Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան 2 Սեպտեմբերին մեռաւ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին մէջ, ուր դարմանման տակ կը գտնուէր երկար ատենէ ի վեր։
Ան 5 Դեկտեմբեր 1927-ին ծնած էր Պոլիս։ 1942-ին Տոլափտերէի մէջ հիմնած էր «Աբիկ» քաղիրթի ճաշարանը։ 1980-ին դարձած էր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ. պաշտօն մը զոր կը վարէր մինչեւ հիմա։ Հայրապետեան միաժամանակ Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն էր, վարիչը թաղային խորհուրդի հովանիին տակ գործող Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ եւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան։ Պէյօղլուի 2011-ի ընտրութիւնը, զոր շահած էին ներկայի թաղականները, անօրէն ընտրողներու գոյութեան պատճառով դատական ատեաններ փոխադրուած էր, աւելի քան 600 անձի դատ բացուած էր՝ կեղծ հասցէի ամբաստանութեամբ եւ դատական վճիռով անոնք անպարտ արձակուած էին։
Իր իսկ
համայնքին դէմ դատ բացած էր
Պէյօղլուի թաղը, որ համայնքի ամենէն եկամտաբեր հաստատութիւններէն մէկն է, միշտ օրակարգի վրայ է՝ իր անփոփոխ վարչութեամբ եւ ընդդիմադիրներու ազդեցութիւնը նուազեցնելու համար մղած պայքարով։ 6 Փետրուար 2011-ին կայացած վերջին ընտրութիւնը եւս եղած էր մեծ բանավէճերու առարկայ։ Թաղական խորհուրդը անօրինակ քայլի մը դիմած եւ 604 ընտրողներու դէմ դատ յարուցած էր՝ անոնց բնակութեան հասցէներու այլ տեղ մը գտնուելու եւ կեղծ փաստաթուղթեր սարքելու ամբաստանութեամբ։ Ընտրութենէ վերջ թաղային խորհուրդը Իսթանպուլի դատախազութեան դիմում կատարած էր, իսկ վերջինս ալ դատ յարուցած էր։
Դատավարութեան ընթացքին, Պէյօղլուի գաւառապետութեան միջնորդութեամբ թաղային խորհուրդի անդամներուն հասցէները ստուգուեցան։ Գաւառապետութեան թելադրանքով, ոստիկանութեան կողմէ կատարուած քննութեան ընթացքին պարզ դարձաւ, որ Աբիկ Հայրապետեան եւ քանի մը թաղականներ Պէյօղլուի մէջ չեն բնակիր։ Կատարուած քննութեան աւարտին պատրաստուած տեղեկագիրը ներկայացուեցաւ դատարան, որ ամբաստանագիր մըն ալ պատրաստեց թաղային խորհուրդին համար։ Այնտեղ նշուած էր, թէ թաղային խորհուրդը խախտած է Վաքըֆներու օրէնքին այդ յօդուածը, ըստ որու ընտրողները պէտք է բնակին ընտրատարածքին մէջ։ Բաց աստի, թաղականներէն չորսը ըստ ընտրական կանոնադրութեան չէին ներկայացուցած իրենց մկրտութեան վկայականները փաստելու համար, թէ կը պատկանին Հայ Առաքելական համայնքին։
Այսպէսով, Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղականները իրենց իսկ գանգատով յարուցուած դատին ամբաստանեալները դարձան։ Դատը տեւեց մօտ 3 տարի եւ արդիւնքին բոլորն ալ անպարտ արձակուեցան։