ՍԱՐԻԿ ՍԵՒԱԴԱ
Երեւան տեղի ունեցաւ իր տեսակի մէջ եզակի առցանց մետիա հարթակի շնորհանդէս՝ «Iammedia.am»։
Նախագծի հեղինակներն են հեռուստալրագրող Ռուզաննա Ղազարեանը եւ սփիւռքահայ գործարար, ՏՏ ոլորտի մասնագէտ Վաչէ Քավլաքեանը։
Միջոցառման ժամանակ «Iammedia.am» -ի հեղինակներն ու գլխաւոր խմբագիր Լիանայ Ադամեանը ու ստեղծագործական տնօրէն Ժակ Պապիկեանը շեշտեցին՝ նախագիծը իր բնոյթով համահայկական է, իսկ անուանումը՝ «Iammedia»՝ «ես եմ մետիան», ընտրուած է ոչ պատահական։
Ըստ իրենց մտայղացման՝ իւրաքանչիւր մարդ՝ աշխարհի ցանկացած անկիւնէն, կը դառնայ տեղեկատուութեան մատակարար եւ հեղինակ, աւելին՝ անգամ գումար վաստակել օբյեկտիվ տեղեկութիւն հրապարակելու շնորհիւ։
Վաչէ Քավլաքեանը շնորհանդէսին ներկայացուցած է, որ Ռուզաննա Ղազարեանի հետ կիսած է անոր երազանքը ու սկսած օնլայն հեռուստաընկերութիւն ստեղծելու աշխատանքը, ինչը երկու տարուայ ընթացքին իրականութիւն կը դառնայ։
Հարթակը հասանելի է ամենուր եւ ցանկացած մարդ կրնայ օգտուիլ «Iammedia.am» - կայքի «Իմ Մետիա» բաժնէն, դառնալ օգտատէր, ունենալ սեփական հաշիւը, առցանց թղթակցիլ եւ վաստակել գումար, հարթակը դեռեւս եռալեզու է։
Աշխարհի բոլոր անկիւններէն տարածէք համահայկական գաղափարը լուսաբանող հարթակի մետիակոնտենտը՝ դարձէք թղթակից եւ վաստակէք գումար։