Երբ մէկ կողմէ կը շարունակուի Հրանդ Տինքի սպանութեան հետ առնչուած դատական գործողութիւնը, միւս կողմէ պատրաստութիւնները կ՚աւարտին Հրանդ Տինքի անունով շնորհուած մրցանակաբաշխութեան։ Ինչպէս ծանօթ է ամէն տարի Հրանդ Տինքի ծննդեան օրը կը կայանայ նաեւ մրցանակաբաշխութիւնը, բոլոր այն մարդկանց, որոնք իրենց գործով նպաստած են մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ համաշխարհային խաղաղութեան։
Մրցանակը հաստատուած էր Հրանդ Տինքի մահուան յաջորդող տարին նախաձեռնութեամբ Տինք ընտանիքի անդամներուն։ Արդարեւ անոնց ջանքերով հիմնադրուած հիմնարկը ամէն տարի մէկը Թուրքիայէն, իսկ միւսը աշխարհի զանազան երկիրներէն երկու անձերը կը պարգեւատրէ անոնց ունեցած աշխատութեան համար։
Մրցանակը կը որոշէ միջազգային դատակազմ մը որ ունի, թէ մշտական անդամներ եւ թէ ամէն տարի անոնց վրայ աւելցած վերջին մրցանակատէրը։ Արդարեւ այս տարի ալ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ապի Սաշ, քաղաքագէտ Այշէ Գատըօղլու, գրող, բեմադրիչ եւ դերասան Էրճան Քեսալ, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործիչ Էօզլեմ Տալքըրան, պատմաբան Ռանըլտ Գրիգոր Սիւնի, արուեստագէտ Սարգիս Զապունեան, երաժիշտ Սերժ Թանքեան, կիներու իրաւունքներու պաշտպան Զէյնեփ Սալպի, Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախագահ Ռաքէլ Տինքի անուններու վրայ եկաւ աւելնալու անցեալ տարուայ դափնեկիրներ Մուրատ Չելիքքան եւ «Մուաթանա» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները։
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լիւթֆիւ Քըրտարի անուան համագումարներու դահլիճին մէջ 15 Սեպտեմբեր Կիրակի երեկոյ ժամը 20.00-ին։ Միջոցառման կարելի է հետեւիլ նոյն պահուն համացանցի դրութեամբ «Թուիթըր»ի «Եութուպ»ի միջոցաւ @HrantDinkOdulu, @HrantDinkAward կամ@HrantDinkArm հասցէներով։