ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
pakrates@yahoo.com
Ի՞նչն է Հայաստանի հրապոյրը։ Ո՞րն է այն ուժը որ իւրաքանչիւր հայ կը կապէ Կովկասեան լեռներուն լանջին փռուած այս երկիրը կը վերածէ դրախտավայրի։ Ո՞րն է գաղտնիքը «Իմ հայրենեաց փուշն անուշ է քան զ վարդ» խօսքերու նշանակութիւնը։ Եթէ չենք կարողացած այս բնոյթի հարցումներուն համոզիչ պատասխան մը ճարել։ Անդին կը մնայ անիմաստ ռոմաթիզմ մը միայն։ Եւ գիտենք թէ ամէն ինչ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ դասաւորող ուզողները ինչպիսի հեգնանքով կը դիտեն զգացական բոլոր արժանիքները։ Վերջապէս աշխարհիս վրայ պիտի չափուին երկու արժանիքներ՝ նիւթականն ու բարոյականը։ Կարելի չէ տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ այդ քարքարուտ երկրին համար ըսել. «Իմ հայրենեաց փուշն անուշ է քան զ վարդ»։ Ուրեմն պարտինք աւելի յստակ պատճառ մը գոյացնելու։ Որովհետեւ պէտք է ու պիտի ըլլայ այդ տրամաբանական բացատրութիւնը։ Չեն կրնար մարդիկ կոյրզկուրայն սխալած ըլլալ։ Վերջապէս պիտի գտնենք այն բացատրութիւնը, որ համոզիչ է։ Եւ պէտք չունինք երկար որոշելու, պատկանելիութիւնն է այդ։ Պատկանելիութիւն՝ երկրին ու հողին։ Պատկանելիութիւն՝ հայրենիք կոչուած արժէքին։ Եւ ո՞վ կրնայ ուրանալ, թէ իրաւացի է այդ արժէքը։ Բայց որքան կարելի է «ո՞վ կրնայ ուրանալ» հարցնել, քանի որ համատարած են նաեւ ուրացողներու փաղանգը։ Անոնց կրնանք հանդիպիլ ամենուրէք։ Գիտեն աշխարհի լաւագոյն վայրերը։ Համտեսած կ՚ըլլան աշխարհի լաւագոյն խոհանոցները։ փորձած կ՚ըլլան ամէն ինչի ամենաընտիրը։ Եւ այդ բոլորով ալ կը բերեն իրենց բաղդատութիւնը։ Կ՚երեւի թէ այստեղ խնդիրը կապուած է ծագումի հետ։ Կան մարդիկ որոնք կը հաւատան թէ դուրս եկած են ծառի մը խոռոչէն։ Իսկ նաեւ կան մարդիկ որոնք վայելած են հայրենի օճախի ջերմութիւնը, հարազատութիւնը։ Այդ օճախին մէջ շաղախուած է իրենց ինքնութիւնը։ Գիտեն թէ ի՞նչ կը նշանակէ սեփականը եւ դժուար թէ դուրս գան այդ նշանակութենէն։ Ահաւասիկ անոնց համար Հայաստանը ունի յատուկ ձգողականութիւն։ Ձգողականութիւն՝ որ վեր կը դասուի մնացեալ ամէն ինչէ։ Եւ ի դէմ այս բոլորին այժմ Հայաստան դարձած է օր ըստ օրէ ծաղկող երկիր։ Այդ ծաղկման մէջ զանազաններ ունին իրենց բաժինը։ Եւ երանի բոլոր անոնց, որոնք կը վայելեն ծաղկունքէն իրենց վիճակածը։ Պահը եկած է անգամ մը եւս յիշելու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.-ի պատգամը. «Սա Հայաստան է, ուր ոչ մէկ բան կը կորսուի, այլ ամէն ինչ կը կուտակուի, կը շատանայ ու կ՚աճի»։
Այս հաւատքին ականատես ըլլալու բազմաթիւ երեւոյթներով լեցուած է։