ՄԱՐԳԱՐ ՉԱԼԸՔԵԱՆ
Համաշխարհային առումով երկու դէպքեր յատուկ նշանակութիւն կու տան օրացոյցի Սեպտեմբեր ամսուայ 11-րդ օրին։
Անշուշտ որ բազմադարեան պատմութեան ընթացքին այդ նոյն օրուան հետ կապուած են բազմաթիւ եղելութիւններ։ Եթէ փորձենք այդ ամբողջէն դուրս բերել մեր ժամանակները, պիտի յիշենք 1973-ին Չիլիի մէջ տեղի ունեցած իշխանափոխութիւնը եւ 2001-ին Նիւ Եորքի վրայ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը։
Առաջինը ԱՄՆ-ի ձեռքով կատարուած սադրանք մըն էր, ուղղուած երկրի օրինական իշխանութեան։ Սալվատոր Ալլենտէի ընտրական յաղթանակը աննախադէպ երեւոյթ էր մարքսական սկզբունքներ որդեգրած քաղաքական գործիչի մը ժողովուրդին ձայներով իշխանութեան գալու տեսակէտէ։
Անոր քաղաքատնտեսական հեռանկարը սպառնալիք մըն էր այս երկրի մէջ գործող ամերիկեան ընկերութիւններու համար։ Երկրի գլխաւոր ստորերկրեայ հարստութիւնն էր պղնձի հանքերը, որոնք կը շահագործուէին ամերիկեան ընկերութիւններու կողմէ։ Իսկ Ալլենտէ կ՚ուզէր երկրի հարստութիւնը շահագործել սեփական ժողովուրդի օգտին։ Այս իսկ բաւական էր որ ԱՄՆ նախագահ Նիքսըն իր շուրջիններուն հրամայեր կործանել Ալլենտէի իշխանութիւնը։
Կեդրոնական Լրաքաղութեան Ծառայութիւնը (CIA) իսկոյն գործադրեց տնտեսական բազմաբնոյթ կացնահարումներ։ Չիլիի աշխարհագրական դիրքի բերմամբ ապրանքներու փոխադրման գործին մէջ մեծ նշանակութիւն ունին բեռնատար ինքնաշարժները։ Այդ ոլորտէ ներս կազմակերպուած գործադուլը ինքնին բաւական էր երկրի տնտեսութիւնը անդամալոյծ ընելու համար։ Կը կանխատեսուէր այս եղանակով Ալլենտէի իշխանութիւնը վարկազրկել։ Սակայն կանխահաս ընտրութիւնները հակառակ արդիւնք տուին եւ ան յաջողեցաւ ամրապնդել իր դիրքը։ Իշխանութեան եկած էր ձայներու 37 տոկոսը նուաճելով, իսկ յաջորդ ընտրութեան իր դիրքը հաստատեց 44 տոկոսով։
Այդ պահուն Նիքսընի կառավարութիւնը դիմեց իր աւանդական ոճին, որու մասին բաւական փորձառութիւն ունէր ամբողջ հարաւային ամերիկայի մէջ։ Այս բոլորի իբր արդիւնք, բանակը Աւկուսթօ Փինոշէի հրամանատարութեամբ տապալեց երկրի օրինական վարչութիւնը, իր հետ տապալելով նաեւ ազգանպաստ բոլոր ծրագիրները։ Ապա զինուորական իշխանութեան պայմաններուն մէջ սկսաւ զանգուածային ձերբակալութիւններու, անմարդկային տանջանքներու եւ սպանդներու շրջանը։
Մօտ կէս դար առաջ պատահած դէպքը յիշելու արժանի է, քանի որ մինչեւ օրս կը շարունակուի ընտրուածները պաշտօնէն հեռացնել եւ տեղը նշանակուած գործակալներ պաշտօնակոչելու գործադրութիւնը։ Ինքնին ժողովրդավարութիւն կոչուած հասկացողութեան շահի, շահագործումի դիմաց որքան անզօր խաբկանք մը ըլլալու ապացոյցն է այս օրինակը, որուն նմանները երբեմն լոկ քաղաքի մը սահմանումով, երբեմն ալ բովանդակ երկրի մը տարածքով երբեք քիչ չեն համայն աշխարհի վրայ։
Մօտ անցեալի պատմութեան մէջ կարեւոր հետք թողած յարձակում մըն էր Նիւ Եորքի Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնի զոյգ աշտարակներու դէմ կատարուածը։ Իր գործադրման եղանակով ալ սարսափազդու էր այս յարձակումը, որուն ետին կար ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւններու դէմ վրիժառութեան գործօնը։ Արդարեւ ընտրուած թիրախներն ալ կ՚ապացուցէին այս հանգամանքը։ Ալ Քաիտէի գործիչները իրենց յարձակումը ուղղած էին Համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնին, Միացեալ Նահանգներու ռազմական կեդրոնը հանդիսացող պաշտպանութեան նախարարութեան՝ Փենթակոնի եւ աշխարհի գլխուն զանազան փորձանքներ յարուցելով ծանօթ Սպիտակ Տան։ Ձեւով մը Միացեալ Նահանգներ մեղքը կը քաւէր աշխարհի տիրապետելու ուղղեալ իր ձգտումներուն։ Այս պայմաններու տակ շուտով կասկածելի ու վիճելի դարձաւ կատարուած յարձակումը, քանի որ իբրեւ առիթ շահագործուեցաւ կառավարութեան կողմէ։ Յարձակումներուն իբր պատասխան Միացեալ Նահանգներ զինեալ գործողութեան ձեռնարկեց Աֆղանստանի դէմ։ Ապա իր յարձակումները ծաւալեց դէպի Իրաք եւ կործանեց այս երկիրը։ Իրաքի կործանումէն ետք որպէս պատերազմի պատժամիջոց առգրաւեց այս երկրի նաւթահանութեան հասոյթը 50 տարուայ ժամկէտով։ Այսպէսով Միացեալ Նահանգներ մօտ 3 հազար մարդկային կորուստով անգամ մը եւս շահաւոր դուրս եկաւ համաշխարհային ողբերգութենէ մը։ Այս դէպքի առթիւ կարելի է յիշել Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներու 15 Յուլիսի ձախողած զինուորական հարուածէն ետք կատարուածը բարեբախտութիւն ըլլալով տեսնող մեկնաբանութիւնները։ Բազմաթիւ կուսակցականներ անյաջող յեղափոխութեան փորձէն ետք գոյացած առիթը մատնանշելով Աստուծոյ պարգեւը համարած էին եղածները։
Ոստիկանական յանցաքննութեան կանոնի մէջ սկզբունք է, իսկոյն կը քննուի թէ այս եղելութիւնը որու նպաստած է։ Ահա ճիշդ ալ այս միտքով զանազան մեկնաբանութիւններ կատարուեցան ըստ որուն 11 Սեպտեմբերի Նիւ Եորքեան յարձակումները դաւադրութիւն մըն էին բեմադրուած նոյն ինքն Ամերիկեան գործակալութիւններու ձեռքով։ Հաստատ է թէ նման հաւանականութիւնը իր աւելի յստակ պատասխանը կը գտնէ ապագային միայն։ Բայց այս պահուն կրնանք ըսել թէ կարելի չէ տուժածներուն վրէժխնդրութենէն խուսափիլ եւ ամէն մարդ իրաւունք ունի իր զրկանքին հաշիւը պահանջելու։