Հարաւային Ամերիկայի հեռաւորութիւնը նոյնիսկ արտասանելու պահուն կը զգանք։ Երկրագունդի այս հատուածը առաջին հերթին մեր մտքերուն մէջ կը գոյացնէ թանկոյի, սալսայի, ֆութպոլի նման համաշխարհային փոփուլէր մշակոյթի զանազան երեւոյթներ։ Բայց նաեւ գիտենք այս երկրի քաղաքական առանձնայատկութիւններու յեղափոխական շաղուածքին եւ գրականութեան մասին։ Հայ ժողովուրդի Հարաւային Ամերիկայի հետ շփումը ընդհանրապէս կապուած է իթթիհատական կառավարութեան ի գործ դրած ցեղասպանութեան հետ։ Ուրուկուէյ աշխարհի վրայ 1915-ի պատահարները որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցող առաջին երկիրը եղաւ։ Անցեալ շաբաթ առիթը ունեցայ այս խիստ հետաքրքրական երկիրը այցելելու եւ այնտեղի ժողովուրդի հետ շփուելու։ Այժմ կը փորձեմ այդ հանդիպումները փոխանցել «Ակօս»ի ընթերցողներուն։ Իմ առաջին հանդիպումը եղաւ Ուրուկուէի հայութեան մասին բաւական ընդարձակ արխիւի մը տէր Տոքթ. Կուսթավօ Զուլամեան Օհանեանի հետ։ 46 ամեայ Օհանեան ծնած է Մոնթեվիտէօ եւ հայրն է երկու զաւակներու։ Աշխատակցած է Հայ Բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ 1999 եւ 2002 թուականներու միջեւ ալ հրատարակած է «Հայ Ընտանիք» պարբերականը։ Ընդհանրապէս հայերէնով զրուցեցինք Օհանեանի հետ, բայց մերթ ընդ մերթ կարիքը ունեցանք այստեղ հաղորդումներ կատարող «Ռատիօ Արաքս»ի խմբագիր Տիէկօ Գարամանուկեանի օգնութեան ապաւինելու, որուն համար շնորհակալութիւն կը պարտիմ։
ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆ
Նախ սկսինք ձեր ընտանիքի պատմութիւնով։
Հօրենական կողմէ Մարաշցի եմ։ Պապերս Արթին Զուլամեան եւ Ազնիւ Թարաքչեան Մարաշ ծնած են։ Մօրս կողմէ մեծ հայրս Արթին Օհանեան ծնած է Մերսին 1906 թուին։ Մոնթեվիտէոյի մէջ մերսինցի միակ ընտանիքը մերոնք են։ Բայց մեծ մայրս ատանացի է։ Իր պատմութիւնը քիչ մը տարբեր է միւսներէն որովհետեւ մեծ հայրս 1926-ին առանձին եկած է այս կողմերը։ Ընտանիքը մնացած է Մերսին։ Մօրս մեծ հայրը Մարտիրոս Օհանեան տարսոսեցի է։ Աւելի ուշ անցած է Մերսին, ուր ծնած է մեծ հայրս։ 1914-ին քիւրտի մը դրամ կու տայ ու ապա չորս տարի կը բնակի լեռը։ 1918-ին կը վերադառնայ Մերսին ու երբ կը հարկադրուի հեռանալ իր բնակարանը կը յանձնէ թուրք հարեւանին ու կը լքէ Մերսինը։ Ապա կ՚անցնի Պէյրութ եւ հոն վեց տարի մնալէ ետք կու գայ Մոնթեվիտէօ։ Ընտանիքի մնացորդացը տակաւին Մերսին կ՚ապրին։ Անշուշտ Օհանեան ըլլալով չէ, այլ «Եուրթլու» մականունով։ Մօրս մեծ մայրը 1976-ին Մերսին մահացաւ։ Մայրս 1963-ին այցելած էր զիրենք եւ երկու ամիս մնացած էր Մերսին։
Իսկ ինչպէ՞ս սկսաւ Ուրուկուէյի հայոց անցեալի մասին հետաքրքրութիւնդ։
1992-ին երբ աւարտեցի ուսման երկրորդ ծրագիրը, այդ տարիներուն նկատեցի որ ցեղասպանութեան ականատես եղած սերունդը օր ըստ օրէ կը պակսի իր հետ տանելով նաեւ անցեալի մասին շատ թանկագին յիշատակներ։ Այս նկատելով լծուեցայ տարեցներու յիշատակները արձանագրելու գործին։ Հաւաքեցի նաեւ զանազան փաստաթուղթեր եւ լուսանկարներ։ Թէեւ իմ պատրաստած գրքին մէջ միայն մարաշցիներու յուշերը կան, բայց հաւաքուածը շատ աւելի ընդարձակ էր։ Տարբեր բնոյթի աշխատութիւններ ալ ունեցած եմ։ Ռայմոնտ Գէորգեանի եւ Վահէ Թաշճեանի միասնաբար պատրաստած Հայ Բարեգործական ընդհանուր միութեան պատմութեան մասին գիրքին իսպաներէն թարգմանութիւնը հրատարակութեան շեմին է։ Հարաւային ամերիկայի հատուածին համար ալ չորս հատորանի յաւելուած մը պիտի ըլլայ։ Ես պիտի գրեմ Քորտոպայի եւ Մոնթեվիտէոյի մասին եղած բաժինը։ Հոկտեմբեր ամսուն թանգարան մը պիտի բացուի հայ կաթողիկէ համայնքի շրջանակին մէջ։ Պիտի ցուցադրուին հայերուն պապենական երկիրէն իրենց հետ բերած մշակութային աւանդութիւնները։ Արդարեւ ես ալ Ուրուկուէյ բնակող մարաշեցի հայ ընտանիքներու պատմութիւնը կը գրեմ։ Գիտէ՞ք թէ այդ ընտանիքը քանի մայրապետ տուած է։ Ուղիղ 16 հատ։ Մէկ ընտանիք, չորս սերունդ եւ 16 մայրապետներ։
Իսկ ինքնին ի՞նչ կը ներկայացնէ Ուրուկուէյի հայ բնակչութիւնը։
Բնակչութեան թուի մասին յստակ տեղեկութիւն չունինք։ Հայր Ներսէս Տոլափչեան անցեալին իր միջոցներով մարդահամար մը ըրած էր։ Առանց գիտական տուեալ մը ունենալու կը կարծենք թէ Ուրուկուէյի մէջ կը բնակին մօտաւորապէս 20 հազար հայեր, որոնցմէ մօտ 5 հազարը մարաշցիներ են։ Ապա կու գան Աքշեհիրի եւ Զէյթունի հայերը։ Իսկ Արկենթինայի մէջ աւելի մեծամասնութիւն կը կազմեն այնթափցիներ ու հաճընցիներ։
Ցեղասպանութենէ ետք հայեր զանազան վայրեր գաղթեցին։ Ի՞նչ ճանապարհներով եկած են Ուրուկուէյ։ Ո՞ր պատճառով նախընտրեցին այս երկիրը։
Ցեղասպանութենէ ետք հայերուն ուղղուած գլխաւոր գաղթօճախները եղան Սուրիա ու Լիբանան։ Սակայն 1929-էն ետք, երբ կեանքը հետզհետէ դժուարացաւ այս երկիրներու մէջ, բազմաթիւ հայեր ուզեցին Հիւսիսային Ամերիկա գաղթել։ Այդ տարիներուն Ուրուկուէյի Լիբանանեան դեսպանատունը մեկնարկեց քարոզարշաւ մը։ Ուզեց բարձրացնել իր երկրի բնակչութեան թիւը։ Այս ծրագրի ծիրէն ներս դիւրացուց թղթաբանական դժուարութիւնները եւ երկրի նախագահ Հոսէ Սերրատօ յայտարարեց թէ պիտի ընդունին Նանսէնեան անցագիրով ճամբորդողները։ Այս բոլորը խրախուսեց հայոց դէպի Ուրուկուէյ հոսքը։ Իսկ արդեօք պետութիւնը կրցա՞ւ բաւականին օգնական ըլլալ եկող գաղթականներուն։ Առաջին հանգրուանին՝ այո։ Եկողները ապահովուած էին կեցութեան վայրերով եւ սնունդով։ Ապա հայերը սկսած են արտադրել, աշխատիլ եւ իրենց վաստակով կեանքը աւելի տանելի դարձնել։ Տասը տարուայ մէջ անոնցմէ շատեր ձեռնարկեցին իրենց սեփական աշխատանքին։ Շատ մը օրինակներու մէջ նախ տղամարդիկ գաղթած են եւ ապա բերած իրենց ընտանիքները։ Այստեղ ընկերային առաջին կազմութիւնները եղած են հայրենակցական միութիւնները։ Բացի այդ շուտով գործած է նաեւ ՀՅԴ-ի, Սոսեալ Տեմոքրադական Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մասնաճիւղերը։ Նշեալ հայրենակցական միութիւններու մէջ կարեւորագոյնը կը հանդիսանայ մարաշցիներու միութիւնը, քանի որ մարաշցիները միշտ ալ հպարտ եղած են իրենց ծննդավայրով։
Իսկ այս ժամանակահատուածի ընթացքին պետութեան հետ խնդիրներ ծագա՞ծ են։
Պետութեան եւ հայ համայնքի միջեւ շատ լաւ յարաբերութիւն մը կը տիրէ։ Առեւտուրի, մամուլի եւ ակադէմական միջավայրի մէջ բարձրաստիճան յարաբերութիւն մը կը տիրէ։ Ուրուկուէյ լայիք սկզբունքներ որդեգրած երկիր է։ Այս ալ դիւրացուցած է հայ համայնքին երկրի կանոններուն եւ յատկութիւններուն դիւրաւ համակերպիլը։ Սակայն այս բարի ընթացքը իր մէջ կը պահէ նաեւ ձուլման որոշ վտանգներ։ արդարեւ Ուրուկուէյի հայութիւնը ի տարբերութիւն Միջին Արեւելքի համայնքներուն չէ կրցած արժանի կերպով բազմանալ։ Բնակչութիւնը միշտ սահմանափակ մնացած է, չէ կրցած հարստանալ գաղթի նոր հոսանքներով։ Այստեղ բացառութիւն է Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք Հայաստանէն գաղթած քանի մը ընտանիքներու օրինակը։ Անոնք իսկապէս ալ յաջողեցան որոշ կենսունակութիւն բերել տեղւոյն հայութեան։ Նպաստեցին դպրոցին եւ եկեղեցիին։ Ուրուկուէյի մէջ հայեր խտրականութեան չեն ենթարկուիր, այլ ընդհակառակ խտրականութեան երեւոյթները կու գայ հայերէն, երբ անոնք կը մերժեն օտար ամուսնութիւնները։