ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պարտաւոր ենք ստախօսը հերքելու

Նկա­տելով թէ իր զրպար­տութիւննե­րով ու ապա­տեղե­կատո­ւական բնոյ­թի ելոյթնե­րով կը սնա­նին որոշ շրջա­նակ­նե­րու կող­մէ դի­տումնա­ւոր կեր­պով կ՚ան­տե­սէինք «ԱՍԻՄ­ՏԷՐ»ի (Ան­հիմն Հայ­կա­կան Պնդումնե­րու Դէմ Պայ­քա­րի Միու­թեան) ելոյթնե­րը։ Մենք ալ կը բաժ­նենք, այն հա­մատա­րած հա­մոզու­մը, ըստ որու այս միու­թեան կ՚օժան­դա­կէ ատրպէյ­ճա­նական ըն­կե­րու­թիւն «Սո­գար»ը։ Ար­դա­րեւ միու­թիւնը իր առ­ջեւ պար­տա­կանու­թիւն դրած է անտրա­մաբա­նական զա­նազան բնոյ­թի մե­ղադ­րանքներ ար­տադրել բո­լոր հայ­կա­կան նա­խաձեռ­նութիւննե­րու դի­մաց։ Այս ընե­լու ժա­մանակ ան կը գե­րազան­ցէ խել­քի, մտքի, տրա­մաբա­նու­թեան եւ հա­մաշ­խարհա­յին գի­տու­թեան բո­լորը սահ­մաննե­րը։ Եր­բեք ջանք չի վատ­ներ իր պնդումնե­րուն իրա­ւացի կամ փաս­տա­ցի հիմք մը գո­յաց­նե­լու հա­մար։ Հիմ­նա­կան նպա­տակն է Թուրքիոյ մէջ կամ այ­լուր հայ­կա­կան բո­լոր ձեռ­նարկնե­րուն դէմ ցե­խար­ձա­կու­մը։ Օրի­նակի հա­մար կը պնդէ թէ Աղ­թա­մար կղզու Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ գմբէ­թին տե­ղաւո­րուած խա­չը դի­տումնա­ւոր կեր­պով սե­ւի ներ­կո­ւած է։ «Հա­յեր այսպէ­սով ակ­նարկած կ՚ըլ­լան ան­ցեալի «Սեւ Խաչ» կո­չեալ ահա­բեկ­չա­կան կազ­մա­կեր­պութեան»։ Այս ըսե­լու պա­հուն դի­տումնա­ւոր կեր­պով կ՚ան­տե­սէ թէ պատ­մութեան ըն­թացքին մեր բո­լոր եկե­ղեցի­ներու գմբէթ­նե­րուն տե­ղադ­րո­ւած խա­չերը սեւ եղած են։

Ու­րիշ օրի­նակի մը մէջ վե­րանո­րոգուած Աղ­թա­մարի Սուրբ Խաչ եկե­ղեց­ւոյ բա­ցու­մին 9 Սեպ­տեմբեր ըլ­լա­լը կը յա­րաբե­րէ Զմիւռնիոյ ազա­տագրման օրին հետ եւ այսպէ­սով կ՚ընէ հե­տեւեալ մեկ­նա­բանու­թիւնը։ «Հա­յեր ըսել կ՚ու­զեն թէ 9 Սեպ­տեմբե­րին ակա­մայ հե­ռացան Իզ­մի­րէն, բայց նոյն 9 Սեպ­տեմբե­րին կը վե­րադառ­նան Վան»։

Հոս եւս ան­պա­տեհու­թիւն չի տես­ներ յոյ­նե­րու հետ առնչո­ւած դէպ­քը հա­յերու հետ յա­րաբե­րելու մէջ։ Միու­թիւնը մօտ ան­ցեալին նոյ­նիսկ հա­մար­ձա­կեցաւ պնդե­լու թէ Աղ­թա­մար եկե­ղեցին ոչ թէ հա­յերու, այլ քրիս­տո­նէադա­ւան քըփ­չաք թուրքե­րու կող­մէ կա­ռու­ցո­ւած է։ «Հա­յեր գի­շերո­ւայ մու­թին գաղտնօ­րէն գա­լով հայ­կա­կան տա­ռեր քան­դա­կած են եկե­ղեց­ւոյ վրայ, որ­պէսզի աւե­լի ետք իրա­ւունք պա­հան­ջեն եկե­ղեց­ւոյ սե­փակա­նու­թեան հա­մար»։

Ճիշդ է որ այս յի­մար պնդումնե­րը ար­ժա­նի չեն տրա­մաբա­նական որե­ւէ բա­ցատ­րութիւ­նով հեր­քո­ւելու։ Այդ բո­լորը լսե­լով ոչ թէ մար­դիկ, այլ ագ­ռաւնե­րը իսկ կրնան կուշտ ու կուր ծի­ծաղել։ Բայց ան­դին կայ ու­րիշ իրո­ղու­թիւն մը եւս։ Բնաւ քիչ չեն նման պնդումնե­րու դիւ­րաւ հա­ւատա­լու աս­տի­ճանին միամիտ եղող­նե­րը։ Ար­դա­րեւ հետզհե­տէ ան­կա­րելի կը դառ­նայ այս ան­խելք պնդումնե­րը ան­պա­տաս­խան թո­ղուլ։ Եւ մենք ալ հոգ չէ թէ առա­ջին ան­գամ, բայց որո­շած ենք այ­սուհե­տեւ ար­ժա­նի կեր­պով պա­տաս­խա­նել նման յի­մար ելոյթնե­րուն։ Նոյ­նիսկ պէտք չէ զար­մա­նանք, եթէ յան­կարծ օր մը հան­դի­պինք օտար հե­ղինա­կի մը գրու­թեան, ուր իր միտ­քե­րը հիմ­նած ըլ­լայ «ԱՍԻՄ­ՏԷՐ»ի այս ան­խելքու­թեան մարմնա­ցում պնդումնե­րուն վրայ։ Հե­տեւա­բար որ­քան ալ ցա­ւալի ըլ­լայ, պի­տի ստի­պուինք բո­լոր գե­տին­նե­րի մէջ հեր­քել ու դա­տապար­տել այս բնոյ­թի ձաբռտուքնե­րը։ Յի­շենք թէ ան­ցեալին Հիթ­լեր նման ձաբռտուքնե­րէն օգ­տո­ւելու մի­տու­մով հիմ­նած էր քա­րոզ­չութեան յա­տուկ նա­խարա­րու­թիւն մը Ժո­զեֆ Կո­պել­սի գլխա­ւորու­թեամբ եւ Կո­պելս հպար­տօ­րէն խոր­հուրդ կու տար ստե­լու ի շահ ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու։ Վեր­ջա­պէս մեր հաշ­ւոյն ալ ժա­մանա­կը եկած է բո­լոր գե­տին­նե­րու վրայ, նոյ­նիսկ եթէ պէտք է ծաղ­րե­լով ու ծի­ծաղե­լով ջրել «ԱՍԻՄ­ՏԷՐ»ի պնդումները։

pakrates@yahoo.com