«Ամէն ինչ սկսաւ Միչիկընի համալսարանի մէջ կայացող բանախօսութեան մը շնորհիւ»։ Այս նախադասութիւնով բնութագրեց պոլսահայ լուսանկարիչ Մարիամ Շահինեանի ուղղեալ իր հետաքրքրութեան ծագումը եւ աւելցուց, «Եկած եմ վերացական թուացող արխիւը իրականի վերածելու»։
Երկուշաբթի առաւօտ մըն է «Ակօս»ի խմբագրատան մէջ, ուր ժամադրուած եմ Անահիտ Ղազարեանի հետ։ Եկած է Երեւանէն, Եւրոպայի տասը լաւագոյն մայրաքաղաքներէն մին համարուող վարդագոյն քաղաքէն։ Կ՚ուսումնասիրէ լուսանկարչութեան պատմութիւնը։ Պատմութիւն մը, որ բաղդատմամբ շումերագիտութեան, շատ աւելի մօտ անցեալ ունի, բայց բազում անգամ աւելի շատ անյայտներ, լուսաբանելու կարօտ գաղտնիքներ։
«Աւարտին գիրքի մը վերածելու միտքով սկսած ուսումնասիրութեանս համար կը փնտռեմ Շահինեանի «Ֆոթօ Կալաթասարայ» անունով ծանօթ աշխատանոցը նկարուած օրինակներ։ Եթէ ձեր ընտանեկան ալպոմներու մէջ կան նման կնիքը կրող լուսանկարներ, կ՛ուզեմ ընդօրինակել եւ լսել որոշ տեղեկութիւն եւ յիշատակներ»։
Այս էր Անահիտ Ղազարեանի այցելութեան պատճառը, եւ այժմ յոյս
ունի թէ այս լրատուութիւնը կարդացողներ կապ պիտի հաստատեն իր հետ 0552 573 10 52 հեռախօսահամարով, կամ HYPERLINK «mailto։anahit.ghazaryan89@gmail.com» anahit.ghazaryan89@gmail.com ելեկտրոնային հասցէով։