Ազնաւուր կ՚անմահանայ մանկութեան փողոցին վրայ

Երբ ամբողջ հա­­յաշ­­խարհ կը վեր­­յի­­­շենք նո­­ւիրեալ գոր­­ծի­­­չի մը՝ Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րի մա­­հուան Ա. տա­­րելի­­ցը Ֆրան­­սա­­­յի մէջ ալ կը տի­­րէ հե­­տաքրքրա­­կան եւ յու­­զումնա­­լից զար­­գա­­­ցումներ։ Ար­­դա­­­րեւ Ազ­­նա­­­ւուր Հիմ­­նադրա­­մը մեծ վար­­պե­­­տի կի­­սանդրին կը նո­­ւիրէ Փա­­րիզի քա­­ղաքա­­պետա­­րանին, որ իր կար­­գին որո­­շած է ան տե­­ղադ­­րել Ազ­­նա­­­ւու­­րի ման­­կութեան ան­­ցած թա­­ղամա­­սը։

Կաս­­կած չկայ, թէ Փա­­րիզ եւ Ազ­­նա­­­ւուր իրար ամ­­բողջաց­­նող անուններ եղած են եւ այս մեծ հա­­յը, որ­­քան իր հայ ինքնու­­թեան, նոյնքան ալ փա­­րած է Ֆրան­­սա­­­յի, ֆրան­­սե­­­րէնի եւ այս երկրի հետ կա­­պուած բո­­լոր ար­­ժա­­­նիք­­նե­­­րու։

Կի­­սանդրին քան­­դա­­­կուա­­ծ է Ալիս Մե­­լիքեանի կող­­մէ 1964 թո­­ւին, երբ Ազ­­նա­­­ւուր առա­­ջին ան­­գամ կ՚այ­­ցե­­­լէր Հա­­յաս­­տան։

Կի­­սանդրիի յանձնման արա­­րողու­­թեան ըն­­թացքին Հիմ­­նադրա­­մի հա­­մահիմ­­նա­­­դիր Նի­­քոլա Ազ­­նա­­­ւուր կ՚ըսէ թէ Շառլ Ազ­­նա­­­ւու­­րը սեր­­տօ­­­րէն կա­­պուած է Փա­­րիզի հետ եւ Հիմ­­նադրա­­մը ան­­կեղծօ­­րէն երախ­­տա­­­պարտ է Փա­­րիզի քա­­ղաքա­­պետա­­րանին այս մի­­ջոցառ­­ման ու հե­­տագա­­յին կի­­սանդրին տե­­ղադ­­րե­­­լու հար­­ցին ցու­­ցա­­­բերած մեծ պատ­­րաստա­­կամու­­թեան եւ աջակ­­ցութեան հա­­մար։

Կի­­սանդրիի յանձնման արա­­րողու­­թեան ներ­­կայ գտնո­­ւեցան Ազ­­նա­­­ւու­­րի ըն­­տա­­­նիքի ան­­դամնե­­րը, ըն­­կերնե­­րը, ֆրան­­սա­­­ցի պաշ­­տօ­­­նեաներ եւ հայ հա­­մայնքի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ