Ներսէսեան Դպրաց Դասը 162 տարեկան

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

ishanerdinc@gmail.com

 

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան դպրաց դասը տօնախմբեց իր հիմնադրութեան 162-ամեակը։ Անցեալ կիրակի կայացած եկեղեցական ու աշխարհիկ արարողութեանց նախագահեց պատրիարքական տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական աթոռի լուսարարապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն աբղյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Ներսէսեան դպրաց դասուն անդամները՝ խմբավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Իր քարոզին մէջ, սրբազան հայրը ըսաւ, թէ Ներսէսեան դպրոց դասու վերակազմութիւնը կատարուած է Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. պատրիարքի ջանքերով եւ դպրաց դասը կը կատարէ գնահատելի աշխատանք մը։ Դասու պատմութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ փոխանցեց սրբազան հայրը եւ նշեց, թէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբղյ. Տամատեան կը գործէ Մեսրոպ Բ֊ի հոգւով։

Եկեղեցական արարութեանց աւարտին յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան մը, որուն բացի վերոնշեալներէն մասնակցութիւն բերին նաեւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Կազդուրման կայանի վարչութեան ատենապետ Արի Չոլաք եւ կղզեցիներ։ Այս առթիւ յանուն տնօրէն խորհուրդի արտայայտուեցաւ Մեղանուշ Ալպօյաճը-Չընար եւ Արթուն Սրկ. Թեքիրօղլու, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին ներկաներուն եւ տեղեկութիւններ տուին ամրան շրջանին կատարուած աշխատանքներուն մասին։ Մարալ Էօզպայսալ եւ Մեսրոպեան մանկանց երգչախումբը երգեցին՝ Նորա Իփեքճիի դաշնակի նուագակցութեամբ, իսկ Երազ Չաղլայան ալ մեներգեց։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Յարութիւն Աբղյ. Տամատեան, որ ըսաւ, թէ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. պատրիարքը նոր շունչ մը բերած էր Իշխանաց կղզիներուն եւ համայնքայինները վերստին միացուց եկեղեցիին։ Ան այս առթիւ յուշանուէրներ յանձնեց Տ, Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին, Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանին եւ սարկաւագներուն՝ իբրեւ խորհրդանիշ 150-ամեակ տօնախմբող Կոմիտաս վարդապետի կղզիի օրերուն։ Ի սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Կղզեաց նախկին հոգեւոր հովիւ Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ ըսաւ, թէ Յարութիւն Աբղյ. Տամատեան գնահատելի աշխատանք կ՚իրականացնէ այստեղ։ Հուսկ բանքը արտասանեց Սրբազան հայրը, որ ըսաւ, թէ Գնալը կղզիի եկեղեցին կը յաճախեն տարբեր թաղերէ այստեղ ամարանոց եկող համայնքայիններ, որոնք իրենց զաւակները հեռու չեն պահեր եկեղեցիէն։ Ան յաջողութիւն յայտնեց Ներսէսեան դպրաց դասուն։ Սիրոյ սեղանը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ