Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը կը մնայ պահանջատէր

Մեծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ աթո­ռի եր­բեմնի նստա­վայ­րի մա­սին իր պա­հան­ջա­տիրու­­թիւնը։

Ինչպէս ծա­­նօթ է, Արամ Ա կա­­թողի­­կոս, փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րու մի­­ջոցաւ իրա­­ւական գետ­­նի վրայ հա­­տու­­ցում պա­­հան­­ջած էր Սի­­սի եր­­բեմնի Կա­­թողի­­կոսու­­թեան հո­­ղատա­­րած­­քին հա­­մար։ Այժմու Ատա­­նա քա­­ղաքի Քո­­զան գա­­ւառի մէջ գտնուող հա­­յապատ­­կան տա­­րած­­քը առգրա­­ւուած էր Թուրքիոյ կող­­մէ։

Թուրք ար­­դա­­­րադա­­տական հա­­մակար­­գը, բո­­լոր աս­­տի­­­ճան­­նե­­­րու վրայ մեր­­ժած էր կա­­թողի­­կոսա­­րանի պա­­հան­­ջը եւ դա­­տը փո­­խան­­ցո­­­ւած էր Եւ­­րո­­­պայի Մար­­դու Իրա­­ւունքնե­­րու Ատեան։ Այս վեր­­ջինն ալ դի­­տել տա­­լով թէ չէ աւար­­տած թրքա­­կան դա­­տարան­­նե­­­րու վե­­րաբե­­րող գոր­­ծո­­­ղու­­թիւննե­­րը, մեր­­ժած էր այս թղթած­­րա­­­րի քննար­­կումը։ Նշեալ զար­­գա­­­ցումնե­­րու ընդմէջ, Թուրքիոյ կա­­լուա­­ծաթուղթե­­րու (թա­­փու) գրա­­սենեակը մեր­­ժած էր վա­­նական հա­­մալի­­րի կա­­լուա­­ծաթուղթը փո­­խան­­ցել փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րուն։ Գրա­­սենեակը, թէեւ ըն­­դա­­­ռաջեց դա­­տարա­­նի պա­­հան­­ջին, բայց գաղտնա­­պահու­­թիւն բե­­րաւ փաս­­տա­­­թուղթե­­րու հրա­­պարակ­­ման դէմ։ Այսպէս դա­­տակազ­­մը պի­­տի կրնայ քննել փաս­­տա­­­թուղթը, բայց փաս­­տա­­­բան­­նե­­­րը զրկո­­ւած են նոյն առի­­թէն օգ­­տո­­­ւելու։

ԵՄԻԱ-ի ցուցմունքին հա­­մապա­­տաս­­խան կեր­­պով, Մե­­ծի Տանն Կի­­լիկիոյ Կա­­թողի­­կոսու­­թիւնը 30 Յու­­լիս 2019-ին դար­­ձեալ դի­­մեց թրքա­­կան դա­­տարան, օրի­­նական հայց ներ­­կա­­­յաց­­նե­­­լով Քո­­զանի նա­­խադա­­տական ատեանին, պա­­հան­­ջե­­­լով Սի­­սի պատ­­մա­­­կան Կա­­թողի­­կոսա­­րանին վե­­րադար­­ձը։

Ար­­դա­­­րեւ, Արամ Ա Կա­­թողի­­կոսի հո­­վանա­­ւորու­­թեամբ, մի­­ջազ­­գա­­­յին եւ թուրք իրա­­ւաբան­­նե­­­րու զոյգ յանձնա­­խումբե­­րու տա­­րած աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին եւ խորհրդակ­­ցա­­­կան բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու լոյ­­սին տակ, որո­­շուե­­ցաւ Սի­­սի Կա­­թողի­­կոսա­­րանի վե­­րադար­­ձի պա­­հան­­ջը ներ­­կա­­­յաց­­նել Թուրքիոյ Քո­­զան քա­­ղաքի նա­­խադատ ատեանին։

Շուրջ հա­­զար էջե­­րէ բաղ­­կա­­­ցած թղթած­­րա­­­րը պատ­­րաստո­­ւած է իրա­­ւական զոյգ յանձնա­­խումբե­­րու միացեալ աշ­­խա­­­տան­­քով՝ հիմ­­նո­­­ւելով թրքա­­կան օրէն­­քի տրա­­մադ­­րութիւննե­­րուն, մի­­ջազ­­գա­­­յին օրէն­­քի սկզբունքնե­­րուն, նաեւ ԵՄԻԱ-ի սահ­­մա­­­նած իրա­­ւունքնե­­րուն վրայ, միշտ առ­կայ պա­հելով ԵՄԻԱ վե­րադառ­նա­լու ճամ­բան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ