Հայկական բառերու անծայրածիր ծովուն վրայ կը ծփան բազմաթիւ փափկաձայն բառեր։ Այդ բոլոր քնարական եւ հեշտալուր բառերու մէջ կը ծայրանայ գոյական մը, որ անհաւանական էր, որ ունենար գրական յաւակնութիւններ։ Սակայն, հակառակ մեր ընդհանրացած կարծիքին, եթէ գրիչի ծայրով պեղումներ կատարենք ու իջնենք մեր լեզուի խորութիւնները, կը զարմանանք տեսնելով, թէ այդ աննկատ բառը եղեր է բազմաբեղուն եւ նոյնիսկ նստեր է գրական սեղաններու մէկ ծայրը։
«Ծայր»ն է ան, մեր հնագոյն բառերէն մէկը։ Ծագումը անյայտ է։ Ստուգաբաններ որքան ալ փորձեր են անոր պատմութեան ծայրը գտնել՝ ապարդիւն, ան մնացեր է առեղծուածային։ Սակայն, գիտենք, թէ անոր գրաւոր ոդիսականը ծայր առած է Ե. դարուն, երբ դեռ նոր ստեղծուած էին մեսրոպեան նշանագիրները։ Յաջողած է մտնել Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան մէջ, 39 անգամ։ Մեծ թիւ մը չէ, ընդունինք, սակայն զարմանալին այն է, որ անոր հետ միասին Սուրբ գիրքի էջերուն մէջ ծուարած են «ծայրակտուր», «ծայրաքաղ» եւ «ծայրակարմիր» բառերը։ Վերջինը ունի հիասքանչ պատկեր- «Ա՛յն ինչ վարդագո՛յն ծայրակարմիր արեգակն ընդ երկիր ծաւալել կամէր»։ Այս օրինակէն կը հետեւցնենք, թէ նախամաշտոցեան շրջանին «ծայր»ը արդէն զարգացած բառ էր։ Աւելին՝ Աստուածաշունչի մէջ կը հանդիպինք «ծայր ի ծայր» արտայայտութեան. «Լցաւ տունն Բահաղու ծայր ի ծայր»։
Ապա ծայր առին բազմազան բարդ բառեր, նախ՝ «ծայրաքաղաք»ը, որ կերտուած էր յունական «ակրոպոլիս» բառի նմանողութեամբ։ Երբ Եղիշէ պատմիչը գրի կ՛առնէր Վարդանանց պատերազմի պատմութիւնը, օգտագործեց «ծայրալիր» բառը, ահա այսպէս. «Յայսմ յեւթն (եօթը) գլուխս կարգագրեալ եւ եդեալ ծայրալիր պատարմամբ զսկիզբն եւ զմիջոցն եւ զկատարումն»։ Ոսկեդարը ծայր աստիճան պտղաբեր եղաւ, քանզի ունեցանք նաեւ «ծայրափայլ» ածականը։ 6-րդ դարուն յայտնուեցան «ծայրապատար, ծայրանալ, ծայրութիւն» բառերը։ Նոյն դարուն ունեցանք նաեւ մեր ներկայ քաղաքական եւ ընկերային բառապաշարի ամենասիրելին՝ «ծայրայեղ» ածականը։ Իմաստասէր Դաւիթ Անյաղթն էր անոր առաջին գործածողներէն մէկը. «Ծայրայեղն յատակս հայի դժոխոց»։
Յաջորդող ամէն հարիւրամեակը մեր մայրենիին շնորհեց մէկ այլ պատկերաւոր բառ. ծայրագիշերական, ծայրակտոր, ծայրարձակ, ծայրաքաղ, ծայրապտուղ, ծայրազարդեալ, ծայրածաւալ, ծայրալրութիւն, ծայրագագաթ եւ վերջապէս՝ ծայրատաշ։ Կ՚արժէ նաեւ յիշել միջնադարեան տաղերու ծայրամասերու կրկնութիւնը, զոր կոչեցինք «ծայրայանգ»։ Կ՚ուզէ՞ք լսել ծայրայեղութիւն մը՝ «ծայր»ով շինուած ամենաերկար բառը։ «Ծայրասրտմտողութիւն» գոյականն է ան, որ ըստ հին բառարաններու՝ կը նշանակէր «Ծայրագոյն սրտմտութիւն. ցասումն անհնարին. զայրոյթ. մաղձ դառնութեան»։ (Կարծենք, թէ այսօր չկայ հայ մը, որ փափաքէր գործածել «ծայրասրտմտողութիւն» բառը։)
Մեր հիները, ինչպէս Նարեկացին եւ Լամբրոնացին, մասնաւորապէս սիրեցին «ծայրագոյն» ածականը եւ անոր հետ ստեղծեցին բառակապակցութիւններ։ Ահա քանի մը օրինակ. Ծայրագոյն խնամք, շնորհք, բարութիւն, լրութիւն եւ լոյս։ «Ծայր» բառի հետ խաղալ սիրեցին նաեւ մեր աշխարհագիր հեղինակները։ Անոնց կը պարտինք «ծայրաբեւեռ, ծայրագաւառ, ծայրաթաղ, ծայրամարզ եւ ծայրասահման» եզրերը։
Ճիշդ է։ Կան նաեւ «ծայր»ով վերջացող բառեր։ Շատ չեն անոնք, երկու-երեք հատ միայն, որոնցմէ ամենէն բանաստեղծականը «սրածայր» ածականն է։ Սակայն, այս մէկը յիշելու համար կ՚առաջարկեմ սպասել մինչեւ 1900-ականներու սկիզբը, մինչեւ որ Կոմիտաս վարդապետը գրի առնէ «Նոճիներ» բանաստեղծութիւնը։
Հիմա մենք ականջի ծայրով լսենք երկու օգտաշատ դարձուածքներ, որոնք մեր հիներու զրոյցները աւելի արտայայտիչ կը դարձնէին։ Մէկն է՝ նայիլ կամ դիտել «ծայրիւք աչաց», իսկ երկրորդը՝ «լսել ծայրիւք ականջաց»։ Բառը այսօր կը շարունակէ մեր աշխարհաբար զրոյցները համեմել հետեւեալ երկու դարձուածքներով. «ծայրը ծայրին բերել» եւ «ծայրը փախցնել»։ Իսկ մեր հայրենի մամուլը ողողուած է մէկ այլ արտայայտութեանբ՝ «ծայրը չերեւալ»։ Այս մէկը հայրենի առօրեայ կենաքի մասին մեզի պատկերացում կու տայ. «Կոմիտասի պողոտայում երթեւեկութեան խցանման ծայրը չի երեւում», «Մասնակիցները գնում են դէպի ոստիկանութեան բաժին- Երթի մասնակիցների ծայրը չի երեւում»։ Հայաստանի քաղաքական օրակարգի մէջ ծայր առեր են նաեւ հետեւեալ խօսակցութիւնները. «Հանրապետականը չի կարող փայտի երկրորդ ծայր լինել», «Այս դատը ծայրից ծայր կեղծիք է»։
19 դարուն, մեր բանաստեղծները վերջապէս աչքի ծայրով նկատեցին այս բառը։ Առաջինը Վահան Տէրեանն էր։ «Ես սիրում եմ քո մեղաւոր աչքերը խոր» բանաստեղծութեան մէջ, զարմանալի է, ո՛չ թէ «ծայր» բառը, այլ անոր բացակայութիւնն էր գեղեցիկ. «Քո աչքերի անծայր ծուում մեղքն է դողում»։ Իսկ ինչո՞ւ է Տէրեանը յայտնի, որպէս թախծոտ միտքերու բանաստեղծ։ Հետեւեալ տողը կը բաւէ հասկնալու համար. «Իմ լքուած սրտի կարօտը անծայր, ամէն ինչի մէջ որոնում է քեզ...»։ Թումանեանը ինքնակենսագրական թուացող «Վայրէջք» բանաստեղծութեան մէջ մեզի տուաւ «լերան ծերը» արտայայտութիւնը. «Ե՛ւ փառքը, եւ՛ գանձ / Ե՛ւ քէն, եւ՛ նախանձ... / Տեսնում եմ նորից / Իմ լերան ծերից»։ Այդ «ծեր»ը, մարդու 40 տարուայ կեանքի գագաթնակէտն էր, իմաստուն դառնալու աստիճանը։ Հայկական գրականութեան արեւմտեան ծայրը, մէկ այլ գեղապաշտ, Միսաք Մեծարենցը, մեզի տուաւ ծայր աստիճան քնքուշ երկու պատկերներ. «Անծայրածիր իրիկուն», եւ «ծայրիներու ծայրածաւալ ծաղիկներ»։ Բայց օր մը, 1980-ականներու վերջն էր, շրջափակումի, երկրաշարժի եւ հայրենիքի արեւելեան ծայրը ազատագրելու պայքարի տարիներ, բառը քաղաքականացաւ, երբ բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանը «երջանկութիւն» որոնեց հայրենիքի ամբողջ տարածութեան վրայ, եթէ կարելի է, ծայրէ ծայր. «Եւ Աստուած ցանկացաւ գրել / Ե Ր Ջ Ա Ն Կ ՈՒ Թ Ի Ւ Ն / քո տարածքի վրայ ծայրեծայր, / բայց բառն այդ շատ էր երկար / ու չտեղաւորուեց քո փոքրիկ հողի վրայ...»։
Հակառակ իր արտաքին տեսքին, հեզ է «ծայր» բառը, ծառայասէր ու ան կը սիրէ հայկական գրականութեան մէկ ծայրը նստիլ ու դիտել երկնասլաց նոճիները։ Այդպէս ըրաւ Կոմիտաս վարդապետը, երբ խաղաղ ժամանակ գտաւ բանաստեղծելու։ Այսօր հրաժեշտ տանք «ծայր» բառին վարդապետի «Նոճիրներն ու մայրիներ» քերթուածը վայելելով ու շնորհակալ ըլլալով՝ մեզի շնորհած լեզուական անծայրածիր հարստութեան համար։
Մուգ նոճիներ միգապար,
Ճամփի վերեւ սիգապար,
Դէպի երկինք հրազայր,
Կանաչ յոյսով սրածայր,
Ճիւղերն ի վեր կոնաւոր՝
Կարծես լինին տօնաւոր։