Դէպի վերջակէտ սպասումը կը շարունակուի

Պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թեան կար­գա­դիր յանձնա­խումբը 9 Սեպ­տեմբեր Եր­կուշաբ­թի օրո­ւայ իր հեր­թա­կան նիս­տին դար­ձեալ օրա­կար­գի վրայ ու­նե­ցաւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խարա­րու­թեան կող­մէ ընտրու­թեան կարգ ու կա­նոնը բնու­թագրող կա­նոնագ­րութեան ամէն րո­պէ հաս­նե­լու հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Որո­շեց թափ տալ ընտրու­թեան նա­խապատ­րաստու­թիւննե­րուն։ Այսպէս որո­շում կա­յացաւ ընտրող­նե­րու անո­ւանա­ցան­կե­րը պատ­րաստե­լու գոր­ծին մէջ դժո­ւարու­թիւններ ապ­րող ընտրա­տարածքնե­րուն ան­մի­ջական օգ­նութեան փու­թա­լու հա­մար։ Ինչպէս ծա­նօթ է իւ­րա­քան­չիւր եկե­ղեցի կը հա­մարո­ւի յա­տուկ ընտրա­տարածք եւ այդ եկե­ղեցիին ներ­կա­յաց­նե­լիք պատ­գա­մաւոր­նե­րու թի­ւը կը հաս­տա­տուի բնակ­չութեան հա­մեմա­տու­թիւնով։ Ար­դա­րեւ շատ կա­րեւոր է եկե­ղեցի­ներու հա­մայնքնե­րու բնակ­չութեան թի­ւը։ միւս կող­մէ կարգ մը թա­ղակա­նու­թիւններ կը խու­սա­փին իրենց տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող ընտրող­նե­րու մա­սին տե­ղեկու­թիւննե­րը Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մին տրա­մադ­րե­լէ։ Նոյ­նիսկ կարգ մը խոր­հուրդներ հար­ցա­կանին տակ կը դնեն Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մի­նի լիազօ­րու­թիւնը եւ կը մեր­ժեն հա­մագոր­ծակցիլ։

Միւս կող­մէ բնաւ քիչ չէ այն Պոլ­սա­հայե­րու թի­ւը, որոնք ցարդ գրան­ցո­ւած չեն իրենց թա­ղի եկե­ղեցի­ներու տո­մար­նե­րուն։ Նա­խաձեռ­նարկ Մար­մի­նը կը փոր­ձէ գրանցման հա­մար կոչ ուղղել եւ այսպէ­սով ապա­հովել կա­րելի եղած ամե­նաբարձր հա­մեմա­տու­թիւնով ընտրու­թեան մաս­նակցու­թիւնը ապա­հովել։ Մինչ այդ նաեւ որո­շուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­րանի կայ­քէ­ջին վրայ յա­տուկ բա­ժին տրա­մադ­րել եւ նիւ­թին վե­րաբե­րեալ զար­գա­ցումնե­րը նաեւ այդ խո­ղովա­կով լսե­լի դարձնել հան­րութեան։

Այս զար­գա­ցումնե­րու զու­գա­հեռ վե­րահա­սու կը դառ­նանք թէ տե­ղապահն ալ իր կար­գին տա­կաւին դի­մում չէ կա­տարած բո­լոր այն բնա­կան թեկ­նա­ծու­նե­րուն, որոնք լիազօ­րու­թիւն ու­նին իրենց թեկ­նա­ծու­թիւնը առա­ջադ­րե­լու։ Կը յի­շենք թէ տե­ղապահ Սա­հակ Մա­շալեան իր ան­ցեալի ելոյթնե­րուն այս մա­սին յա­ճախ նշած էր պե­տու­թե­նէ գա­լիք ար­տօ­նագ­րի սպաս­ման մա­սի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ