Բագրատ Էսդուգեան. «Պոլսահայ համայնքը չունի վստահութիւն ներշնչող առաջնորդ, որու հետեւանքով կորցրած է միասնականութիւնը»

Պոլսի հայ համայնքի առջեւ ծառացած խնդիրներու, Թուրքիայի քաղաքական զարգացումներու եւ այլ թեմաներու շուրջ Ermenihaber.am-ը յատուկ հարցազրոյց է պատրաստել Թուրքիա լոյս տեսնող «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթի հայերէն բաժնի խմբագիր, հայ համայնքի շրջանակներուն ճանաչուած հասարակական գործիչ Բագրատ Էսդուգեանի հետ։

ԳԷՈՐԳ ԿԱԼԼՈՇԵԱՆ

 

Պարոն Էսդուգեան, սկսենք պոլ­­սա­­­հայ հա­­մայնքի խնդիր­­նե­­­րից։ Ի՞նչ մար­­տահրա­­ւէր­­ներ ու հար­­ցեր կան, որ շա­­րու­­նա­­­կում են մնալ օրա­­կար­­գա­­­յին եւ օրախնդիր։

Գլխա­­ւոր խնդի­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կէ մնալ պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թիւնը։ Անոր հետ կա­­պուած են նաեւ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ընտրու­­թեան խնդի­­րը, որով­­հե­­­տեւ այդ մար­­միննե­­րը նոր կա­­նոնագ­­րի պատ­­րաստու­­թեան պատ­­ճա­­­ռաբա­­նու­­թիւնով եր­­կար ժա­­մանա­­կէ ի վեր չեն կրնար ընտրու­­թիւն իրա­­կանաց­­նել։ Եւ այս մար­­միննե­­րու թի­­ւին կան նաեւ բա­­ւակա­­նին լուրջ գու­­մարներ տնօ­­րինող հաստատութիւններ, հե­­տեւա­­բար կա­­րեւոր է անոնց՝ ընտրո­­ւած վար­­չութիւն ու­­նե­­­նալը։ Աս ամե­­նակա­­րեւոր խնդիրն է։ Այս խնդրի կար­­գա­­­ւորու­­մը կրնայ մեղ­­մել նաեւ հա­­մայնքի մէջ տի­­րող պա­­ռակտման երե­­ւոյ­­թը։

Այ­­սօր պա­­ռակ­­տում կը տի­­րէ, որով­­հե­­­տեւ հա­­մայնքը չու­­նի ընտրո­­ւած առաջ­­նորդ, չու­­նի վստա­­հու­­թիւն ներշնչող առաջ­­նորդ եւ որու հե­­տեւան­­քով կորսնցու­­ցած է միաս­­նա­­­կանու­­թիւնը։ Մենք այս ընտրու­­թիւննե­­րը ապա­­հովե­­լով կրնանք վե­­րաշա­­հիլ եւ վե­­րագտնել այդ միաս­­նութիւ­­նը։ Եւ այս առու­­մով ալ կա­­րեւոր է։ Բայց, ան­­շուշտ, ու­­րիշ երե­­ւոյթ ալ կայ. Թուրքիոյ հա­­յութեան ընդհա­­նուր խնդիր­­նե­­­րը ընդգծո­­ւած կեր­­պով կա­­պուած են երկրի սո­­ցիալ-տնտե­­սական եւ քա­­ղաքա­­կան հա­­մակար­­գի հետ։ Ան ալ մեզ վրայ ազ­­դող երե­­ւոյթ է։ Այ­­սօր մէկ կող­­մէ Թուրքիան տնտե­­սական ճգնա­­ժամի հետ դէմ յան­­դի­­­ման է, միւս կող­­մէ մի­­ջազ­­գա­­­յին քա­­ղաքա­­կանութեան առու­­մով զա­­նազան երկրնե­­րու հետ խնդիր­­ներ ու­­նե­­­ցող երկրի վե­­րածո­­ւած է։ Այդ բո­­լորէն ան­­մասն չենք մնար նաեւ մենք։ Այ­­սօր մի գու­­ցէ Թուրքիան լաւ շփումներ ու­­նի Ռու­­սաստա­­նի հետ, կը փոր­­ձէ նաեւ լաւ շփումներ ու­­նե­­­նալ Ամե­­րիկա­­յի Միացեալ Նա­­հանգնե­­րու եւ Մեր­­ձա­­­ւոր Արե­­ւել­­քի տա­­րածաշրջա­­նի երկրնե­­րու հետ։ Սա­­կայն այդ շփումնե­­րու ար­­դիւնքը աւե­­լի շատ թշնա­­մու­­թիւն եւ խնդիր­­ներ ծնան քան լու­­ծում։ Այ­­սօր Եգիպ­­տո­­­սը Թուրքիային թշնա­­մի եր­­կիր դար­­ձած է, Սի­­րիան, բնա­­կանա­­բար, թշնա­­մի եր­­կիր դար­­ձած, Իրա­­քը՝ նոյնպէս։ Տա­­րածաշրջա­­նին Թուրքիան բա­­ւակա­­նին դժո­­ւար իրա­­վիճա­­կի մէջ յայտնո­­ւած եր­­կիր է։

 

Ռու­­սաստա­­նի հետ Թուրքիայի ռազ­­մա­­­տեխ­­նի­­­կական հա­­մագոր­­ծակցու­­թեան ակ­­տի­­­ւացու­­մը եւ յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րի ջեր­­մա­­­ցու­­մը։ Ձեր կար­­ծի­­­քով ի՞նչ ռիս­­կեր են ստեղ­­ծում Հա­­յաս­­տա­­­նի հա­­մար։

Թուրքիան Հա­­յաս­­տա­­­նի դէմ միշտ որ­­դեգրած է վա­­նողա­­կան եւ մեր­­ժո­­­ղական մօ­­տեցում։ Ան­­դին Ռու­­սաստա­­նը Հա­­յաս­­տա­­­նի կա­­րեւո­­րագոյն դաշ­­նա­­­կիցն է։ Բայց նոյն Ռու­­սաստա­­նը միեւ­­նոյն ժա­­մանակ Ատրպէյ­­ճա­­­նին զէնք մա­­տակա­­րարող երկրնե­­րէն է։ Հե­­տեւա­­բար մենք՝ հա­­յերս, չենք կրնար ան­­վերջ վստա­­հիլ որե­­ւէ գեր­­տէ­­­րու­­թեան եւ ստի­­պուած ենք միշտ մեր ինքնա­­պաշտպա­­նու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու ինքներս։ Որ­­քան որ մեր եր­­կի­­­րը փոքր ըլ­­լայ, որ­­քան որ մեր ու­­ժե­­­րը սահ­­մա­­­նափակ ըլ­­լան, առա­­ջին հեր­­թին պէտք է պա­­տերազ­­մէն խու­­սա­­­փինք, պա­­տերազ­­մի տե­­ղի չտանք, բայց եթէ ար­­դէն անհրա­­ժեշ­­տութիւն դառ­­նայ եւ պա­­տերազ­­մը ան­­խուսա­­փելի ըլ­­լայ, մենք ար­­դէն ապա­­ցու­­ցած ենք, որ պա­­տերազ­­մէն վա­­խեցող չենք։ Այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, պա­­տերազ­­մը մարդկու­­թեան դէմ յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւն է, եւ մենք մին­­չեւ հար­­կադրո­­ւած չըլ­­լանք պա­­տերազ­­մի ու­­ղին պէտք չէ ընտրենք։ Բայց մեր անվտան­­գութիւնն ալ չենք կրնար վստա­­հել որե­­ւէ մէ­­կուն. մենք ենք, որ պէտք է ապա­­հովենք այդ։

 

Բա­­ցի աւան­­դա­­­կան հայ հա­­մայնքից գի­­տենք, որ գո­­յու­­թիւն ու­­նի նաեւ հա­­յաս­­տանցի­­ների խնդի­­րը։ Առար­­կա­­­յական լուրջ վտանգներ տես­­նու՞մ էք Թուրքիայում հա­­յաս­­տանցի­­ների հե­­տագայ ճա­­կատագ­­րի հետ կա­­պուած։

Անոնցմէ շա­­տերը վեր­­ջին եր­­կու տա­­րուայ զար­­գա­­­ցումնե­­րէն ետք սկսած են մտա­­ծել հայ­­րե­­­նիք վե­­րադառ­­նա­­­լու մա­­սին, բայց կայ նաեւ մի զան­­գո­­­ւած, որը փոք­­րա­­­թիւ չէ եւ մտա­­դիր չէ վե­­րադառ­­նալ։ Կը փոր­­ձեն ամէն գնով մնալ Թուրքիա, որով­­հե­­­տեւ իրենց ու­­նե­­­ցած փոր­­ձով Թուրքիոյ մէջ աւե­­լի հեշտ է աշ­­խա­­­տանք ճա­­րել։ Այդպի­­սիք կ՚ու­­զեն շա­­րու­­նա­­­կել ապ­­րիլ եւ աշ­­խա­­­տիլ Թուրքիա։ Որ­­քան ժա­­մանակ, որ օրի­­նական կար­­գա­­­վիճակ չու­­նին, անոնք միշտ այդ վտան­­գը իրենց մաշ­­կի վրայ զգա­­լու են, որ կա­­րող է պե­­տու­­թեան քա­­ղաքա­­կանու­­թիւնը փո­­խուիլ եւ իրենց գո­­յու­­թիւնը Թուրքիոյ մէջ վերջ գտնել։ Սա իրենց հա­­մար, ան­­շուշտ, մտա­­տան­­ջութիւն է, լուրջ մտա­­հոգու­­թիւն եւ միշտ ալ կայ նման հա­­ւանա­­կանու­­թիւն։ Օրի­­նակ՝ սի­­րիացի փախստա­­կան­­նե­­­րը «հրա­­ւիրո­­ւած էին» կար­­ծէք թէ Թուրքիա, բայց հի­­մա անոնք կ՚որ­­սան եւ ետ կ՚ու­­ղարկեն Սի­­րիա, նոյ­­նիսկ այն վայ­­րե­­­րը, որ­­տեղ դեռ կը շա­­րու­­նա­­­կուին պա­­տերազ­­մա­­­կան գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը։ Հա­­յաս­­տանցի­­ներու մի մա­­սի հա­­մար գլխա­­ւոր վտան­­գը Թուրքիայէն վտա­­րուիլն է։ Անոնք խառն ամուսնու­­թիւննե­­րու, իրենց սե­­րունդնե­­րու հայ մնալ-չմնա­­լու ռիս­­կե­­­րը հա­­շուի առած են, որ կ՚ու­­զեն շա­­րու­­նա­­­կել Թուրքիա ապ­­րիլ։

 

Վեր­­ջերս նկա­­տելի է Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցիու­­թեան հա­­մար դի­­մումնե­­րու աճի մի­­տում։ Այ­­սինքն Թուրքիայի հա­­յերը բա­­ւակա­­նին շատ են դի­­մում Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցիու­­թիւն ստա­­նալու հա­­մար։ Ին­­չո՞վ էք դա պայ­­մա­­­նաւո­­րում։

Ան­­շուշտ ապա­­հովու­­թեան գոր­­ծօ­­­նը պէտք է նկա­­տի առ­­նենք, մա­­նաւանդ որ Մեր­­ձա­­­ւոր Արե­­ւել­­քի հայ սփիւռքը շատ մեծ դա­­սեր քա­­ղեց Հա­­լէպի մէջ տե­­ղի ու­­նե­­­ցածէն։ Հա­­լէպը մեր կա­­յացած հա­­մայնքնե­­րէն մէկն էր՝ շատ լաւ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած հա­­մայնք մը, որն այ­­սօր գրե­­թէ գո­­յու­­թիւն չու­­նի պա­­տերազ­­մի բե­­րու­­մով։ Սա բո­­լորի հա­­մար շատ տպա­­ւորիչ օրի­­նակ հան­­դի­­­սացաւ եւ այդ առու­­մով բա­­ցառու­­թիւն չեն նաեւ պոլ­­սա­­­հայե­­րը։ Մէկ այլ գոր­­ծօն ալ կայ. ոմանք հա­­մոզո­­ւած են, որ տի­­րանա­­լով Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան անձնագ­­րին՝ աւե­­լի հեշտ առանց վի­­զայի հե­­տագա­­յում կը կա­­րողա­­նան ճամ­­բորդել դէ­­պի եւ­­րո­­­պական եր­­կիրներ։ Մի­­գու­­ցէ այդ ալ գոր­­ծօն մըն է։ Բայց կայ նաեւ մի զան­­գո­­­ւած, որու մասն եմ կազ­­մում ես ինքս, իմ ամ­­բողջ ըն­­տա­­­նիքով եւ ըն­­կե­­­րական լայն շրջա­­նակով, մեզ հա­­մար ուղղա­­կի հպար­­տութիւն է Հա­­յաս­­տա­­­նի քա­­ղաքա­­ցի դառ­­նա­­­լը եւ Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ աւե­­լի օր­­կա­­­նիք կապ ու­­նե­­­նալը, աւե­­լի ուղղա­­կիօրէն քա­­ղաքա­­ցիու­­թեան գծով Հա­­յաս­­տա­­­նի հետ կա­­պուած ըլ­­լա­­­լը մեզ հա­­մար ու­­րա­­­խու­­թիւն է եւ պա­­տիւ։

 

Վե­­րադառ­­նանք այս տա­­րի սպա­­սուե­­լիք թե­­րեւս ամե­­նակա­­րեւոր իրա­­դար­­ձութեանը՝ Պոլ­­սոյ Հա­­յոց պատ­­րիար­­քի ընտրու­­թիւննե­­րուն։ Ինչպի­­սի՞ խմո­­րումներ են տե­­ղի ու­­նե­­­նում այդ հար­­ցի շուրջ հա­­մայնքում։ Ընդհան­­րա­­­պէս հա­­մայնքի ներ­­սում ի՞նչ են խօ­­սում, ի՞նչ ակնկա­­լիք­­ներ կան։

Տար­­բեր զան­­գո­­­ւած­­ներ տար­­բեր մտա­­վախու­­թիւններ ու­­նին։ Նախ այս պա­­հին յստակ կայ դեռ եր­­կու թեկ­­նա­­­ծու, մէ­­կը՝ Արամ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Աթե­­շեանը, միւ­­սը՝ Սա­­հակ եպիս­­կո­­­պոս Մա­­շալեանը։ Անոնք եր­­կուքն ալ ու­­նին իրենց հա­­մակիր­­նե­­­րու շրջա­­նակը, բայց կայ աւե­­լի մեծ զան­­գուած, որ անոնց եր­­կուքին ալ դէմ է եւ կը փնտռէ եր­­րորդ անուն։ Այդ ուղղու­­թեամբ աշ­­խա­­­տանքներ կը տա­­րուին եւ գաղտնիք չէ, որ այդ եր­­րորդ անունն ալ այս պա­­հուն ար­­դէն յստակ դար­­ձած է յան­­ձին Սե­­պուհ Սրբա­­զան Չուլճեանի։ Սե­­պուհ Սրբա­­զան Չուլճեանին հա­­մակ­­րող կա­­րեւոր զան­­գո­­­ւած մը կայ եւ ներ­­կայ պա­­հուն այս երեք անուններն են, որ յստակ կ՚երե­­ւան։ Հե­­տեւա­­բար կրնանք խօ­­սիլ դեռ միայն այս երեք անուննե­­րու շուրջ։ Մի գու­­ցէ չոր­­րորդ անունն ալ Գա­­րեգին ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Պէք­­ճիեանն է, որ մինչ այդ ընտրո­­ւած էր որ­­պէս տե­­ղապահ եւ բա­­ցառո­­ւած չէ, որ ան ալ կ՚առաջադրէ իր թեկնածութիւնը։

 

 

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ