Հրանդ Տինք Հիմնարկի յարատեւ ծրագիրներէն է մամուլի մէջ ատելութեան պատգամներու եւ խտրականութեան տեղեկագրի ձեւով ներկայացումը։ Հիմնարկը վերջերս հրատարակեց 2018-ի տեղեկագիրը։ Տեղեկագրի համաձայն գրաւոր մամուլի մէջ ամենաշատ ատելութեան պատգամներ ուղղուած են հրեաներուն, հայոց եւ սուրիացիներուն։ Իսկ այս տեսակի ոճը իւրացուցած տպագիր մամուլի մէջ առաջին կարգի վրայ է «Եէնի Աքիթ»։ Անոր կը հետեւին «Միլլի Կազեթէ» եւ «Եէնիչաղ»։ Տեղեկագիրը 2018-ի տեւողութեամբ ազգային, տոհմիկ եւ կրօնական խմբաւորութիւններու դէմ ատելութեան պատգամ գործածող 4839 սիւնակ եւ լրագրութիւն արձանագրած է։ 205 պարբերականներ մէկէ աւելի խմբակցութեան դէմ ատելութեան պատգամ արտադրած ըլլալով այդ գրութիւնները իրենց քննարկած խմբակցութեան թիւով հաշուարկուած եղան։ Այսպէսով ուսումնասիրուած ատելութեան պատգամները կը հասնին 5044-ի։ Այս տարի որպէս խտրականութեան օրինակ ուսումնասիրուած է Շաբաթօրեայ Մայրերու դէմ գործածուած անարգանքները եւս։ Տեղեկագրի ամբողջական պատճէնին կարելի է հասնիլ Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջի միջոցաւ։