Օգոստոս ամսու վերջերուն էր, երբ առաջին անգամ լսեցինք «Պատրիարքական ընտրութիւնը դասաւորող կանոնագիրը ամէն րոպէ կրնայ հասնիլ» յուսալի լուրը։ Հասած ենք Սեպտեմբերի 19-ին եւ դեռ վառ է այդ յոյսը, թէ Տեղապահ սրբազանի եւ թէ Նախաձեռնարկ մարմնի մօտ։ Միւս կողմէ հասարակութեան մէջ համատարած կերպով կը խօսուի պատրիաքական ընտրութեան միայն երկու թեկնածուներու՝ Արամ եւ Սահակ սրբազաններու միջեւ անցնելու վարկածը։ Անպաշտօն զրոյցներու ընթացքին յաճախ օրակարգի կու գայ նուազագոյն հինգ տարի Պոլսոյ մէջ պաշտօնավարած ըլլալու նախապայման մը։ Թէ ի՞նչ է նման համոզումի մը տեղի տուող կասկածը։ Այս հարցումով սլաքները կրկին անգամ ուղղուած կ՚ըլլան ծանօթ անուններու, որոնք նման վարկածը իբր առաջարկ հնչեցուցած էին նախապէս։ Ուրեմն ժողովուրդի բերնին մէջ շրջագայող այդ հաւանականութիւնը խիստ հասկնալի հետեւողականութեան մը արդիւնքն է։ Բոլորս գիտենք թէ Թուրքիա վերջին տարիներուն զգալիօրէն հեռացած է օրինական երկիր մը ըլլալու հանգամանքէն։ Հասարակութեան մէջ հետզհետէ արմատացած է թէ վերին իշխանութիւնը ինչ որ տնօրինէ, այդ է որ կը գործադրուի։ Ցաւալին այն է, որ երկրի ընդհանուր հակումները ուղղակիօրէն կը ցոլանան նաեւ հայ փոքրամասնութեան վրայ։ Արդարեւ մենք ալ կ՚ունենանք կամ եթէ չունինք կը սարքենք մեր ինքնակամ իշխանութիւնը։ Ապա հետզհետէ բոլորս կը համոզուինք, որ մեր իսկ կերտած իշխանը ի զօրու է իր կամքը պարտադրել բոլորիս։
Բոլոր այս տարակարծութիւնները իրենց արձագանգը ունեցան «Հայրենիք» թերթի մէջ լոյս տեսած քննարկումով մը։ Գրութեան հեղինակը կը պնդէր, թէ Պոլսոյ Պատրիարքարանէ ներս գործող երկու եպիսկոպոսներ համաձայնած են արտերկրի ոեւէ թեկնածուի դիմաց արգելքներ դնելու մասին։
Բարեբախտաբար, թէ Արամ եւ թէ Սահակ սրբազաններ բաւական համոզիչ բացատրութիւններով մերժեցին իրենց վերագրուած մեղադրանքը։ Անոնք օրինակներ թուեցին նախորդ պատրիարքներէ, որոնք կը գործէին աշխարհի տարբեր երկիրներու վրայ եւ հազիւ պատրիարքութեան թեկնածութիւնով եկած էին Պոլիս։
Մաշալեան եպիսկոպոս նաեւ անդրադարձաւ հայոց ազգային սահմանադրութեան հրամայականներուն, եւ դիտել տուաւ թէ այդ յօդուածի գրուած տարիներուն Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը ունէր առնուազն 100 եպիսկոպոս։
Գալով այս մասին պետութեան նախապատուութիւններուն, դարձեալ նախորդ փորձերը կ՚ապացուցեն թէ պետութիւնը ներքին գործոց նախարարութեան միջոցաւ ընտրութեան արտօնութիւն շնորհելու պահուն ակնարկութիւն կ՚ընէ նախկին աւանդութիւններու։
Հանրապետութեան շրջանին առաջին անգամ չէ, որ պատրիարք պիտի ընտրենք։ Այս մասին ունինք, թէ սեփական կանոնագրութիւն եւ թէ բաւականին փորձառութիւն։ Մնացեալը արկածախնդրութիւն է միայն։ Օրինակի համար ըսել թէ «Տեղապահով ալ կ՚ըլլայ առանց տեղապահի» դիտումնաւոր շեղում մըն է, ինչպէս անցեալի «Աթոռակից պատրիարք»ի այլընտրանքը։
Այսօր ալ մենք ենք, որ չես գիտեր որ հաշիւներուն հետեւելով կը պղտորենք զուլալ ջուրը։ Այդ ջուրը պէտք է ջինջ ու անապակ մնայ մեր դիմաց, որպէսզի մենք կարողանանք այդ ջրի հայելիին մէջ տեսնել ապագայ պատրիարքի կերպարը։
Վերջապէս այս թիւով փոքր, բայց նշանակութիւնով շատ մեծ համայնքի հաւաքական գիտակցութիւն մը ձեւաւորելու խնդրին մէջ խիստ կարեւոր է պատրիարքի դերակատարութիւնը։
pakrates@yahoo.com