Թեհրանի եւ Երեւանի Պետական համալսարաններու բժշկական բաժիններու նախաձեռնութեամբ Թեհրանի համալսարանին կը տեղադրուի հայ անուանի գիտնական Մխիթար Հերացիի քանդակը։
Երեւանի Պետական համալսարանէն փոխանցուած տեղեկութեան համաձայն երկու երկիրներու համագործակցութեան հետեւանքով իբրեւ այդ համագործակցութեան խորհրդանշան Պարսկաստանի ակադեմական շրջանակները ներկայացուցած են այս մասին առաջարկը։
Իբրեւ պատասխան իրանական կողմի այս բարի մերձեցման, Երեւանի Պետական համալսարանն ալ իր կարգին որոշած է Իպնի Սինայի արձանը տեղադրել Երեւանի Պետական համալսարանի բժիշկներու այգիի շրջակայքը։
ԺԲ. դարուն ապրած ու գործած Մխիթար Հերացի կ՚ընդունուի որպէս հայ բժշկագիտութեան նախահայրը։