Օրհան Քեմալի վիպագրութեան մէջ արիւնոտ հողերը, իբրեւ դաժան ճակատագիր

ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ

 

ՀՎի­­պագիր Օր­­­հան Քե­­մալի գոր­­­ծե­­­­­­րուն մէջ յա­­ճախ ակ­­­նարկու­­­թիւննե­­րու կա­­րելի է հան­­­դի­­­­­­պիլ Հա­­յոց ցե­­ղաս­­­պա­­­­­­նու­­­թեան նիւ­­­թով։ Յատ­­­կա­­­­­­պէս ան երբ կը խօ­­սի Ատա­­նայի մէջ արա­­գօրէն հարստա­­ցող ըն­­­տա­­­­­­նիք­­­նե­­­­­­րու մա­­սին, ան­­­պայման կ՚անդրա­­դառ­­­նայ հա­­յոց ցե­­ղաս­­­պա­­­­­­նու­­­թեան։ Օր­­­հան Քե­­մալի 1963-ին հրա­­տարա­­կուած «Արիւ­­­նոտ Հո­­ղեր» անուն վէ­­պը ու­­­շագրաւ օրի­­նակ մըն է այս առու­­­մով։ «Արիւ­­­նոտ Հո­­ղեր»ը օս­­­մա­­­­­­նեան շրջա­­նի Ատա­­նան կը նկա­­րագ­­­րէ Քան­­­թարճը Մուսթա­­ֆա անուն կեր­­­պա­­­­­­րի պատ­­­մածնե­­րով։ Դէպ­­­քը կ՚անցնի 1934-ին, ուր դէպ­­­քե­­­­­­րը կը զար­­­գա­­­­­­նան Թո­­փալ Նու­­­րիի, զինք գո­­ղու­­­թեան մղող Քան­­­թարճը Մուսթա­­ֆայի եւ հիւ­­­սո­­­­­­ւած­­­քի գոր­­­ծա­­­­­­րանի սե­­փակա­­նատէր Նե­­տիմ Աղա­­յի շուրջ։

Հա­­տուած մը Քան­­­թարճը Մու­­­թա­­­­­­ֆայի պա­­տու­­­մէն. «Այդ ժա­­մանակ այսպէս չէր առեւ­­­տուրի աշ­­­խոյժ օրեր էին։ Վա­­ճառա­­կանու­­­թիւնը կեաւուրնե­­րու ձեռ­­­քին էր։ Լսած ըլ­­­լա­­­­­­լու ես Նե­­տիմ Աղա­­յի գոր­­­ծա­­­­­­րանին քով միւս բո­­լոր գոր­­­ծա­­­­­­րան­­­ներն ալ հա­­յերուն, յոյ­­­նե­­­­­­րուն, գեր­­­մա­­­­­­նացի­­ներուն ձեռքն էր։ Մար­­­դի­­­­­­կը վար­­­պետ են վա­­ճառա­­կանու­­­թեան մէջ»։ Հե­­ղինա­­կը Ա. Աշ­­­խարհա­­մար­­­տը եւ ցե­­ղաս­­­պա­­­­­­նու­­­թիւնը ու Ատա­­նայի ապ­­­րած փո­­փոխու­­­թիւննե­­րը կը բնու­­­թագրէ ոչ մայ­­­րը եւ ոչ ալ հայ­­­րը յի­­շող Թո­­փալ Նու­­­րիի խօս­­­քե­­­­­­րով. «1914 եւ Աշ­­­խարհա­­մարտ։ 14 տա­­րեկան տկլոր մի տղէք։ Բո­­ցավա­­ռուող աչ­­­քե­­­­­­րը կ՚ապա­­ցու­­­ցէ թէ, որ­­­քան խե­­լացի է։ Աք­­­սո­­­­­­րուած հա­­յերուն աշ­­­խա­­­­­­տանոց­­­նե­­­­­­րուն խու­­­ժած օս­­­մանցի­­ներն ալ հա­­զիւ հա­­յերու չափ բա­­րեկամ, կամ հա­­յերու չափ թշնա­­մի են։ Իրեն շա­­հին հա­­մար պայ­­­քա­­­­­­րող­­­նե­­­­­­րը թէ­­կուզ մզկիթ յա­­ճախէն, թէ­­կուզ եկե­­ղեցի կամ ժո­­ղովա­­րան անուննին ըլ­­­լար Ահ­­­մետ, Մեհ­­­մետ, Ալի կամ Պօ­­ղոս, Վար­­­դան, Ալֆրետ կամ Հո­աճոփու­­­լօ…»։ Թո­­փալ Նու­­­րիի տե­­սան­­­կիւնով ճա­­կատագ­­­րա­­­­­­կան նշա­­նակու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­ցող դէպ­­­քե­­­­­­րէն մէկն ալ 1918-ին ֆրան­­­սա­­­­­­ցինե­­րու Ատա­­նա գա­­լուստն է։ «Մենք պար­­­տո­­­­­­ւեր ենք գեր­­­մա­­­­­­նացի­­ներու հետ միասին։ Ֆրան­­­սա­­­­­­ցիներ ատա­­նայի կող­­­քին նաեւ մտեր են Մա­­րաշ ու Ան­­­թեպ։ «Զար­­­մա­­­­­­ցած աչ­­­քե­­­­­­րով կը հե­­տեւի տե­­ղացի­­ներուն փա­­խեփախ կո­­չած երե­­ւոյ­­­թին։ Ժո­­ղովուրդը ձիերով, ջո­­րինե­­րով, էշե­­րով բեռցրած ամէն ին­­­չը կը փախ­­­չին ֆրան­­­սա­­­­­­ցինե­­րէն։ Հա­­յու քով գնաց Տիգ­­­րան եղաւ, յոյ­­­նի քով գնաց Տի­­միդ­­­րի։ Լսած էր թէ Եէնի­­ճէյի ճամ­­­բուն իս­­­լամնե­­րու վրայ քա­­րիւղ թա­­փած ու այ­­­րած են։ Ցաւ չզգաց այդ լսած­­­նե­­­­­­րով, ընդհա­­կառա­­կը ուս թօ­­թուեց ու շա­­րու­­­նա­­­­­­կեց իր ճամ­­­բուն»։

Այս ան­­­գամ Քան­­­թարճը Մուսթա­­ֆան է պատ­­­մո­­­­­­ղը. «Երբ ամէն ինչ տակն ու վրայ եղաւ էլ ի՞նչ կե­­նալ։ Փա­­կեցի խա­­նու­­­թը, մայր ու քոյրս յա­­ռաջ քշած բռնե­­ցի փա­­խեփա­­խի ճա­­նապար­­­հը։ Ո՞վ, որո՞ւ կը տես­­­նէ այդ ճա­­նապար­­­հին։ Ժո­­ղովուրդը իրար կը հրմշտկէ, ան­­­տէ­­­­­­րու­­­թիւն, սով»։

Օր­­­հան Քե­­մալ ոչ 1909-ի Ատա­­նայի կո­­տորած­­­նե­­­­­­րուն մա­­սին կը խօ­­սի, ոչ ալ 1915-ի ցե­­ղաս­­­պա­­­­­­նու­­­թեան։ Անոր ու­­­շադրու­­­թիւնը կեդ­­­րո­­­­­­նացած է յափշտա­­կուած հարստու­­­թեան մը վրայ։ Բնա­­կան երե­­ւոյթ, քա­­նի որ այդ յափշտա­­կուած հարստու­­­թիւնը յա­­ջոր­­­դող տա­­րինե­­րու գլխա­­ւոր կռո­­ւախնձորն է Ատա­­նայի մէջ։ Կու­­­սակցա­­կան­­­նե­­­­­­րը կ՚օգ­­­տո­­­­­­ւէին այդ կռուախնձո­­րէն։ Հո­­ղատէ­­րերը կ՚օգ­­­տո­­­­­­ւէին, քա­­նի որ Ատա­­նայի բո­­լոր երե­­ւելի­­ները օգ­­­տո­­­­­­ւած էին հա­­յերէ յափշտա­­կուած հարստու­­­թե­­­­­­նէն։ «Ի վեր­­­ջոյ ամէն ինչ օրի­­նակ սա վրան բազ­­­մած ըն­­­կոյզէ­­նիէ շի­­նուած գրա­­սեղա­­նը, վրան նստած աթո­­ռը, ամէն ամէն ինչ այդ յափշտա­­կուած հարստու­­­թեան օրի­­նակ­­­ներն են։ Ահա այս գոր­­­ծա­­­­­­րանն ալ ճիշդ այդպէս կու­­­սա­­­­­­կալու­­­թեան առա­­ջատար դէմ­­­քե­­­­­­րու աջակ­­­ցութեամբ է, որ իր սե­­փակա­­նու­­­թիւնը դար­­­ձած էր։ Այդ իսկ պատ­­­ճա­­­­­­ռաւ ալ կու­­­սակցա­­կան­­­նե­­­­­­րուն բո­­լոր հրա­­հանգնե­­րուն պար­­­տա­­­­­­ւոր էր յօ­­ժարե­­լու, թէ ոչ յա­­ճախ պի­­տի հարցնէին ուրկէ՞ տի­­րացար այս գոր­­­ծա­­­­­­րանին։ Հօ՞րդ վաս­­­տակն է ար­­­դեօք։ Ան շատ ան­­­գամ կը հար­­­կադրո­­ւէր տաս­­­նեակ տոմ­­­սակ վերցնել կու­­­սակցու­­­թեան սար­­­քած պա­­րահան­­­դէ­­­­­­սին հա­­մար։ Յան­­­կարծ եթէ փոր­­­ձէր այդ պա­­հանջնե­­րէն մէ­­կը մեր­­­ժել, իս­­­կոյն կ՚են­­­թարկո­­ւէր ծանր հա­­լածան­­­քի։ «Ծօ՛ Աս­­­տուծոյ լեռնցին Չու­­­քուրօ­­վա եկած էիր ոտ­­­քիդ տրեխ­­­նե­­­­­­րով։ Այս գոր­­­ծա­­­­­­րանը հա՞յրդ կա­­ռու­­­ցեց։ Հա­­յու ապ­­­րանքն է։ Մեր կու­­­սակցու­­­թեան շնոր­­­հիւ տի­­րացար։ Մի բար­­­կացներ զիս ձեռ­­­քէդ կ՚առ­­­նեմ յե­­տոյ»։

Իրաւ ալ Նե­­տիմ Աղա առի­­թէն օգ­­­տո­­­­­­ւող­­­նե­­­­­­րէն էր։ Իսկ Թո­­փալ Նու­­­րին առի­­թը փախ­­­ցուցած­­­նե­­­­­­րէն։ «Ազա­­տագրման պա­­տերազ­­­մէն ետք Աս­­­տո­­­­­­ւած իմ ժո­­ղովուրդը ինչպէ՞ս յար­­­ձա­­­­­­կուե­­ցաւ հա­­յերէն, յոյ­­­նե­­­­­­րէն մնա­­ցած ապ­­­րանքին վրայ։ Կա­­ւուրնե­­րէն մնա­­ցած բո­­լոր ար­­­հեստնե­­րուն մե­­րոնք տի­­րացան։ այդ ժա­­մանակ եթէ քիչ մը փող ու­­­նե­­­­­­ցած ըլ­­­լա­­­­­­յի այ­­­սօր ես ալ հա­­րուստնե­­րու կար­­­գէն կը դա­­սուէին։ Զինք ճանչցող­­­նե­­­­­­րը գի­­տեն։ Պատ­­­րած տրեխ­­­նե­­­­­­րով եկած է այս կող­­­մե­­­­­­րը։ Ժո­­ղովուրդի բե­­րանն էր ինչպէս հարստա­­նալը ալ ես չեմ պատ­­­մեր։ Գիտ­­­ցո­­­­­­ղը ար­­­դէն գի­­տէ»։

Այս խօ­­սակ­­­ցութեան վրայ հե­­տաքրքրա­­կան է Թո­­փալ Նու­­­րիի եզ­­­րա­­­­­­կացու­­­թիւնը. «Ու­­­րիշ տե­­սակ չէր կրնար ըլ­­­լալ։ Այդ ժա­­մանակ հա­­յեր ու յոյ­­­ներ օս­­­մանցու հետ կռո­­ւի բռնո­­ւեցան։ Թա­­գաւո­­րը անար­­­գե­­­­­­ցին։ Նոյ­­­նիսկ Սուլթան Հա­­միտը գա­­հըն­­­կէց ըրին։ Ապա սահ­­­մա­­­­­­նադ­­­րութեան շրջան Երիտ­­­թուրքե­­րու եւ ազ­­­գա­­­­­­յին հա­­րուստներ ու­­­նե­­­­­­նալու մար­­մա­­­ջը»։

Օր­­հան Քե­­մալի գրա­­կանու­­թեան մէջ յա­­ճախ անդրա­­դարձ կ՚ըլ­­լայ արիւ­­նոտ հո­­ղերու իրո­­ղու­­թեան։ Ի՞նչն է այդ արեան խնդի­­րը, որ յա­­րատեւ շա­­րու­­նա­­­կած է սե­­րունդնե­­րու տե­­ւողու­­թեամբ եւ մին­­չեւ օրս չէ յա­­գեցած։ Արիւն հե­­ղելու մշա­­կոյ­­թը մին­­չեւ օրս գլխա­­ւոր մղձա­­ւան­­ջը ըլ­­լա­­­լու կը շա­­րու­­նա­­­կէ այդ հողերուն վրայ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ