Սիլվիա Անժելիք Ալաճաճըի գիրքը՝ «Ճանապարհ դէպի հայրենիք, հայկական սփիւռքի մէջ երաժշտութիւնը» լոյս տեսաւ։ Գիրքը նիւթ կ՚ունենայ Օսմանեան երկրի հայ երաժիշտներու յետեղեռնեան շրջանի Ամերիկա եւ Լիբանանի մէջ անցած երաժշտական ճանապարհը։ Այշէ Չաւտարի թարգմանութեամբ հրատարակուող գիրքը «Արաս» եւ «Գարափլաք» հրատարակչատուներու համատեղ ձեռնարկը ըլլալով կը մատուցուի երաժշտասէրներու ուշադրութեան։
Նիւթը նախապէս ալ զանազան գիտաշխատողներու ուշադրութեան արժանացած էր, քանի որ Ա. Աշխարհամարտին յաջորդող տարիներուն Թուրքիայէն բազմաթիւ հայ եւ յոյն երաժիշտներ գաղթած էին դէպի նոր աշխարհ եւ հոն շարունակած իրենց ուրոյն երաժշտութիւնը։ Հաւաքարարներ այսօր մեծ ուշադրութիւն կը սեւեռեն նախորդ դարասկզբին հրատարակուած ձայնապնակներուն։ Մանաւանդ իրենց ուրոյն ոճով, երբեմն այդ ձայնագրութիւնները թանգարանային արժէք կը ներկայացնեն։ Նշենք թէ յունարէն երաժշտութեան «ռեմպեթիքօ» ոճը ճիշդ ալ այս ճանապարհով է, որ լսելի դարձաւ եւ արժանացաւ բարձր գնահատանքի։ Նմանապէս Միացեալ Նահանգներէն Յունաստան, Լիբանանէն Սիրիա եւ Ֆրանսա բնաւ քիչ չեն այս ուղղութիւնով երաժշտութիւն ածած հայ արուեստագէտներ։