ԵԴՈՒԱՐԴ ՏԱՆՁԻԿԵԱՆ
ԱՔՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Մարգար Էսայեան «Աքշամ» թերթի մէջ գրի առաւ յօդուած մը, ուր իր միտքը ներկայացնելու համար կը դիմէր Հրանդ Տինքի անցեալին ունեցած մէկ ելոյթին։ «Անցեալին ֆրանսացիներ, ռուսեր, գերմանացիներ ու անգլիացիներ այն ինչ որ գործադրեցին այս հողերու վրայ, այսօր նոյնը կ՚ընեն ուրիշ գործիչներ։ Անցեալին հայ ժողովուրդը վստահած էր իրենց եւ շատ սուղ հատուցեց այդ վստահութիւնը։ Կարծեց թէ արեւմտեան երկիրներուն վստահելով անոնք պիտի փրկեն զինք Օսմանեան բռնատիրութենէ։ Բայց պատմութիւնը ուրիշ ձեւով ընթացաւ եւ արեւմուտքի գերտէրութիւնները իրենց շահը ապահովելէ ետք հեռացան այս հողերէն տարածաշրջանի ժողովուրդը թողելով երկարատեւ թշնամութիւններու գիրկը»։
Հրանդ Տինք այս ելոյթը ունեցած էր 2006-ին, երբ ամերիկացիներ կ՚արշաւէին Իրաքը։ Իսկ Մարգար Էսայեան խնդիրը կը կապէ այսօրուան, ծառայելու համար Էրտողան, Պահչելի եւ Սոյլուի քիւրտերը էզմելու ռազմավարութեան։ Կ՚արժէ յիշել թէ տարակարծութիւնը բանակցութիւններով լուծելու քաղաքականութեան օրերուն ամէն ինչ որքան հեշտ կ՚ընդանար։ Սակայն երբ քիւրտեր այդ բանակցութիւններու ընթացքին փորձեցին որոշ իրավիճակ մը ապահովել իսկոյն փոխուեցաւ խաղին կանոնները։ Կառավարութիւնը շուռ տուաւ բանակցութիւններու սեղանը եւ խնդիրը վերածեց զինեալ միջամտութեան։ Փորձեց նաեւ պատուազրկել քիւրտ քաղաքական գործիչ Սելահատտին Տեմիրթաշը, երբ ան օրըստօրէ կը բարձրացնէր իր վարկանիշը բոլորին դիմաց։ Դարձեալ պիտի յիշենք թէ այդ օրերուն կառավարութիւնը դիմեց քաղաքական գործիչները բանտարկելու անընդունելի եղանակին։
Իսկ այսօր կ՚ապրինք անհանդուրժողութեան բոլորովին նոր երեւոյթ մը, երբ կառավարութիւնը շրջանային ընտրութիւնները կորսնցնելէ ետք անգամ մը եւս կը դիմէ ընտրուած քաղաքապետները պաշտօնանկ ընելու եղանակին։ Բոլորովին անընդունելի է Մարգար Էսայեանի նման դէպքի մը դիմաց Հրանդ Տինքի 2006-ին, բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ արտասանած խօսքերը իր հունէն հանելով շահագործելու փորձը։ Այսօր եթէ պիտի յիշենք, թէ Հրանդ այդ ժամանակ ինչեր ըսած էր, պարտինք յիշելու նաեւ թէ ինչեր չէր ըսած։ Օրինակի համար Հրանդ չէր ըսած, որ պետութիւնը իր կամայական որոշումով բանտարկէ քիւրտերը եւ ոչ ոք ալ առարկէ ասոր դիմաց։ Չէր ըսած, որ քիւրտեր պարտին համակերպելու թուրք կառավարութեան իրենց շնորհած բարիքներուն։ Անշուշտ չէր ըսած այս բոլորը, քանի որ 2006-ին չէր կրնար կանխատեսել այսօրուայ պայմանները։ Ուրեմն վերադառնանք խնդրի էութեան՝ այսօր պետութիւնը բոլորովին կամայական մերձեցումով մը կը փորձէ հալածել քիւրտ քաղաքական գործիչները։ Անցեալին այս տեսակ գործողութիւններու դէմ թանաք հոսեցնողներուն այսօր մատնուած վիճակը իսկապէս ցաւալի է։ Բայց որքան ալ ցաւալի ըլլայ թող մնան իրենց խայտառակ դիրքին մէջ եւ չփորձեն Հրանդի անունը շահագործել իրենց ապիկար միտքերը փաստելու համար։