ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան պատգամաւորներ Էպրու Կիւնայ եւ Կարօ Փայլան ընդառաջելով Արկենդինայի հայկական կեդրոնի հրաւէրին, այցելեցին Հարաւային Ամերիկայի շարք մը երկիրներ, ուր շփումներ ունեցան այդ երկիրներու խորհրդարանականներու, մամլոյ ներկայացուցիչներու եւ հայկական սփիւռքի գործիչներու հետ։ Ուղեւորութեան առաջին կանգառն էր Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթեվիտէօ։ Այստեղ անոնք զանազան հանդիպումներ ունեցան երկրի քաղաքական գործիչներուն հետ եւ կարծիքներ փոխանցեցին երկու երկիրներու քաղաքական կեանքը յուզող բազմաբնոյթ խնդիրներու շուրջ։
Թուրքիայէն եկած պատգամաւորներու առումով հետաքրքրական հանդիպում մըն էր Ուրուկույի նախկին նախագահ Խոզէ Մուհիքայի հետ ունեցած մտերիմ հանդիպումը։ Այս հանդիպումը կայացաւ Փեփէ անունով ծանօթ նախագահի բնակարանը ճիշդ ալ իրեն յատուկ արտակարգօրէն մտերիմ միջավայրի մէջ։ Պատուիրակութիւնը մայրաքաղաքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պատարագին մասնակցելէ ետք տեսակցեցաւ նաեւ Ուրուկուէյի հայոց առաջնորդ Յակոբ Արքեպիսկոպոս Քըլըչեանի հետ։ Անոնք այցելեցին տեղւոյն Նուպարեան եւ Ներսէսեան վարժարանները, հանդիպումներ ունեցան աշակերտութեան հետ։ Հետաքրքրական այցելութիւն մըն էր նաեւ Մոնթեվիտէոյի մէջ այցելել 20 կախաղաններու յիշատակին ձօնուած Փարամազի հրապարակը։
Էպրու Կիւնայ եւ Կարօ Փայլան ապա անցան Արկենդինա, ուր իբրեւ առաջին գործ այցելեցին «Փլացա Տէլ Մայօ»ի մայրերը։ Մասնակցեցան տեղւոյն խորհրդարանի մէջ կայացող բանախօսութեան, ուր կը քննարկուէր Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու խնդիրը, փոքրամասնութիւններու, կիներու եւ բոլոր տուժած խմբակներու վերաբերեալ խնդիրները։
Ափսոս որ այս խիստ շահեկան շրջագայութիւնը կիսատ մնաց Թուրքիոյ մէջ ՀՏՓ-ի ցանկերէն ընտրուած քաղաքապետներուն պաշտօնանկ ըլլալով։ Արդարեւ պատգամաւորները վերադարձան երկիր ջնջելով իրեն, դէպի Պրազիլ ու Չիլի կատարելիք այցելութիւնները։