Առեղծուածները պիտի կրնա՞ն լուսաբանուիլ

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան հետ առնչո­ւած պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րու դա­տավա­րու­թիւնը շա­րու­նա­կուե­ցաւ 5 Սեպ­տեմբեր Հինգշաբ­թի օր։ Այս նիս­տին քննար­կումնե­րը կա­յացան ոճի­րի թո­ւակա­նին «Ակօս» խմբագ­րա­տան մեր­ձա­կայ «Ագ­պանք» դրա­մատան տե­սախ­ցիկնե­րուն շուրջ։ Այս մա­սին հայց ներ­կա­յացու­ցին դրա­մատան Փան­կալթըի մաս­նա­ճիւ­ղի տնօ­րէն Համ­զա Պիւ­լենթ Իլ­քէ­հան եւ տե­սագ­րութիւննե­րը վերցնող ոս­տիակն Ճեմ Աքար։ Իլ­քէ­հան յայտնեց թէ ոճի­րի օրը տե­սախ­ցիկնե­րուն ար­ձա­նագ­րած տե­սանիւ­թե­րը եօթը կամ ու­թը ան­գամ յանձնած է տար­բեր ոս­տի­կան­նե­րուն։ Ակա­նատե­սի վկա­յու­թեամբ ոս­տի­կան­նե­րը խու­սա­փած են տե­սանիւ­թե­րը ստա­ցած ըլ­լա­լու մա­սին որե­ւէ փաս­տա­թուղթ ստո­րագ­րե­լէ։ «Միայն մէկ ան­գամ յա­ջողե­ցայ ստա­ցագիր ստո­րագ­րե­լու» ըսաւ Իլ­քէ­հան։ Ան նաեւ հա­ւաս­տիացուց, որ տե­սանիւ­թե­րու վրայ որե­ւէ խնդիր գո­յու­թիւն չու­նէր, բո­լորն ալ յստակ էին։ Իլ­քէ­հան նշեց թէ դէպ­քի պա­տահե­լէն կարճ ժա­մանակ ետք ոս­տի­կան­ներ եկած են դրա­մատուն, որոնցմէ մէ­կը փոխ ոս­տի­կանա­պետ էր։ «Իրենց յանձնե­ցի տե­սագ­րութիւննե­րը։ Ապա եւս եր­կու ոս­տի­կան­ներ եկան, անոնք ալ հե­տաքրքրո­ւած էին տե­սախ­ցիկնե­րու ար­ձա­նագ­րութիւ­նով։ Իրենց յանձնած եմ ամ­բողջ տե­սանիւ­թե­րը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ