ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՃԱԿԱՏ

Հայկական լեզուաշխար­հը ու­­­նի բազ­­­մա­­­­­­­թիւ լու­­­սա­­­­­­­ւոր բա­­­ռեր, որոնք հպար­­­տութիւն բե­­­րած են հա­­­յոց մայ­­­րե­­­­­­­նիին։ Անոնց մէջ, սա­­­կայն, կայ բառ մը, որ մէկ ճա­­­կատ բարձր է բո­­­լորէն եւ միշտ ճեր­­­մակ պա­­­հեց հա­­­յու ճա­­­կատը- «ճա­­­կատ» բառն է ան։ Որ­­­պէս մեր հնա­­­գոյն գո­­­յական­­­նե­­­­­­­րէն մէ­­­կը, ան դեռ նա­­­խամաշ­­­տո­­­­­­­ցեան շրջա­­­նին դար­­­ձեր է քրտնա­­­թոր եւ կու­­­տա­­­­­­­կեր է խոր կնճիռ­­­ներ։ Այ­­­սօր, յար­­­գե­­­­­­­լի ըն­­­թերցող, կ՚ու­­­զենք ճա­­­կատ բա­­­ռի մա­­­սին զրու­­­ցել ու տես­­­նել, թէ պատ­­­մութեան մէջ, ան ինչպէս վեհ պա­­­հեր է մեր ճա­­­կատը։ Այդ բո­­­լորը բա­­­ցայայ­­­տե­­­­­­­լու հա­­­մար ձեզ կը հրա­­­ւիրեմ այ­­­ցե­­­­­­­լել հայ­­­րե­­­­­­­նի եր­­­կու սրբա­­­վայր, ուր մեր աշա­­­կերտնե­­­րը պատ­­­րաստ են եր­­­կու ճա­­­կատագ­­­րա­­­­­­­կան քեր­­­թո­­­­­­­ւած ար­­­տա­­­­­­­սանե­­­լու։ Առա­­­ջինը Եռաբ­­­լուրն է, ճա­­­կատը համ­­­բուրե­­­լի նա­­­հատակ­­­նե­­­­­­­րու վեր­­­ջին հանգստա­­­վայ­­­րը։ (Այդ տղա­­­ներու տա­­­րիքը շատ հե­­­ռու չէ մեր 41 դա­­­սըն­­­կերնե­­­րու տա­­­րիքէն) Խումբը կը սկսի ար­­­տա­­­­­­­սանել Դա­­­նիէլ Վա­­­րու­­­ժա­­­­­­­նի «Առ­­­կայծ Ճրագ» ողբ-բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը, որուն երկրորդ տան մէջ կը յայտնո­­­ւի հե­­­րոսի ճա­­­կատը. «Տղաս կու գայ ճա­­­կատն հպարտ դափ­­­նիով»։

Ճա­­­կատ բա­­­ռը Ոս­­­կե­­­­­­­դարուն վա­­­յելուչ մուտք մը գոր­­­ծեց գրա­­­ւոր լե­­­զուէն ներս։ Ո՛չ թէ միայն ու­­­նե­­­­­­­ցանք առ­­­ճա­­­­­­­կատիլ, ճա­­­կատա­­­գիր եւ ճա­­­կատա­­­հար բա­­­ռերը, այլ նաեւ՝ մարտ եւ հե­­­րոսու­­­թիւն բու­­­րող բա­­­ռեր, ինչպէս՝ կռո­­­ւաճա­­­կատ, ճա­­­կատա­­­մարտ եւ ճա­­­կատա­­­մար­­­տիկ։ Այս ցան­­­կին մէջ պէտք է նե­­­րառել նաեւ՝ լայ­­­նա­­­­­­­ճակատ ածա­­­կանը, որ յար­­­մար է նա­­­հատակ­­­նե­­­­­­­րու ճա­­­կատը յար­­­դա­­­­­­­րելու հա­­­մար։

Բառս իր ճա­­­կատը բարձրա­­­ցու­­­ցեր է նաեւ Աս­­­տո­­­­­­­ւածա­­­շունչի հա­­­յերէն թարգմա­­­նու­­­թեան մէջ։ Հոն տեղ գտած են՝ ճա­­­կատա­­­մարտ, ճա­­­կատել եւ ճա­­­կատա­­­ցու­­­ցա­­­­­­­նել բա­­­ռերը։ Իսկ «ճա­­­կատ առ ճա­­­կատ» եւ «ճա­­­կատ յար­­­դա­­­­­­­րել» դար­­­ձո­­­­­­­ւածքնե­­­րը մե­­­զի կար­­­ծել կու տան, թէ բա­­­ռը ու­­­նի նա­­­խամաշ­­­տո­­­­­­­ցեան հե­­­ռաւոր ան­­­ցեալ մը։ Յի­­­շել կ՚ար­­­ժէ, թէ «ճա­­­կատ յար­­­դա­­­­­­­րել» բուն չէ նշա­­­նակած ոս­­­կի­­­­­­­ներ կամ ու­­­լունքներ դնել ճա­­­կատի վրայ, այլ՝ «կար­­­գել զզօրն ընդդէմ թշնա­­­մեաց. ʼի ճա­­­կատ հա­­­նել»։ Նոյն շրջա­­­նին, երբ լու­­­սա­­­­­­­ճակատ գրիչ­­­ներ իրենց խու­­­ցե­­­­­­­րուն մէջ կ՚ըն­­­դօ­­­­­­­րինա­­­կէին մա­­­տեան­­­ներ, ու­­­նե­­­­­­­ցանք «ճա­­­կատ գրոց», այ­­­սինքն՝ անո­­­ւանա­­­թերթ։ Այ­­­սօր ճա­­­կատ բա­­­ռը մե­­­զի շնոր­­­հած է յի­­­սու­­­նի չափ բառ եւ քա­­­ռասու­­­նի չափ դար­­­ձո­­­­­­­ւածք, որոնց մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը կը խօ­­­սի մար­­­դու նկա­­­րագ­­­րի մա­­­սին, ինչպէս՝ «ճա­­­կատը բաց», «ճա­­­կատը դէմ տո­­­ւող», «ճա­­­կատը պարզ», եւ «ճա­­­կատով մարդ»։

Կը վե­­­րադառ­­­նանք հան­­­րա­­­­­­­շարժ։ Ճամ­­­բայ կ՚ել­­­լենք դէ­­­պի Կո­­­տայ­­­քի մար­­­զը, Երե­­­ւան-Գառ­­­նի ճա­­­նապար­­­հի վրայ Ող­­­ջա­­­­­­­բերդ գիւ­­­ղի մօտ՝ մէկ այլ հպարտ ճա­­­կատ տես­­­նե­­­­­­­լու- Չա­­­րեն­­­ցի կա­­­մարը։ Այս կար­­­ճա­­­­­­­տեւ բայց գե­­­ղատե­­­սիլ ճա­­­նապար­­­հորդու­­­թեան ըն­­­թացքին, խո­­­հուն ճա­­­կատով լսենք գրա­­­բարեան քա­­­նի մը պա­­­տառիկ ու վա­­­յելենք մեր նախ­­­նի­­­­­­­ներու ճա­­­շակը. «Ու­­­սոյց զձեռս իմ ʼի պա­­­տերազմ, եւ զմա­­­տունս իմ ʼի ճա­­­կատա­­­մարտ», «Պատ­­­րաստեաց զքեզ իբ­­­րու ճա­­­կատա­­­մար­­­տիկ», «Քա­­­րոզք ճշմար­­­տութեանն, ճա­­­կատա­­­յար­­­դարք աս­­­տո­­­­­­­ւած­­­պաշտու­­­թեանն», «Ընդդէմ ճշմար­­­տութեան զմո­­­լորու­­­թիւնն ճա­­­կատել»։

Հան­­­րա­­­­­­­շար­­­ժի պա­­­տու­­­հա­­­­­­­նէն կը տես­­­նո­­­­­­­ւին ըն­­­դարձակ տա­­­րածու­­­թիւններ։ Այդ պա­­­հուն բա­­­ռը կը իմաս­­­տա­­­­­­­ւորո­­­ւի իբ­­­րեւ տե­­­ղանուն։ Ամե­­­նամօ­­­տիկը Կո­­­տայ­­­քի մար­­­զի «Ճա­­­կատ» լեռն է։ Բա­­­ռը իր աշ­­­խարհագ­­­րա­­­­­­­կան ամե­­­նամեծ նո­­­ւաճու­­­մը ձեռք բե­­­րեր է, երբ դար­­­ձեր է ամ­­­բողջ գա­­­ւառի մը անու­­­նը։ Այ­­­րա­­­­­­­րատ նա­­­հան­­­գի «Ճա­­­կատք» գա­­­ւառն է ան, Արաքս գե­­­տի աջ կող­­­մը։

Կը հաս­­­նինք Չա­­­րեն­­­ցի կա­­­մարը։ Անոր սե­­­ւաքար ճա­­­կատի տակ ան­­­խուսա­­­փելիօրէն կը մտա­­­ծենք, թէ քա­­­նի քա­­­նի սե­­­րունդներ Արա­­­րատի սէգ ճա­­­կատը դի­­­տելով ար­­­տա­­­­­­­սաներ են «Ես իմ անոյշ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի» բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւնը։ Հի­­­մա հեր­­­թը մեր դա­­­սարա­­­նինն է։ Անոնք ալ պի­­­տի ար­­­տա­­­­­­­սանեն ու անցնին։ Ահա անոնց շրթնե­­­րէն կը սկսին ծո­­­րիլ հե­­­տեւեալ խօս­­­քե­­­­­­­րը. «Ես իմ անոյշ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի արե­­­ւահամ բարն եմ սի­­­րում»։

Ուշ միջ­­­նա­­­­­­­դարուն բա­­­ռը դուրս ելաւ վան­­­քե­­­­­­­րէն, դադ­­­րե­­­­­­­ցաւ խո­­­հուն վա­­­նական­­­նե­­­­­­­րու ու ռազ­­­միկ իշ­­­խաննե­­­րու պատ­­­կա­­­­­­­նելէ, գե­­­ղեց­­­կա­­­­­­­ցաւ, դար­­­ձաւ իգա­­­կան ու քնա­­­րական, երբ հայ աշուղներ հիացիկ դի­­­տեցին՝ սի­­­րու­­­հիի ճա­­­կատը։ Օրա­­­ցոյցնե­­­րու ճա­­­կատը ցոյց կու տար 1550 թո­­­ւակա­­­նը։ Վա­­­նայ ծո­­­վու ափին Նա­­­հապետ Քու­­­չա­­­­­­­կը հա­­­ռաչեց. «Թուխ աչք եւ ունքեր ու­­­նիս, լայն ճա­­­կատ ու կար­­­միր երես»։ Ապա Նա­­­ղաշ Յով­­­նա­­­­­­­թանը, 1600-նե­­­րուն սկիզբն էր, վրաց Վախ­­­թանգ Զ. թա­­­գաւո­­­րի պա­­­լատին մէջ եր­­­գեց. «Լայն եւ սպի­­­տակ ճա­­­կատ, երեսդ՝ վար­­­դի թեր»։ Իսկ Գա­­­րեգին Սրո­­­ւանձտեան­­­ցի «Մա­­­նանա­­­յէ ժո­­­ղովա­­­ծուին մէջ դեռ կը լսո­­­ւին Յով­­­հաննէս տա­­­ղասա­­­ցի քնքոյշ խօս­­­քե­­­­­­­րը. «Սպի­­­տակ ճա­­­կատ, թուխ թուխ աչեր»։ Աշա­­­կերտնե­­­րը ոգե­­­ւորո­­­ւած կը շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեն. «... Ու նա­­­յիրեան աղ­­­ջիկնե­­­րի հե­­­զաճ­­­կուն պարն եմ սի­­­րում...»։

Ապա եկան մեր պատ­­­մութեան դա­­­ժան օրե­­­րը։ Հա­­­յու քնա­­­րը դար­­­ձաւ տխրա­­­մած։ Պետ­­­րոս Դու­­­րեանը «Վիշտք հա­­­յուն» քեր­­­թո­­­­­­­ւածին մէջ ող­­­բաց Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի անմխի­­­թար վի­­­ճակին. «Եւ ճա­­­կատդ կրես պսակ / Արդ փշա­­­հիւս, սեւ նո­­­ճի / Քրտունքներ սառ՝ քար կտրած՝ / Կնճռոտ ճա­­­կատդ պճնե­­­ցին»։ Բա­­­նաս­­­տեղծը, որ ըստ Ար­­­շակ Չօ­­­պանեանի, ու­­­նէր «լայն տժգոյն ճա­­­կատ», օր մը, ներ­­­հա­­­­­­­յեաց, գան­­­գա­­­­­­­տեցաւ. «Այս ճա­­­կատա­­­գիրն ի՜նչ սեւ է, Աս­­­տո­­­­­­­ւա՛ծ / Ար­­­դեօք դամ­­­բա­­­­­­­նի մրու­­­րով է գծո­­­ւած», ու շա­­­րու­­­նա­­­­­­­կեց. «Զե­­­փիւռն չե­­­կաւ նժդեհ ճա­­­կատս շո­­­յելու»։ Իսկ Եղի­­­շէ Չա­­­րեն­­­ցը 1936 թո­­­ւակա­­­նին ստեղ­­­ծեց «Թիֆ­­­լիսցի նեղ­­­ճա­­­­­­­կատ կին­­­տոն» նկա­­­րագ­­­րութիւ­­­նը, երբ Մոս­­­կո­­­­­­­ւայէն եկած ամ­­­բաստա­­­նու­­­թեամբ Երե­­­ւանի բան­­­տի մէջ կը սպա­­­սէր իր ան­­­խուսա­­­փելի մա­­­հուան։ Բո­­­լորը գի­­­տէին, թէ այդ «նեղ­­­ճա­­­­­­­կատ»ը Ստա­­­լինն էր։ Մինչդեռ, Թիֆ­­­լի­­­­­­­սի մէջ, քա­­­նի մը տաս­­­նեակ առաջ կար այլ տրա­­­մադ­­­րութիւն։ Մու­­­րա­­­­­­­ցանը, «Գէորգ Մարզպե­­­տու­­­նի» վէ­­­պին մէջ կու տար ճա­­­կատ­­­նե­­­­­­­րու աւե­­­լի բարձր պատ­­­կերներ, ինչպէս՝ քրտնա­­­թոր, շու­­­շան, լայն, հպարտ եւ լայ­­­նա­­­­­­­դիր։ Մինչ Վե­­­նետի­­­կի մէջ Հայր Ղե­­­ւոնդ Ալի­­­շանը «Յու­­­շիկ հայ­­­րե­­­­­­­նեաց հա­­­յոց» աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեան մէջ կը խօ­­­սէր հա­­­յու «ար­­­շա­­­­­­­լոյս» եւ «սրբեալ» ճա­­­կատ­­­նե­­­­­­­րու մա­­­սին։ 1901 թո­­­ւակա­­­նին, Հայր Վար­­­դան Հա­­­ցու­­­նին գի­­­շեր մը, Ս. Ղա­­­զար կղզիի մէջ լապ­­­տեր մը բռնած գնաց վա­­­նական գե­­­րեզ­­­մաննոց ու դի­­­տեց՝ «Ճա­­­կատ­­­ներ՝ մտա­­­ծու­­­թեան եւ ժա­­­մանա­­­կի ծան­­­րութեան ներ­­­քեւ ճնշո­­­ւած ու լո՛ւրջ... Ճա­­­կատ­­­ներ՝ աշ­­­խոյժ, կայ­­­տառ... Ճա­­­կատ­­­ներ՝ փա­­­փուկ, ժպտուն»։

Այժմ Երե­­­ւանի մէջ բա­­­ցուած են նոր տե­­­սակի ճա­­­կատ­­­ներ, ինչպէս՝ «Հայ­­­կա­­­­­­­կան բնա­­­պահ­­­պա­­­­­­­նական ճա­­­կատ» եւ «Երե­­­ւանի պաշտպա­­­նու­­­թեան ճա­­­կատ»։ Իսկ մայ­­­րա­­­­­­­քաղա­­­քէն շատ հե­­­ռու, Սիւ­­­նի­­­­­­­քի մար­­­զի սահ­­­մա­­­­­­­նամերձ Ճա­­­կատեն գիւ­­­ղը, ըստ գիւ­­­ղա­­­­­­­պետի, կ՚ապ­­­րի ճա­­­կատագ­­­րա­­­­­­­կան օրեր. «Ճա­­­կատեն գիւ­­­ղում... հինգ-վեց ըն­­­տա­­­­­­­նիք է ապ­­­րում։ Վեց տա­­­րինե­­­րին գիւ­­­ղում երե­­­խաներ չեն ծնո­­­ւել։ Ճա­­­կատե­­­նում ճա­­­կատ են տա­­­լիս ապ­­­րե­­­­­­­լու հա­­­մար»։ Նոյն երկրա­­­մասի մէջ Գա­­­րեգին Նժդե­­­հը ըսեր է. «Մայ­­­րե­­­­­­­րի ափի մէջ պի­­­տի փնտռել ազ­­­գե­­­­­­­րի ճա­­­կատա­­­գիրը» եւ «Յաղ­­­թութեան դի­­­ցու­­­հին իր ոս­­­կէ մատ­­­նե­­­­­­­րով պսա­­­կադ­­­րել է հայ զի­­­նուո­­­րի ճա­­­կատը»։ Իսկ Յով­­­հաննէս Թու­­­մա­­­­­­­նեանը բա­­­ցատ­­­րեց, թէ ին­­­չո՛ւ հայ ազ­­­գը տո­­­կուն է. «Հայ ժո­­­ղովուրդը դա­­­րէ դար ճա­­­կատ ճա­­­կատի է զար­­­կել հին Պարսկաս­­­տա­­­­­­­նի ու Արե­­­ւել­­­քի բո­­­լոր աշ­­­խարհա­­­կալ­­­նե­­­­­­­րի հետ»։

«Ճա­­­կատ» բա­­­ռին այ­­­սօր հրա­­­ժեշտ տանք յի­­­շատա­­­կելով Գրի­­­գոր Նա­­­րեկա­­­ցին։ Ան է «Հայ­­­կեան հան­­­ճա­­­­­­­րին քեր­­­թո­­­­­­­ղական սրբա­­­լոյս ճա­­­կատը»։ Իսկ Պա­­­րոյր Սե­­­ւակը այսպէս պա­­­տուեր է անոր «Նա­­­րեկ» մա­­­տեանը. «Ո՛չ այնքան ըն­­­թերցո­­­ւել է, որ­­­քան համ­­­բուրո­­­ւել, դրո­­­ւել ո՛չ այնքան դա­­­րակի կամ գրա­­­կալի, որ­­­քան հի­­­ւան­­­դի ճա­­­կատի վրայ»։ Իսկ Չա­­­րեն­­­ցի կա­­­մարի ճա­­­կատին տակ այժմ կը լսո­­­ւի հայ­­­կա­­­­­­­կան քեր­­­թո­­­­­­­ղու­­­թեան ամե­­­նէն ճա­­­կատա­­­բաց բա­­­նատո­­­ղերէն մէ­­­կը.

«Նա­­­րեկա­­­ցու, Քու­­­չա­­­­­­­կի պէս լու­­­սապսակ ճա­­­կատ չկայ»։