Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդող ժամանակներուն ամենաուշագրաւ երեւոյթներէն մէկն ալ հայրենադարձութիւնն է։ Հայկական սփիւռքի զանազան կեդրոններէն բազմաթիւ հայեր կը վերահաստատուին Հայաստան իրենց ապագան հայրենի երկրի մէջ ապրելու մարմաջով։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Սարիկ Սեւադայի Կարօ Սերպեկեանի հետ հարցազրոյցը, իբրեւ հետաքրքրական օրինակ։
ՍԱՐԻԿ ՍԵՒԱԴԱ
Որտեղէ՞ն սերած է ձեր արմատները։
Ես ծնած եմ Յորդանան, սակայն, եթէ հարիւրամեակներ ետ գնանք, ապա հօրս նախնիները արցախցիներ են՝ Սարիբեկեաններ, որոնք հետագայում հաստատուած են Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշ քաղաքը, ապա Ցեղասպանութեան հետեւանքով տեղափոխուած են Սուրիա, որմէ ետք՝ Յորդանան։ Արցախի նկատմամբ սէրս հաւանաբար արմատներէս կու գայ, մայրական արմատներս կու գայ Մարաշէն։
Ե՞րբ հայրենադարձ եղաք։
Հայրենադարձուեցի 2015 թուականի Փետրուարի վերջը։ Շուրջ 32 տարի ապրած եմ Յորդանան, եթէ անկեղծ՝ միշտ ցանկութիւն ունեցած եմ վերադառնալ եւ բնակութիւն հաստատել հայրենիք։ Ես Յորդանանի Ռուսէյֆա շրջանէն եմ եւ շատ կապուած եմ նաեւ այն բնակավայրին, որտեղ անցած է կեանքիս տեւական մի ժամանակահատուածը։ Իմ դէպքին չեմ կարող ըսել, որ ինչ-որ մի իրադարձութիւն եղաւ իմ կեանքին, որմէ ետք ես հայրենադարձուեցայ։ Տարիներու ընթացքին մի քանի անգամ այցելեցի Հայաստան որպէս զբօսաշրջիկ, ընթացքին նաեւ հասկացայ, որ հայրենիքին մշտական բնակութիւն հաստատելու համար պէտք է ունենամ իմ սեփական գործը, քանի որ աշխատավարձերը Հայաստան այդքան ալ բարձր չեն։ Պէտք է նշեմ, որ գործի սկսելն ալ ճիշդ չէր այս դէպքին, քանի որ ես տեղի շուկայի պահանջներուն ու օրէնքներուն ծանօթ չէի, եւ սխալ կ՚ըլլար անիրազեկ պայմաններով ռիսկային քայլերու գնալ։
Հայաստան գալուն պէս ո՞րը եղաւ ձեր առաջին քայլը։
Տեղափոխուելս եղաւ «Դէպի Հայք» հիմնադրամի միջոցով։ Առաջին 6 ամիսներու ընթացքին ես պէտք է ապրէի հիւրընկալ ընտանիքներու հետ, որն ինձ մեծ հնարաւորութիւն տուաւ հասկանալու թէ ինչպիսի՞ն է հայ ընտանիքներու կենցաղը եւ կենսաձեւը։ «Դէպի Հայք» հիմնադրամի առաւելութիւնը նաեւ այն էր, որ քեզ հնարաւորութիւն էր տրւում քո մասնագիտական ոլորտում աշխատել կամաւոր հիմունքներով։ Այդ ինձ համար բացառիկ առիթ էր մասնագիտական ոլորտ մուտք գործելու եւ հասկանալու տեղի շուկան։
Հիւրընկալ ընտանիքներու հետ ապրելով՝ ի՞նչը քեզ շատ դուր եկաւ, եւ կա՞ն արդեօք տարբերութիւններ սփիւռքի եւ Հայաստանի «ընտանիք» ընկալումի մէջ։
Բնականաբար, հայերը շատ հիւրասէր եւ ջերմ են։ Միմիայն ջերմութիւն, հոգատարութիւն եւ սէր կը ստանայի հայ ընտանիքներէն։ Յորդանանի եւ Հայաստանի միջեւ մտածելակերպի առումով այդքան շատ տարբերութիւններ չկան։ Մեզ մօտ ընտանիքի մասին պատկերացումները մի փոքր տարբեր են այն իմաստով, որ երիտասարդները շուտ կ՚ամուսնանան, չնայած որ՝ դեռ կայացած չեն ֆինանսական եւ մասնագիտական առումով՝ յոյսը դնելով ծնողներու վրայ։ Յորդանան եթէ դու դեռ կայացած չես, ինչքան ալ ֆինանսապէս ապահով ըլլաս, աղջկայ հայրը երբեք իր դստերը կնութեան չի տար քեզ. այս առումով ես կողմնակից եմ աւելի շատ յորդանանեան մոդելին։ Նաեւ կան տարբերութիւններ բիզնես մտածելակերպի առումով, օրինակ Յորդանանի մէջ շատ աւելի յստակ են ծրագրաւորում իրենց հետագայ քայլերը գործ ոլորտի մէջ, Հայաստան ես ան այդքան չեմ նկատեր, ինչքան որ այնտեղ։
«Դէպի Հայք» ծրագրէն ետք ո՞րը եղաւ յաջորդ քայլը։
«Դէպի Հայք» ծրագրէն ետք մասնակցեցայ 1 ամիս տեւողութեամբ կամաւորական այլ աշխատանքի Ստեփանակերտի մէջ։ Այդ ընթացքին հասկացայ, որ ներքին կապ մը կայ իմ եւ Արցախի միջեւ. գուցէ արմատներիս ազդեցութիւնն է, չեմ կարող բացատրել։ Ինձ այնքան դուր եկաւ Ստեփանակերտն իր հանդարտութեամբ, որ խնդրեցի «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէնին շարունակել մասնակցութիւնս Ստեփանակերտին իրականացուող կամաւորական աշխատանքներուն։
Պատմէք «Մուկլիմանդիլ» ռեստորանի եւ անուան մասին, ինչպէ՞ս ստացուեցաւ, որ ստեղծեցիք ռեստորան- սրճարան –գինետուն հէնց Արցախ։
Մուկլիմանդիլ բառը արցախեան բարբառով կը նշանակէ սարդոստայն։ Ռեստորանի բացումը պէտք է ըլլար 2016թ. Ապրիլի 8-ին, սակայն Ապրիլեան պատերազմի պատճառով հետաձգուեց բացումը։ 2016թ. Մայիսի 16-ին պաշտօնապէս բացուեցաւ «Մուկլիմանդիլ» ռեստորանը։ Կարելի է ըսել, որ Ստեփանակերտի մէջ երիտասարդութիւնը ընտրութեան լայն հնարաւորութիւն չունէր ժամանցի վայրերու առումով, բնականաբար, կային եւ գործում էին պանդոկներ եւ թիփիկ ռեստորաններ, որտեղ կը մատուցուէր հայկական համեղ կերակրատեսակներ, սակայն այս թիփի վայրերուն այլընտրանք կարծես թէ չկար։ «Մուկլիմանդիլ»-ը աւելի մուլտի տարբերակ կ՚առաջարկէր, եւ մարդիկ կարող էին տարբեր առիթներով յաճախել այստեղ։ Սրտի մեծ ցաւով կ՚ըսեմ, որ «Մուկլիմանդիլ»ը չարդարացուց իմ սպասելիքները, քանի որ պատերազմէն ետք շատ բան փոխուեց, այդ տարի մօտ 70 %-ով զբօսաշրջիկներու հոսքը կրճատուեց։ Շուրջ մէկ ու կէս տարի գործեց ռեստորանը, բայց այն ինձ համար դարձաւ ճակատագրական, քանի որ կնոջս հետ այնտեղ ծանօթացած եմ եւ անկէ ետք նշանադրուեցայ։ Պէտք է նշեմ, որ կինս եւս արմատներով արցախցի է։ Անհամատեղելի էր իմ բնակուիլը Արցախ, քանի որ կինս մասնագիտութեամբ սրտաբան էր եւ կ՚աշխատէր Երեւան։
«Մուկլիմանդիլ» ռեստորանի փակուելէ ետք, ո՞ր ոլորտին ըրիք ձեր յաջորդ քայլերը։
Ուժերս փորձեցի տուրիզմի ոլորտին։ Քանի որ ֆինանսական առումով վնասներ կրած էի «Մուկլիմանդիլ»ի փակուելէ ետք, որոշեցի այնպիսի ոլորտ ընտրել, որտեղ ներդրումը քիչ ըլլայ եւ կարողանամ գումար վաստակել։ Սա աւելի շատ ընտանեկան գործ է, քանի որ կը զբաղուենք ես եւ կինս։ Առաջին 6 ամիսներու ընթացքին ուսումնասիրեցի շուկան, ծանօթացայ այդ ոլորտին աշխատող տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ՝ գիդերու, վարորդներու, ռեստորաններու եւ պանդոկներու տնօրէններու եւ այլն։ Կրնամ ըսել, որ 2018 թիւը շատ ուսուցողական տարի էր ինձ համար, հէնց տարուայ սկզբին ստեղծեցինք մեր տուրիստական գործակալութիւնը, եւ ընթացքին կը սորվէինք տուրիստական աշխարհի նրբութիւնները եւ հաստատակամ կը քայլէինք առաջ։
Շատ հետաքրքիր է տուրիստական գործակալութեան անուանումը՝ «Path…nder»։ Կը պատմէ՞ք՝ ինչպէս որոշեցիք անունը։
Թարգմանաբար «Path…nder» կը նշանակէ «ճանապարհ գտնող»։ Ճիշդը ըսեմ՝ կ՚ուզէի որեւէ հայկական անուամբ կոչել, սակայն ոլորտին գրեթէ բոլորն արդէն օգտագործուած են՝ սկսած հայկական հին քաղաքներու, թագաւորներու անուններէն եւ վերջացրած հայկական պատմական անուններով։ Որոշեցի այնպիսի անուն, որ արտասահմանցիներու համար եւս հեշտ կ՚ըլլայ յիշել, բացի այդ՝ անունը կարծես իր մէջ իմաստաբանական խորհուրդ կը պարունակէ՝ այսինքն զբօսաշրջիկներու համար նոր ուղիներ, նոր ճանապարհներ գտնող։ Մենք զբաղւում ենք միայն ներգնատուրիզմով, մեր զբօսաշրջիկները հիմնականին եղած են ԱՄՆ-էն, Արգենտինայէն, Գանատայէն, Յորդանանէն եւ Տուպայիէն։
Ինչո՞վ կ՚առանձնանայ ձեր տուրիստական գործակալութիւնը։ Դուք ի՞նչ կ՚առաջարկէք, որը չեն առաջարկեր մնացածները։
Յատուկ բան չենք առաջարկեր, քանի որ շուկան բաւականին լայն է, եւ մենք ալ սկսնակ ենք այս ոլորտին։ Կարող եմ ըսել, որ մենք կը տրամադրենք այնպիսի փաթեթներ, ինչպիսին յաճախորդն կը ցանկանայ՝ ըստ իր նախասիրութիւններու ու պահանջներու։ Ես կը փորձեմ այնպէս աշխատել, որ զբօսաշրջիկները մեզմէ գոհ հեռանան եւ յաջորդ անգամ կրկին մեզ վստահեն իրենց հանգիստն ու շրջայցերը։ Իմ կարծիքով այդ կարեւոր մօտեցում է։ Պէտք է կարողանալ միշտ շատ տարբերակներ առաջարկել տուրիստներուն, օրինակ ամերիկացիներուն շատ հետաքրքիր են պատմամշակութային վայրերը ու յուշարձանները, իսկ արաբները հիմնականին կը նախընտրեն բնութիւնը եւ ժամանցի վայրերը։
Երբ վերադարձաք Հայաստան, արդեօք փոփոխութիւններ նկատեցի՞ք ձեր մտածելակերպին եւ աշխարհահայեացքին մէջ, կրնա՞ք ըսել, որ հայրենիքը ինչ-որ բան, այնուամենայնիւ, փոխեց ձեր մէջ։
Աւելի շատ հանգստութիւնս գտայ իմ հայրենիքը։ Ամմանը կը համարուի արաբական աշխարհի առեւտուրի կեդրոններէն մէկը, այդ պատճառով շատ զբաղուած էի ես, այնտեղ կ՚աշխատէի 3 տեղ՝ առաւօտեան 8։00-էն մինչեւ ուշ երեկոյ 02։30։ Այդ գրաֆիկը շատ ծանրաբեռնուած էր, կ՚աշխատէի տարածաշրջանի մէջ բաւականին մեծ ճանաչում ունեցող «Մտաւոր սեփականութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն» կազմակերպութեան մէջ որպէս գլխաւոր հաշուապահ, ինչպէս նաեւ, անկէ բացի կը զբաղէի իմ երկրորդ մասնագիտութիւնով՝ որպէս երաժիշտ։ Վերադառնալով Հայաստան՝ այդ 6 ամիսներու ընթացքին ես պարզապէս հանգստացայ, կը մասնակցէի տարբեր միջոցառումներու, էքսկուրսիաներու եւ այլն։ Հայաստանին առկայ են առաջնահերթութիւններ, որոնք տարբեր են Յորդանան։ Օրինակ այնտեղ դուն պէտք է որեւէ նիւթական իր ձեռք բերելու հարցին ընտրես լաւագոյնը՝ մեքենան, բնակարանը եւ այլն։ Հայաստան այդ շատ աւելի պարզ է, եւ ճիշդը, բնականաբար, այդ է. գուցէ Հայաստանը գրաւիչ է նաեւ իր պարզ կենսակերպով։
Կարօ, ի՞նչ խորհուրդ կու տաք սփիւռքահայ երիտասարդին հայրենիք դառնալէ առաջ։
Նախ պէտք է ըսեմ, որ Հայաստան շատ գործ կայ ընելու բոլոր բնագաւառների մէջ։ Ես անոնց խորհուրդ կու տամ չտապին այդ որոշման հարցին։ Պէտք է սորվիլ, մի քանի տարի մասնագիտական փորձ ձեռք բերել, նոր միայն գալ հայրենիք, այս դէպքին անոնք աւելի շատ օգտակար կ՚ըլլան Հայաստանին, պէտք չէ համալսարանական տարիքին, կամ այն աւարտելէ ետք անմիջապէս գալ Հայաստան, այդ վատ կ՚անդրադառնայ նաեւ հէնց հայրենադարձի վրայ։ Այս ամենէն զատ՝ պէտք է նաեւ հոգեպէս եւ մտովի պատրաստ ըլլաս այս փոփոխութեան, որը քեզ սպասւում է, քանի որ երկրէն երկիր տեղափոխուիլը եւ մշտական բնակութիւն հաստատելը մէկ այլ երկիր խաղ ու պար չէ։ Կ՚ուզէի, որ սփիւռքի երիտասարդները ռոմանտիկ կերպով չընկալեն Հայաստանը, քանի որ գալով հայրենիք՝ շատ կը հիասթափուին ինչ-որ փոքր խաբէութիւններու կամ որոշ մարդկանց վատ վերաբերմունքի պատճառով։ Պէտք է Հայաստանին վերաբերուել այնպէս, ինչպէս մէկ այլ երկիր, որտեղ լաւն ու վատը կայ, այդպէս հայկականութեան մէջ ինտեգրուելու գործընթացը շատ աւելի հեշտ կը ըլլայ։ Ես որպէս հայրենադարձ՝ շատ կ՚ուզէի իմ երկրին փոխել օտար բառերու ներմուծումը, Ստեփանակերտ մնալու ժամանակաշրջանին ըրինք որոշ քայլեր անոր դէմ, ես իմ մասով կարողացայ պայքարել անոր դէմ. օրինակ «Մուկլիմանդիլ» ռեստորանի ճաշացանկի մէջ ուտեստներու եւ անոր բաղադրիչներու անուանումները գրած էինք միայն հայերէն։
Կարօ, ի՞նչ կ՚առաջարկէք Հայսատան-Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման եւ այն ալաւելի ամրապնդելու համար։
Կը կարծեմ, որ Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութեան զարգացման համար երկու կողմերն ալ ահռելի աշխատանք կը տանեն։ Ապրելով Սփիւռքի շուրջ 32 տարի՝ ես նկատած եմ, որ տարեց տարի կը շատանան խառնամուսնութիւնները։ Ըստ զիս՝ այդ մտահոգիչ փաստ է։ Սփիւռքը պէտք է սատար կանգնի Հայաստանին համաշխարհային նոր գիտելիքներով, փորձով եւ նիւթական առումով, իսկ վերջինս հայապահպանութեան եւ մշակութային ծրագրերու իրականացման առումով շատ պէտք է Սփիւռքին։ Բերեմ մի օրինակ. անգամ մը Ամմանի հայ համայնքի պարախմբի պարուսոյցը պէտք է տեղափոխուէր այլ երկիր, եւ չկար համապատասխան մէկը, ով կը կարողանար պար դասաւանդել, բարեբախտաբար, մենք կարողացանք Հայաստանէն պարուսոյց հրաւիրել, ով կը կարողանար հայկական պարեր սովորեցնել համայնքի երիտասարդութեանը։ Այս իմաստով Հայաստանը պէտք է սատար կանգնի սփիւռքին։