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու բա­­­ժինը այ­­­ցե­­­­­­­լելով տե­­­սած եմ թէ անոնք եր­­­բեք չեն զի­­­ջեր հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին եւ եւ­­­րո­­­­­­­պական գե­­­ղան­­­կա­­­­­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րէն։ Սա­­­րեան, Աւե­­­տիսեան եւ այլ նկա­­­րիչ­­­ներ ար­­­դի ար­­­տա­­­­­­­յայտչա­­­կան եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րով յա­­­ջողած են իրենց մշա­­­կոյ­­­թի եւ աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան դիր­­­քի յա­­­տուկ երան­­­գը ցո­­­լաց­­­նել։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ այս ոճով ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութիւններն ալ ու­­­նին որոշ եզա­­­կիու­­­թիւն։ Նկա­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նալով երկրի ԺԹ դա­­­րու վեր­­­ջե­­­­­­­րուն եւ Ի դա­­­րու սկիզբնե­­­րուն մատ­­­նո­­­­­­­ւած խնդիր­­­նե­­­­­­­րը, կը հա­­­մոզո­­­ւիմ թէ հա­­­զիւ ան­­­ցեալին մէջ մեծ մշա­­­կոյ­­­թի եւ արո­­­ւես­­­տի աւան­­­դութիւն ու­­­նե­­­­­­­ցող ազ­­­գեր կը յա­­­ջողին նման ժա­­­մանա­­­կակից եւ յա­­­ռաջ­­­դի­­­­­­­մական արուես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­ներ ծնիլ։

Կայ նաեւ ժա­­­մանա­­­կակից արո­­­ւեստնե­­­րու թան­­­գա­­­­­­­րանը, որ ան­­­պայման մէկ կամ եր­­­կու ան­­­գամ կ՚այ­­­ցի­­­­­­­լեմ երբ որ Հա­­­յաս­­­տան եր­­­թամ։

 

Ձեր Իս­­­թանպուլ բե­­­րած առա­­­ջին նկա­­­րիչը Աշոտն էր, ինչպէ՞ս իրար գտաք։

Կար­­­ծեմ 2011 էր, հա­­­մացան­­­ցի մի­­­ջոցաւ ծա­­­նօթա­­­ցանք։ Եր­­­կար ժա­­­մանակ չէր պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նած։ Ապա ըսաւ թէ «Տե­­­միրէ ազ­­­գա­­­­­­­նու­­­նիս պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ տա­­­տամ­­­սած է։ Ի վեր­­­ջոյ զինք այ­­­ցե­­­­­­­լեցի Երեւան, բնա­­­կարան- աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցին մէջ։ Երկյար­­­կա­­­­­­­նի շէն­­­քի մը մուտքի յար­­­կը աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցի վե­­­րածած էր։ Բա­­­ւակա­­­նին ըն­­­դարձակ տեղ մը, բայց որով­­­հե­­­­­­­տեւ Աշոտ կը սի­­­րէ նոյն պա­­­հուն մէ­­­կէ աւե­­­լի գոր­­­ծեր նկա­­­րել, կը դժո­­­ւարա­­­նաս կազ­­­մո­­­­­­­ւած շե­­­ւալե­­­ներու ու կի­­­սաւարտ պաս­­­տառնե­­­րու մէջ քա­­­լելու։ Խոր­­­քէն կը լսո­­­ւի ճազ երաժշտու­­­թիւնը։ Աշո­­­տի յա­­­տուկ աշ­­­խարհ մըն է այդ աշ­­­խա­­­­­­­տանո­­­ցը։ Անցնող ու­­­թը տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին, բա­­­ցի հա­­­մագոր­­­ծակցե­­­լէ, որոշ բա­­­րեկա­­­մու­­­թիւն մըն ալ զար­­­գա­­­­­­­ցաւ մեր մի­­­ջեւ։ Ընդհան­­­րա­­­­­­­պէս իրա­­­րու տու­­­նե­­­­­­­րը կը մնանք, որու շնոր­­­հիւ մեր կի­­­ներն ալ բա­­­րեկա­­­մացած են մի­­­միանց։

 

Ձե­­­զի հետ միասին «Ակօս» այ­­­ցե­­­­­­­լող նկա­­­րիչ­­­ներ միշտ գո­­­վասան­­­քով ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տո­­­­­­­ւած են ձեր մա­­­սին։ Հի­­­մա կը տես­­­նեմ, թէ ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մա­­­­­­­նեան եր­­­կիրնե­­­րու մէջ ալ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէք իրենց գոր­­­ծե­­­­­­­րը։ Մին­­­չեւ այ­­­սօր այսպէս քա­­­նի՞ նկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րու հետ աշ­­­խա­­­­­­­տեցաք։ Անուններ կրնա՞ք թո­­­ւել։

Ան­­­շուշտ ու­­­րախ եմ այդ գե­­­ղեցիկ խօս­­­քե­­­­­­­րը լսե­­­լով։ Իմ մին­­­չեւ այ­­­սօր աշ­­­խա­­­­­­­տած նկա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րուն մէջ կը յի­­­շեմ Արծրուն Ապ­­­րե­­­­­­­սեանը, Աշոտ Եանը, Տի­­­րան Ասա­­­տու­­­րեանը, Վա­­­հագն Իգի­­­թեանը, Դա­­­ւիթ Դա­­­ւիթեանը, Վա­­­հագն Յա­­­րու­­­թիւնեանը, Ար­­­թիւր Յո­­­հան­­­նի­­­­­­­սեանը։

 

Մօտ ան­­­ցեալին Անգլիա մէջ ալ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս մը ու­­­նե­­­­­­­ցաք։ Ին­­­չե՞ր կը պատ­­­մէք այս ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սի մա­­­սին։

Եր­­­կու շա­­­բաթ­­­ներ առաջ Անգլիոյ մէջ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պած էի «Երեք Հայ Արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտ­­­ներ» անուն խմբա­­­կան ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս մը։ Նշեմ որ, եր­­­կա­­­­­­­րատեւ աշ­­­խա­­­­­­­տան­­­քի մը հե­­­տեւանքն էր։ Շուրջ մէ­­­կու­­­կէս տա­­­րի առաջ որո­­­շած էինք այս ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը։ Մին­­­չեւ վեր­­­ջին օրե­­­րը ընդմիշտ կա­­­պի մէջ մնա­­­ցինք եր­­­կու կող­­­մե­­­­­­­րու հետ։ Աւար­­­տին յա­­­ջող բա­­­ցում մը եղաւ եւ ամէն ինչ բա­­­ւական լաւ կ՚ընդհա­­­նայ։ Ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սը պի­­­տի շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կուի մին­­­չեւ 13 Հոկ­­­տեմբեր եւ այդ թո­­­ւակա­­­նէն ետք ալ պի­­­տի կրկնո­­­ւի այս ան­­­գամ Լոն­­­տո­­­­­­­նի մէջ։ Այժմ կ՚աշ­­­խա­­­­­­­տինք Լոն­­­տո­­­­­­­նի ցու­­­ցադրու­­­թեան ման­­­րա­­­­­­­մաս­­­նութիւննե­­­րը ձե­­­ւաւո­­­րելու։

 

Թուրքիոյ մէջ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսներ սար­­­քե­­­­­­­ցիք։ Ի՞նչ տե­­­սակ հա­­­մեմա­­­տակա­­­նու­­­թիւն մը կը տես­­­նէք ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսնե­­­րու հայ եւ ոչ հայ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­նե­­­­­­­րու մի­­­ջեւ։

Ան­­­շուշտ դժո­­­ւար է յստակ ու վճռա­­­կամ պա­­­տաս­­­խան մը տալ, բայց կրնամ ըսել թէ հայ այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­նե­­­­­­­րու թի­­­ւը զգա­­­լիօրէն նո­­­ւազ էին բաղ­­­դատմամբ ոչ հա­­­յերու։ Հա­­­զիւ ընդհա­­­նուր այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­նե­­­­­­­րու 15 կամ 20 տո­­­կոսը կը կազ­­­մէին։

 

Թուրքիոյ հա­­­յերը որ­­­քա­­­­­­­նո՞վ հե­­­տաքրքրո­­­ւած են գե­­­ղարո­­­ւես­­­տի հետ։

Հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին առու­­­մով յստակ է ընդհա­­­նուր հո­­­սան­­­քը։ Գե­­­ղան­­­կարչա­­­կան ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէսնե­­­րու որա­­­կաւոր թա­­­տերա­­­կան ներ­­­կա­­­­­­­յացումնե­­­րու փո­­­խարէն բո­­­լորո­­­վին զո­­­ւար­­­ճանքի ուղղո­­­ւած ճա­­­շակ մը կը գե­­­րազան­­­ցէ ամէն ինչ։ Փո­­­խանակ դի­­­տածէն, տե­­­սածէն նոր խոր­­­հուրդներ ստա­­­նալու արա­­­գօրէն ու պարզ ներ­­­կա­­­­­­­յացումնե­­­րը շատ աւե­­­լի հրա­­­պու­­­րիչ դար­­­ձած են։ Այս երե­­­ւոյ­­­թի հե­­­տեւանքնե­­­րուն կը հան­­­դի­­­­­­­պինք նաեւ հա­­­յոց մօտ եւս։ Եթէ այս մա­­­սին կաս­­­կած ու­­­նե­­­­­­­ցող­­­ներ կան դիւ­­­րաւ կրնան հար­­­ցուփորձ մը ընել իրենց եւ իրենց ան­­­մի­­­­­­­ջական շրջա­­­նակին։

 

Տա­­­րեկան ի՞նչ հա­­­մեմա­­­տու­­­թեամբ կը մաս­­­նաքցիք գե­­­ղարո­­­ւես­­­տա­­­­­­­կան բնոյ­­­թի որե­­­ւէ մի­­­ջոցառ­­­ման։

Ան­­­շուշտ միայն մաս­­­նակցիլն ալ չա­­­փանիշ մը չէ, կա­­­րեւոր է նաեւ տես­­­նե­­­­­­­լը։ Նոյնպէս կա­­­րելի է հարցնել ըն­­­թերցման հա­­­ճախա­­­կանու­­­թեան մա­­­սին։ Այստեղ ըն­­­թերցում ըսե­­­լով միակ արո­­­ւես­­­տի պատ­­­մութիւ­­­նը չէ որ կ՚ակ­­­նա­­­­­­­կեմ, այլ ար­­­հա­­­­­­­սարակ գրա­­­կան ար­­­ժէք ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նող բո­­­լոր ըն­­­թերցումնե­­­րը։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ իրաւ ար­­­հեստա­­­սէր մը ան­­­պայման պար­­­տա­­­­­­­ւոր է լա­­­ւըն­­­թերցող մը ըլ­­­լա­­­­­­­լու։

 

Մին­­­չեւ դար մը առաջ այս երկրի մէջ հա­­­յը կը գնա­­­հատո­­­ւէր, որ­­­պէս ար­­­հեստա­­­սէր ժո­­­ղովուրդ։ Ինչպէ՞ս կրնանք վե­­­րատի­­­րանալ այդ կո­­­չու­­­մին։ Ին­­­չե՞ր պէտք է ընել։

Ան­­­ցեալին նման հա­­­մոզու­­­մի մը հաս­­­նե­­­­­­­լու հա­­­մար բա­­­ւական իրա­­­ւացի պատ­­­ճառներ կա­­­յին։ Հա­­­յուն արո­­­ւես­­­տի ու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը ուղղա­­­կիօրէն կա­­­պուած էր ար­­­հեստի ու­­­նա­­­­­­­կու­­­թեան հետ։ Ամէն ըն­­­տա­­­­­­­նիքէ ներս կա­­­րելի էր հան­­­դի­­­­­­­պիլ որե­­­ւէ նո­­­ւագա­­­րանի տի­­­րապե­­­տող մարդկանց։ Այ­­­սինքն կրնամ ըսել թէ լաւ ծա­­­ռը լաւ ալ պտուղ կու տար։ Բայց գի­­­տէք ներ­­­կայ հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րը։ Բա­­­ւական հե­­­ռու մնա­­­ցած ենք ան­­­ցեալի այդ փայ­­­լուն պատ­­­կե­­­­­­­րէն։ Հար­­­ցումին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նը պարզ է երի­­­տասարդնե­­­րու ու­­­շադրու­­­թիւնը գրգռել եւ անոնք ուղղել դէ­­­պի արո­­­ւեստներ։ Ասոր հա­­­մար կրնանք օգ­­­տո­­­­­­­ւիլ, թէ դպրոց­­­նե­­­­­­­րէն եւ թէ ըն­­­տա­­­­­­­նեկան կրթու­­­թե­­­­­­­նէն։ Այստեղ կա­­­րեւոր եղա­­­ծը կա­­­ղապա­­­րուած ըն­­­կա­­­­­­­լումնե­­­րէն հե­­­ռու մնա­­­լով ճիշդ ուղղու­­­թիւն մը որ­­­դեգրելն է։ Հոս ալ դար­­­ձեալ օրա­­­կար­­­գի պի­­­տի գայ վար­­­չա­­­­­­­կան վեր­­­նա­­­­­­­խաւի մը դիր­­­քո­­­­­­­րոշու­­­մը։ Ի՞նչ է անոնց հե­­­ռան­­­կա­­­­­­­րը։ Ի՞նչ է յա­­­ջողու­­­թեան չա­­­փանի­­­շը։ ամէն ինչ պա­­­հուած է այս հար­­­ցումնե­­­րու պա­­­տաս­­­խաննե­­­րուն մէջ։ Պէտք է լաւ ար­­­ժէ­­­­­­­քաւո­­­րենք մին­­­չեւ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան հաս­­­նող ուսման նա­­­խագի­­­ծը։ Կրնամ ըսել թէ առողջ դա­­­տողու­­­թիւնով մը կա­­­րելի է շատ բա­­­ներ բարեփոխել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ