ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՁԱՅՆ

Ձեր ականջնե­­րուն մէջ կը թրթռամ ամե­­­­նուր, ամէն վայրկեան։ Ձեր դրախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յին ու վայ­­­­րի լեռ­­­­նաշխար­­­­հի «ձայ­­­­ն»ն եմ ես։ Նախ ձեր ջրվէժ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու հնչիւնն էի ես, ամ­­­­պե­­­­­­­­­­­­­­­րու որո­­­­տումն ու բոմ­­­­բիւնը, ալիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու շա­­­­ռաչը, տե­­­­րեւ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու սօ­­­­սափիւ­­­­նը, առիւծնե­­­­րու մռնչիւ­­­­նը, հա­­­­ւատա­­­­րիմ գամփռնե­­­­րով հա­­­­չիւ­­­­նը, բա­­­­րի արա­­­­գիլ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կափ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­փիւ­­­­նը եւ կան­­­­չող կռու­­­­ներնե­­­­րու կռնչիւ­­­­նը։ Ապա եկաւ մար­­­­դը։ Ես դար­­­­ձայ սրտի տրո­­­­փիւն, ծի­­­­ծաղ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու քրքիջ, հա­­­­յու­­­­հիի նրբա­­­­նախշ տա­­­­րազի շրշիւն, հար­­­­սի հեւք եւ նո­­­­րածի­­­­նի ճո­­­­ւոց։ Յան­­­­կարծ, խա­­­­ղաղու­­­­թեան ձայ­­­­նը խզո­­­­ւեցաւ- վայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի աղա­­­­ղակով եկան աս­­­­պա­­­­­­­­­­­­­­­տակող վոհ­­­­մակներ, դո­­­­փին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րով պայ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րու։ Ձեր սա­­­­րերը թղրթա­­­­ցին նե­­­­տերու շկա­­­­հիւ­­­­նով, վա­­­­հան­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու կո­­­­փիւ­­­­նով եւ սու­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րու շխշխո­­­­ցով։ Աւա՜ղ, ձեր ազ­­­­գը տե­­­­սաւ աք­­­­սո­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ սու­­­­գը։ Հա­­­­յոց ձո­­­­րերուն մէջ լսո­­­­ւեցան հա­­­­ռաչանքներ, լաց ու կո­­­­ծի վայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­սուններ... Յար­­­­գե­­­­­­­­­­­­­­­լի ունկնդիր, հասկցայ, դուք այ­­­­սօր ու­­­­զեր էք ականջ տալ իմ պատ­­­­մութեանս։ Երախ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­պարտ եմ։ Բայց ձեզ զգու­­­­շացնեմ։ Դուք միայն քաղցրա­­­­ձայն հնչիւններ պի­­­­տի չլսէք։ Իմ պատ­­­­մութիւնս ու­­­­նի նաեւ իր լռու­­­­թեան տրտում պա­­­­հերը։ Եւ ձե­­­­զի ամէ­­­­նը կը պատ­­­­մեմ, սկիզ­­­­բէն մին­­­­չեւ ձեր օրե­­­­րը, դա­­­­րերու խո­­­­րերէն մին­­­­չեւ այ­­­­սօր, լսե­­­­ցէ՛ք համ­­­­բե­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թեամբ եւ հե­­­­զու­­­­թեամբ, որ­­­­պէսզի, չ՚ար­­­­ժեզրկո­­­­ւի ո՛չ մէկ գրի­­­­չի ձայ­­­­նը եւ որ­­­­պէսզի, կա­­­­տարո­­­­ւի Գրի­­­­գոր Նա­­­­րեկա­­­­ցիի աղա­­­­չան­­­­քը. «Մի՛ լի­­­­ցի... Ինձ ձայ­­­­նել, եւ քեզ ոչ լսել»։

Ի զուր բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ լե­­­­զուա­­­­բան­­­­ներ փոր­­­­ձեր են ստու­­­­գել իմ ծա­­­­գումս։ Ես այս երկրի ծնունդն եմ ու միշտ ներ­­­­կայ եմ եղած ձեր լե­­­­զուի մէջ։ Ցա­­­­ւօք սրտի, ինչ ձայ­­­­ներ, որ ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կեցիք հա­­­­զարա­­­­ւոր տա­­­­րիներ, ան­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տացան այնպէս ինչպէս ալիք­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րը կ՚ան­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­տանան տա­­­­րածու­­­­թեան մէջ։ Պի­­­­տի մնար միայն գրա­­­­ւորը։ Մես­­­­րոպ Մաշ­­­­տոցն էր առա­­­­ջին­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րէն մէ­­­­կը, որ զիս ձայ­­­­նագրեց իր շա­­­­րական­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րուն մէջ. «Ձայ­­­­նիւ եր­­­­գով ցնծու­­­­թեամբ բա­­­­րեբա­­­­նեցէ՛ք զԱս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւած»։ Սուրբը ձայն տո­­­­ւաւ նաեւ «ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից ըլ­­­­լա­­­­­­­­­­­­­­­լ» բա­­­­ռակա­­­­պակ­­­­ցութեան. «Օրհնեմք զքեզ, Քրիս­­­­տոս... որ շնոր­­­­հե­­­­­­­­­­­­­­­ցեր զմեզ ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից լի­­­­նել զո­­­­ւարթնոց երկնից»։ Սա­­­­հակ Պար­­­­թե­­­­­­­­­­­­­­­ւը, կա­­­­թողի­­­­կոսը ձեր, ին­­­­ծի հա­­­­մար մեծ պա­­­­տիւ, գե­­­­ղաձայն շա­­­­րական­­­­ներ հիւ­­­­սեց ու ժո­­­­ղովուրդն ալ եր­­­­գեց. «Ան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­դար ձայ­­­­նիւ օրհնէին- Օրհնեալ եկեալ անո­­­­ւամբ Տեառն», «Ի ձայն փո­­­­ղոյ գալստեանն քոյ, Տէր, ամե­­­­նայն հո­­­­գիք զար­­­­թի­­­­­­­­­­­­­­­ցեն»։ Ապա հնչե­­­­ցին Մով­­­­սէս Խո­­­­րենա­­­­ցիի բա­­­­նատո­­­­ղերը. «Երգ նոր եր­­­­գեն ձայ­­­­նիւ հնչմամբ», «Միաբա­­­­նական ձայ­­­­նիւ եր­­­­գով մե­­­­ծացու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­նեմք»։ Նկա­­­­տեցիք ան­­­­շուշտ, ձեր նա­­­­խահայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը զիս կը հո­­­­լովէին տար­­­­բեր ձե­­­­ւով, եզա­­­­կի հայ­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­կանս էր «զձայն» եւ գոր­­­­ծիականս՝ «ձայ­­­­նիւ»։

Անունս ձեր լե­­­­զուի մէջ ուժգնօ­­­­րէն ղօ­­­­ղան­­­­ջեց երբ պաշ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­լի գրիչ­­­­ներ իրենց խոլ խու­­­­ցե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ, ան­­­­ձայն, թարգմա­­­­նեցին Աս­­­­տո­­­­­­­­­­­­­­­ւածա­­­­շունչը։ 248 ան­­­­գամ, այո ճիշդ այդքան հնչեր եմ Սուրբ Գիր­­­­քի էջե­­­­րէն ներս։ Հոն լսե­­­­ցիք ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կից, ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տու, ձայ­­­­նարկու եւ ձայ­­­­նել բա­­­­ռերը։ Ապա եկան բա­­­­նաս­­­­տեղծ վա­­­­նական­­­­ներ ու զիս զգես­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­ւորե­­­­ցին պերճ ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւննե­­­­րով։ Յով­­­­հան Ման­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­կու­­­­նին գրի առաւ՝ «ձայն բար­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ռոյ», Անա­­­­նիա Շի­­­­րակա­­­­ցին՝ «հրա­­­­շալի ձայն», Դաւ­­­­թակ Քեր­­­­թո­­­­­­­­­­­­­­­ղը՝ «սգա­­­­լի ձայն», Սա­­­­հակ Ձո­­­­րափո­­­­րեցին՝ «Ձայնք հնչե­­­­ցին ան­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րամետք անդնդոց»։ Ինչպէ՞ս մոռ­­­­նամ։ Դեռ ականջնե­­­­րուս մէջ կը թրթռան Խոս­­­­րո­­­­­­­­­­­­­­­վիդուխտ Գողթնա­­­­ցիի այն ող­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ձայն գով­­­­քը, որ երաժշտու­­­­հին յօ­­­­րինեց 737 թո­­­­ւակա­­­­նին, երբ նա­­­­հատա­­­­կուե­­­­ցաւ իր սի­­­­րելի եղ­­­­բայրը, Վա­­­­հան Գաղթնա­­­­ցի իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նը. «Զար­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­նալի է ինձ, քան զերգս երաժշտա­­­­կանաց, ձայնս ող­­­­բոց քոց հնչմունք, ո՛վ երա­­­­նելի տէր Վա­­­­հան»։

Ձեր ազ­­­­նիւ մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նին շատ ժա­­­­մանակ չան­­­­ցաւ, որ ճանչնայ իմ բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­ձայն երանգներս, ինչպէս՝ մե­­­­ծավա­­­­յելուչ ձայն, զօ­­­­րաւոր ձայն, նաեւ՝ դող­­­­դոջ, թրթռուն, սուր, զիլ, թաւ, նո­­­­ւաղեալ, մեղմ եւ ու­­­­ժեղ ձայն։ Իսկ բարդ եւ ածա՞նց բա­­­­ռեր... Այնքան շատ են որ։ 150-ի չափ։ Ձեռ­­­­քի բա­­­­ռարան մը կրնար բո­­­­լորը պա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կել։ Այ­­­­սօր լսենք ըն­­­­տիր քա­­­­նի մը օրի­­­­նակ. ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­բանու­­­­թիւն, ձայ­­­­նարկու­­­­թիւն, ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­մար­­­­զութիւն, ձայ­­­­նագրել, ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դարձ, ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­թափանց, ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լար, ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­լիք, ձայ­­­­նակցորդ, ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­շեփոր, ձայ­­­­նաստի­­­­ճան, ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­տետր, ձայ­­­­նարձակ, ձայ­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րանգ... Ձեր եր­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­րուես­­­­տը ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաւ հա­­­­րուստ ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­դարան, քա­­­­ռաձայն պա­­­­տարագ, գե­­­­ղաձայն մե­­­­նակա­­­­տար­­­­ներ եւ ձայ­­­­նապնակ հա­­­­ւաքող­­­­ներ։ Օրեր եղան ու­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­ցաք նաեւ բա­­­­ղաձայն մա­­­­նուկներ։ Իսկ վէ­­­­ճերու ժա­­­­մանակ, հա­­­­կառա­­­­կոր­­­­դին ըսիք՝ «ձայնդ կտրէ՛»։ Իսկ հի­­­­մա ձե­­­­զի տամ հա­­­­յոց լե­­­­զուի ամե­­­­նաեր­­­­կար ձայ­­­­նը՝ «ձայ­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­յաճա­­­­խակա­­­­նու­­­­թիւն»։

Ձեր քեր­­­­թողներն ու գու­­­­սաննե­­­­րը մեղ­­­­րա­­­­­­­­­­­­­­­լեզու, ձեր փափ­­­­կա­­­­­­­­­­­­­­­սուն մայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը եւ ձեր իմաս­­­­տուն հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­րը, զիս ծա­­­­ռայե­­­­ցու­­­­ցին լե­­­­զուի պայ­­­­ծա­­­­­­­­­­­­­­­ռեց­­­­ման հա­­­­մար ու ծնունդ տո­­­­ւին հայ­­­­րե­­­­­­­­­­­­­­­նի դար­­­­ձո­­­­­­­­­­­­­­­ւածքնե­­­­րու, ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւննե­­­­րու եւ ասոյթնե­­­­րու շլա­­­­ցու­­­­ցիչ հարստու­­­­թեան մը։ Ահա հեշ­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­լուր քա­­­­նի մը օրի­­­­նակ. Ձայն բար­­­­բա­­­­­­­­­­­­­­­ռոյ յա­­­­նապա­­­­տի, ձայն ար­­­­ձա­­­­­­­­­­­­­­­կել, ի մի ձայն պա­­­­տաս­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նել, բարձրա­­­­ցու­­­­ցա­­­­­­­­­­­­­­­նել զձայն, ձայն տալ մար­­­­տի, ձայն ցնծու­­­­թեան, ձայն ածել... Դուք զի­­­­րար քա­­­­ջալե­­­­րելու հա­­­­մար «ձայն տո­­­­ւիք մի­­­­մեանց», տու­­­­տուկը «ձայն բռնեց» եր­­­­գին, կար­­­­ծիք յայտնե­­­­լու հա­­­­մար «ձայն խնդրե­­­­ցիք», հա­­­­մաձայ­­­­նութեամբ «ձայն ձայ­­­­նի տո­­­­ւիք», որ­­­­պէս հա­­­­ւատա­­­­րիմ ազգ եր­­­­կար դա­­­­րեր անար­­­­դա­­­­­­­­­­­­­­­րու­­­­թիւննե­­­­րու դի­­­­մաց «ձայն չհա­­­­նեցիք», բազ­­­­մա­­­­­­­­­­­­­­­թիւ վե­­­­հաժո­­­­ղով­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու մէջ ձեր պատ­­­­գա­­­­­­­­­­­­­­­մաւոր­­­­նե­­­­­­­­­­­­­­­րու «ձայ­­­­նը խեղ­­­­դո­­­­­­­­­­­­­­­ւեցաւ», ար­­­­դար նա­­­­խագա­­­­հի հա­­­­մար «ձայն տո­­­­ւիք», իսկ երբ դա­­­­նակը ոս­­­­կո­­­­­­­­­­­­­­­րին հա­­­­սաւ՝ գիտ­­­­ցաք «ձայն բարձրաց­­­­նել»։ Ար­­­­դէն հասկցաք, թէ ես նշա­­­­նակեր եմ՝ խօ­­­­սելու իրա­­­­ւունք, քո­­­­ւէ, ար­­­­տա­­­­­­­­­­­­­­­յայ­­­­տութիւն, եր­­­­գի եղա­­­­նակ, խօսք, խոր­­­­հուրդ, կար­­­­ծիք, համ­­­­բաւ, հռչակ եւ իշ­­­­խա­­­­­­­­­­­­­­­նու­­­­թիւն։ Իսկ օր մը, ձեր պատ­­­­մութեան ծանր օրեր էին, պանդխտու­­­­թեան օրեր, ձեր աշուղնե­­­­րը ածե­­­­ցին տաղ մը, անու­­­­նը «Տաղ ի վե­­­­րայ կռունկին»՝ ձեր վիշ­­­­տե­­­­­­­­­­­­­­­րու ձայ­­­­նը։ Այդ տա­­­­ղի մէջ ես ստա­­­­ցայ «լուր եւ տե­­­­ղեկու­­­­թիւն» իմաս­­­­տը։ Լսենք այդ եր­­­­գը ու գալ շա­­­­բաթ ես շա­­­­րու­­­­նա­­­­­­­­­­­­­­­կեմ ձե­­­­զի պատ­­­­մել իմ ժա­­­­մանա­­­­կակից թրթռա­­­­ցումներս։

 

Կռո՛ւնկ, ուստի՞ կու­­­­գաս, 
ծա­­­­ռայ եմ ձայ­­­­նիդ,

Կռո՛ւնկ, մեր աշ­­­­խարհէն խապ­­­­րիկ մի չու­­­­նի՞ս.

Կռո՛ւնկ, պահ մի կա­­­­ցի՚ր, 
ձայ­­­­նի­­­­­­­­­­­­­­­կը դի հո­­­­գիս.

Կռո՛ւնկ, մեր աշ­­­­խարհէն խապ­­­­րիկ մի չու­­նի՞ս։