Կը քարոզե՞նք Կոմիտասին, ինչպէս Վիեննան՝ Մոցարտին

Նախապէս կրկնակի անգամ նշած էինք թէ ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական տարեդարձի առթիւ ընդմիշտ պիտի անդրադառնանք հայ ժողովուրդի երկու հսկաներուն՝ Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի մասին գրուածներուն։ Այդ ծիրէն ներս մեր ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք «Առաւօտ» թերթի մէջ լոյս տեսած սոյն գրութիւնը։

ԳՈՀԱՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Ճանչցուած խմբա­­վարը կը կար­­ծէ, որ այդ պե­­տական քա­­ղաքա­­կանու­­թիւն պէտք է ըլ­­լայ։ Քա­­նի որ տա­­րին կո­­միտա­­սեան է, «Առա­­ւօտը» Հա­­յաս­­տա­­­նի պե­­տական քա­­մերա­­յին երգչախմբի գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան ղե­­կավար եւ գլխա­­ւոր դի­­րիժոր Ռո­­բերտ Մլքէեանէն հե­­տաքրքրո­­ւեց, թէ երգչա­­խումբը ի՞նչ ձեռ­­նարկներ ու­­նի այդ հա­­մատեքստի մէջ։ «Մեզ հա­­մար կո­­միտա­­սեան տա­­րի հաս­­կա­­­ցու­­թիւն չկայ, որով­­հե­­­տեւ Կա­­մերա­­յին երգչա­­խումբը իր ամ­­բողջ գոր­­ծունէու­­թեան ըն­­թացքին զբա­­ղուած է Կո­­միտաս եր­­գե­­­լով, ին­­չը ինքնան­­պա­­­տակ չէ. մենք ու­­նինք կոմ­­պո­­­զիտոր, որը հա­­մաշ­­խարհա­­յին կոմ­­պո­­­զիտո­­րական արո­­ւես­­տի հա­­մար ար­­ժէք մըն է՝ ամե­­նամե­­ծերու հետ հա­­ւասար, նկա­­տի ու­­նիմ երկրագնդի վրայ գո­­յու­­թիւն ու­­նե­­­ցող այնպի­­սի մեծ կոմ­­պո­­­զիտոր­­ներ, որոնց թո­­ւին են։՝ Պա­­խը, Մո­­ցար­­տը……Մեր Կո­­միտա­­սը կանգնած է անոնց կող­­քին, եւ որե­­ւէ կերպ չենք կրնար անոր թե­­րագ­­նա­­­հատել», նշեց մաեստրոն։ Անոր խօս­­քե­­­րով՝ Կո­­միտա­­սի երաժշտու­­թիւնը սոր­­ված ենք Հա­­յաս­­տա­­­նին մա­­տու­­ցել ժո­­ղովրդին, բայց ար­­դեօք աշ­­խարհի մէջ գի­­տե՞ն Կո­­միտա­­սին. «Իմ պատ­­կե­­­րացու­­մով, Կո­­միտա­­սին դուրսը ընդհան­­րա­­­պէս չգի­­տեն։ Երբ տեղ մը կ՚եր­­թանք, տեղ մը կ՚եր­­գենք, հիացու­­մի պա­­հեր կը պար­­գե­­­ւենք, կը հարցնեն՝ ո՞վ է այս հրաշք կոմ­­պո­­­զիտո­­րը։ Օտա­­րազ­­գի ունկնդի­­րը հիանում է, բայց չգի­­տէ, թէ ով է Կո­­միտա­­սը»։ Երբ մաեստրո­­յին յի­­շեցու­­ցինք, որ տա­­րիներ առաջ Ֆրան­­սիայի մէջ ոչ հայ ունկնդի­­րը իրենց կա­­տար­­մամբ յոտնկայս մի քա­­նի ժամ Կո­­միտաս է ըմ­­բոշխնել, Ռո­­բերտ Մլքէեանը փաս­­տեց, որ իս­­կա­­­պէս Կո­­միտա­­սի 140-ամեակի ժա­­մանակ 1000 ֆրան­­սիացի ունկնդիր անընդհատ չի թո­­ղած բե­­մէն իջ­­նել. «Մենք եր­­կու ժա­­մէն աւե­­լի եր­­գած ենք հո­­գեւոր եւ աշ­­խարհիկ Կո­­միտաս։ Մենք ազ­­գո­­­վին խնդիր ու­­նինք՝ մեր միակ ար­­տա­­­հանուող ար­­ժէ­­­քը երաժշտու­­թեան մէջ խմբեր­­գա­­­յին արո­­ւեստն է՝ Կո­­միտա­­սի կող­­մէն գրո­­ւած, ին­­չը տա­­րին մէկ ան­­գամ մէկ-եր­­կու կո­­լեկ­­տիվ կը կա­­րողա­­նայ որե­­ւէ երկրի մէջ ներ­­կա­­­յաց­­նել։ Մինչդեռ, այդ պէտք է ու­­րիշ կերպ ըլ­­լար»։ Ռո­­բերտ Մլքէեանը հա­­մոզո­­ւած է, որ Կո­­միտա­­սի հետ կա­­պուած ալ պէտք է ըլ­­լայ նոյն աժիոտա­­ժը, ինչպէս Վիեն­­նա Մո­­ցար­­տի շուրջ է. «Ամէն տա­­րի զբօ­­սաշրջիկ­­նե­­­րը ամ­­բողջ աշ­­խարհէն կը մեկ­­նեն Վիեն­­նա՝ Մո­­ցար­­տի մէ­­կամ­­սեակին մաս­­նակցե­­լու։ Սկսած կեն­­ցա­­­ղային բա­­ներէն՝ իրենց շա­­պիկ­­նե­­­րէն, պաղ­­պա­­­ղակ­­նե­­­րէն, հե­­ռուստա­­ցոյցնե­­րէն, տաք­­սիի վա­­րոր­­դէն՝ Մո­­ցար­­տով կ՚ապ­­րին՝ ամ­­բողջ աշ­­խարհին ի ցոյց։ Իրենք ասոր հետ չեն ըսեր, որ մեր Մո­­ցարտն ու­­րիշ է։ Իրենք ուղղա­­կի ամ­­բողջ աշ­­խարհին կ՚ըսեն, որ Մո­­ցար­­տը հա­­մամարդկա­­յին կոմ­­պո­­­զիտոր է, եւ իրեն Վիեն­­նան ծնած է։ Այդ մար­­դիկ անոր հետ կը հպար­­տա­­­նան։ Իսկ մենք կը հպար­­տա­­­նա՞նք Կո­­միտա­­սով նոյն կերպ։ Ես շատ մեծ կաս­­կածներ ու­­նիմ։ Երաժշտա­­կան կո­­լեկ­­տիվնե­­րը, որոնք այդ երաժշտու­­թիւնով զբա­­ղուած են, կը փոր­­ձեն փրո­­փական­­տել Կո­­միտաս, մեզ մօտ աւե­­լի շատ, քան դուրսը։ 200 երկրնե­­րու առ­­կա­­­յու­­թեան դէպ­­քին տա­­րին մի ան­­գամ ինչ-որ հա­­մեր­­գասրա­­հի մէջ քա­­նի մը կտոր եր­­գե­­­լը կը նշա­­նակէ, որ իրա­­պէս չենք կա­­րողա­­նար Կո­­միտաս փրո­­փական­­տել աշ­­խարհով մէկ, բայց ին­­քը հա­­ւասար է մեծ կոմ­­պո­­­զիտոր­­նե­­­րուն։ Իսկ ին­­չո՞ւ է հա­­ւասար, որով­­հե­­­տեւ ստեղ­­ծեց հայ դա­­սական կոմ­­պո­­­զիտո­­րական դպրոց, իր մի­­ջոցով ստեղ­­ծո­­­ւեցաւ հայ­­կա­­­կան կոմ­­պո­­­զիտո­­րական դպրո­­ցը, որով­­հե­­­տեւ մեր կո­­միտա­­սեան երաժշտու­­թիւն եր­­գե­­­լու ատեն՝ ամ­­բողջ աշ­­խարհը կ՚ըն­­կա­­­լէ, որ սա դա­­սական երաժշտու­­թիւն է, բայց ին­­չո՞ւ նման չէ ամ­­բողջ աշ­­խարհի մնա­­ցած դա­­սական երաժշտու­­թեանը։ Կո­­միտա­­սեան երաժշտու­­թիւնը կը տար­­բե­­­րուի, լրիւ ու­­րիշ բան է, իր լե­­զուն, իր պո­­լիֆո­­նիան միան­­շա­­­նակ կը տար­­բե­­­րուի։ Կո­­միտա­­սը ստեղ­­ծած է առան­­ձին կոմ­­պո­­­զիտո­­րական դպրոց, որն աշ­­խարհի հետ կը մրցէ, եւ երկրագնդի վրայ միայն փոք­­րիկ Հա­­յաս­­տա­­­նը ու­­նի այսպի­­սի հնա­­րաւո­­րու­­թիւն։ Կող­­քի այն ազ­­գե­­­րը, որոնք կ՚եր­­գեն բազ­­մա­­­ձայն, չու­­նին այդպի­­սի դպրոց։ Վրա­­ցին ու­­նի քա­­նի մը ձայ­­նով եր­­գե­­­լու ու­­նա­­­կու­­թիւն, բայց դա եր­­բեք չի դառ­­նար ար­­ժէք՝ հա­­մաշ­­խարհա­­յին դա­­սական արո­­ւես­­տի մէջ, իսկ մեր Կո­­միտասն ինքնին ար­­ժէք է։ Անոր հա­­մար կ՚ըսեմ, որ մենք միայն այս տա­­րի չէ, որ պէտք է Կո­­միտա­­սով ապ­­րինք։ Այս տա­­րի, սա­­կայն, չա­­փէն շատ Կո­­միտաս կ՚եր­­գենք, ուղղա­­կի անոր ալ գու­­մա­­­րուած է Ման­­սուրեան-Ամիր­­խա­­­նեան 80-ամեակը, եւ մեր տա­­րին դար­­ձած է 90 տո­­կոսով հայ խմբեր­­գա­­­յին երաժշտու­­թեան տա­­րի, ին­­չի հա­­մար ու­­րախ եմ։ Կո­­միտաս կը շա­­րու­­նա­­­կենք եր­­գել, դեռ կ՚եր­­գենք Ֆիլ­­հարմո­­նիայի մէջ, Մոս­­կո­­­ւա, Փա­­րիզ, Երե­­ւան, նաեւ հիւ­­րա­­­խաղեր կ՚ըլ­­լան ողջ Հա­­յաս­­տա­­­նով մէկ։ Միւս տա­­րի ըլ­­լա­­­լու է Կո­­միտա­­սի 151-ամեակը, բայց կրկին նոյն ձե­­ւով աշ­­խա­­­տելու ենք։ Կո­­միտա­­սը մեր երգչախմբի տար­­բե­­­րան­­շանն է։ Մեզ հա­­մար Կո­­միտա­­սը հա­­մար մէկն է։ Ար­­դէն 5-6 հա­­մերգ տրո­­ւած է՝ եւ բա­­ցօթեայ եւ փակ դահ­­լիճնե­­րուն մէջ։ Ամե­­նաքիչ տո­­կոսը կը գրա­­ւեն դրսի հա­­մերգնե­­րը, որի հա­­մար սար­­սա­­­փելի կը ցա­­ւիմ։ Տա Աս­­տո­­­ւած, մեր եր­­կի­­­րը ոտ­­քի կանգնի, քիչ մըն ալ խել­­քի գայ։ Ես քա­­ղաքա­­կանու­­թե­­­նէ հե­­ռու մարդ եմ, կը կար­­ծեմ, որ պէտք է գի­­տակ­­ցին, որ երբ տնտե­­սու­­թեան մա­­սին կը խօ­­սին, նոր տեխ­­նո­­­լոգիանե­­րու, կ՚ըսեն՝ եր­­կի­­­րը գեր­­զարգաց­­ման ճա­­նապար­­հով կը տա­­նին եւ այլն, այդ քիչ մը ժպիտ կ՚առա­­ջաց­­նէ, քա­­նի որ Հա­­յաս­­տա­­­նը գեր­­տեխնո­­լոգիանե­­րով հա­­րուստ, յա­­գեցած կայսրու­­թիւննե­­րու մէջ չի կա­­րող դառ­­նալ լի­­տեր։ Հա­­յաս­­տա­­­նը միայն մի բան ու­­նի ցոյց տա­­լու աշ­­խարհին, այդ մշա­­կոյթն է։ Կրնաս լաւ ցոյց տալ, ու­­րեմն կը դառ­­նաս Վիեն­­նա­­­յի նման։ Աւստրիան կեան­­քին չի ըսեր՝ մենք տեխ­­նո­­­լոգիանե­­րով յա­­գեցած եր­­կիր ենք, Վիեն­­նան կ՚ըսէ՝ մենք Մո­­ցարտ ծնել ենք, դուք կա­­րո՞ղ էք ծնել։ Ես ալ կ՚ըսեմ՝ մենք Կո­­միտաս ծնել ենք, հա­­մաշ­­խարհա­­յին խմբեր­­գա­­­յին երաժշտու­­թեան մէջ հա­­մար մէկ մարդ ծնել ենք, դուք կա­­րո՞ղ էք։ Այդ քա­­րոզէք, փող դրէք, ներդրում ըրէք, հայ արո­­ւես­­տը տա­­րածէք ու ճա­­նաչեց­­րէք աշ­­խարհին։ Ասոր մա­­սին շատ լուրջ պէտք է մտա­­ծուի։ Ես երկրի ղե­­կավար չեմ, միայ­­նակ չեմ կրնար ընել։ Ես կը հասկնամ, որ շատ անար­­դա­­­րաբար մեր հան­­ճա­­­րեղ արո­­ւես­­տա­­­գէտի հան­­ճա­­­րեղ երաժշտու­­թիւնը չի լսո­­ւիր»։ Մաեստրոն եւս մէկ բան փաս­­տեց. «Մարդկանց մօտ թիւր կար­­ծիք կայ, որ եթէ կը վերցնեն որե­­ւէ մե­­ղեդի, որն ի սկզբա­­նէ ժո­­ղովրդա­­կան է, կը մշա­­կեն, դրա կող­­քին պէտք է գրեն «Կո­­միտաս, «Հով արէք սա­­րեր ջան», մշա­­կու­­մը՝ դի­­ցուք Համ­­բարձում Համ­­բարձու­­մեանի»։ Կո­­միտասն այդ երգն ար­­դէն մշա­­կած է, եթէ մշա­­կուած եր­­գը կը վերցնէք, կ՚աղա­­ւաղէք, աւե­­լի լաւ է Կո­­միտա­­սի անու­­նը չգրէք, միայն ձե­­րը գրէք, թէ չէ եր­­բեմն այնպի­­սի մշա­­կումնե­­րու կը հան­­դի­­­պես, որ ուղղա­­կի սար­­սա­­­փելի են»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ