Յիշելով միշտ ժպտադէմ Յակոբ Այվազին

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

lusyenkopar81@hotmail.com

Կեանքը լե­ցուն է ապե­­րախ­­տութեան բազ­­մաբնոյթ երե­­ւոյթնե­­րով եւ ինչ զար­­մա­­­նալի, ան­­հա­­­տը ինք ան­­գամ պի­­տի չխոր­­հի, թէ ապե­­րախ­­տութեան մէջ է, բայց եղա­­ծը բնու­­թագրե­­լու հա­­մար ալ ու­­րիշ բառ մը, ու­­րիշ եզր մը գտնե­­լու կը դժո­­ւարա­­նայ։ Ըն­­թերցո­­ղը թող սրտանց խոս­­տո­­­վանու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով ըն­­դունէ իմ այս տո­­ղերը։ Եթէ ճիշդ ալ այս օրե­­րուս ստանձնած չըլ­­լա­­­յի ին­­ծի հա­­մար այնքան սի­­րելի մտա­­ւորա­­կանի մը՝ պոլ­­սա­­­հայ թա­­տերա­­կան աշ­­խարհի նո­­ւիրեալ գոր­­ծի­­­չի՝ Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի ան­­հա­­­տական ար­­խի­­­ւի դա­­սաւոր­­ման գոր­­ծը, թե­­րեւս իմ ալ ու­­շադրու­­թե­­­նէն վրի­­պէր անոր մա­­հուան թո­­ւակա­­նը։ Ես՝ որ առի­­թը ու­­նե­­­ցած էի իր մտեր­­մութիւ­­նը վաելե­­լու։ Եր­­կար ժա­­մանակ գրա­­շարած էի իր ձե­­ռագիր­­նե­­­րը։ Ձե­­ռագիր­­ներ՝ որոնք վկա­­յու­­թիւններ էին պոլ­­սա­­­հայ թա­­տերա­­կան կեան­­քի գու­­նա­­­գեղ ան­­ցեալէն։ Ու­­րախ եմ, որ սա վեր­­ջին շա­­բաթ­­նե­­­րուն ան­­գամ մը եւս առի­­թը ու­­նե­­­ցայ իր հա­­րազա­­տու­­թիւնը վա­­յելե­­լու։

Վեր­­ջա­­­պէս ար­­խիւ կո­­չուա­­ծը նիւ­­թե­­­րու դա­­տարկ շտե­­մարան մը չէ, ուր պի­­տի լեց­­նես ամէն ինչ եւ ապա փա­­կես կա­­փարի­­չը։ Ո՛չ ար­­խիւ կո­­չուա­­ծը բա­­նի մը ծա­­ռայե­­լու հա­­մար կը պա­­հան­­ջէ բծախնդիր աշ­­խա­­­տու­­թիւն։ Նիւ­­թե­­­րը, անունները, դէմ­­քե­­­րը եւ դէպ­­քե­­­րը պի­­տի դա­­սաւո­­րես, երբ գի­­տաշ­­խա­­­տող մը դի­­մէ որոշ նիւթ մը ու­­սումնա­­սիրե­­լու պա­­հան­­ջե­­­լով կա­­րենայ գո­­հացում տալ այդ պա­­հան­­ջին։

Սոյն տքնա­­ջան աշ­­խա­­­տան­­քը կրկին ան­­գամ առիթ տո­­ւաւ, որ­­պէսզի թա­­փան­­ցեմ իր հսկայ վաս­­տա­­­կին։ Հիանամ անոր ան­­ցած ճա­­նապար­­հով։ Եւ ճիշդ է, եթէ ճիշդ ալ այս օրե­­րուն մղո­­ւած չըլ­­լա­­­յի նման աշ­­խա­­­տան­­քի դիւ­­րաւ իմ ու­­շադրու­­թե­­­նէս ալ կրնար վրի­­պեր այս կա­­րեւոր գոր­­ծի­­­չի մա­­հուան թո­­ւակա­­նը։

Այսքա­­նը բա­­ւական էր, որ ես զիս մե­­ղաւոր հա­­մարէի իր յի­­շատա­­կին հան­­դէպ։ Փառք որ չմատ­­նո­­­ւեցայ այդ դիր­­քին։ 29 Սեպ­­տեմբե­­րը «Ակօս»ի մէջ քաղցր յի­­շատակ­­նե­­­րով յա­­ւեր­­ժա­­­ցած սի­­րելի պա­­րոն Այ­­վա­­­զի մա­­հուան օրն է։ Ու ես իբ­­րեւ այս թեր­­թի վաս­­տա­­­կաւոր աշ­­խա­­­տող կը մատ­­նո­­­ւիմ թան­­կա­­­գին յի­­շատակ­­նե­­­րու եւ այդ բո­­լորով հան­­դերձ կը խո­­նար­­հիմ իր բեղուն վաս­­տա­­­կին առ­­ջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ