ՍԵՐՏԱՐ ՔՈՐՈՒՃՈՒ
Այս տարի, երբ կը նշուի «Մալազկերտի յաղթանակը» ինքնաբերաբար օրակարգի կու գայ նաեւ Ահլաթ գաւառը։ Հասկնալի է այս ուշադրութիւնը, քանի որ նախագահ Էրտողան այդ ծիրէն ներս այցելեց նաեւ այս ընդհանրապէս անտեսուած շրջանը։
Հանրապետութեան նախագահը Պիթլիսի Ահլաթ գաւառին մէջ ելոյթ ունեցաւ ու նշեց թէ երիտասարդներ բաւականին չեն ճանչնար Ահլաթը ու Մալազկերտը։ Պիթլիսի կուսակալութեան համացանցի էջին վրայ ալ բաւական տեղեկութիւններ չկան Ահլաթի մասին։ Յատկապէս ալ Ա. աշխարհամարտի տարիներու մասին։ Համացանցի էջին վրայ խոստովանութիւն մըն է այս իրողութիւնը, ուր բացէ ի բաց կ՚ըսուի թէ «Խիստ սահմանափակ է Ա. Աշխարհամարտ տարիներուն մասին մեր տեղեկութիւնները» եւ կ՚աւելցուի ըսելով՝ «Այս մասին մեր տեղեկութիւնները կը քաղենք վերապրողներու յուշերէն։ Օրինակի համար այդ յուշերու շնորհիւ գիտենք թէ Ա. Աշխարհամարտին Ահլաթ ունեցած է աւելի քան 2000 նահատակներ»։
Համացանցի էջին վրայ կ՚ըսուի թէ պատերազմի ընթացքին եւ աւարտին մէկ կողմէն ռուսաց, մէկ կողմէ ալ հայերու յարձակումներուն եւ կոտորածներուն ենթարկուելով բնակչութիւնը ուրիշ քաղաքներ փախած են։ Մինչդեռ 1916-ին նախքան ռուսերու քաղաք մտնելը արդէն իսկ սկսած էր հայոց եւ անոնց կողքին նաեւ ասորիներու եւ քաղդէացիներու ուղղեալ զանգուածային կոտորածներ։ Ինչպէս կը նշէ պատմաբան Ռայմոն Գէորգեան, Պիթլիս քաղաքին մէջ հայերու ուղղեալ կոտորածները Վանի դէպքերու հետեւանքն են։ Թրքական բանակի Իրանեան Ատրպետականի եւ աւելի վերջ ալ զօրավար Հալիլ Քութի հրամանատարութեան տակ հինգերորդ շրջուն ուժերու նահանջի շրջանին ենթարկուած պարտութիւններուն վրէժը լուծած են Պիթլիսի հայերը կոտորելով։ Սակայն աղբիւրները կը հաստատեն նաեւ թէ այս բոլորը միայն վրիժառութեամբ բացատրելը կարելի չէ։ Գէորգեանի թրքերէն թարգմանութիւնը «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան կողմէ կատարուած «Հայոց ցեղասպանութիւնը» գիրքին համաձայն 1915-ի Ապրիլին Պիթլիսի մէջ Թալեաթ փաշայի աներ Մուսթաֆա Ապտուլհալիք կը պատրաստուէր երեք հայ առաջնորդներ կախաղան հանելու։ Մէկ կողմէն ալ կը զբաղուէր քիւրտ հրոսախումբերը մէկտեղելու։ Մայիս ամսուայ մէջ քիւրտ հրոսախումբերու յարձակումներու հետեւանքով գաղթի հոսանք մը սկսաւ։ Վանէն դէպի տարածաշրջան գացող բուժքոյր Կրէյս Հ. Քննափ 16 Մայիսին, երբ կ՚անցնէր Թատվանէն ականատես կ՚ըլլայ Ահլաթի հայոց գաղթին։ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի լրաքաղութեան բաժնի կողմէ հաւաքուած եւ ապա այսօր Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Վանքի մէջ պահպանուած տեղեկութիւններու համաձայն բուժքոյրի հանդիպած կարաւանը ճամբայ ելած էր 13 հազար 432 շունչ հայ բնակչութիւն ունեցող 23 եկեղեցի, 4 վանք, 898 աշակերտ ունեցող 15 դպրոցով օժտուած Ահլաթէն։ Խումբի մէջ համարեա բնաւ տղամարդ չկար եւ խումբը կը փորձէր Պիթլիսի կեդրոն հասնիլ, որպէսզի պաշտպանուի պետական ուժերու կողմէ։ Մինչդեռ քիչ անց Յուլիս ամսուայ մէջ նման բնոյթի կոտորածներ պիտի սկսէին նաեւ Պիթլիսի մէջ։ Այդ օրերուն տարածաշրջանը գտնուող եւ պատերազմին ուղղակի Էնվեր Փաշայի թոյլտուութեամբ մասնակցած վենեզուէլացի հարիւրապետ Ռաֆայլէլ Տէ Նոկալես կը նշէ թէ Հալիլ պէյ եւ Վանի կուսակալ Ճեվտեթ պէյ միասնաբար ծրագրած են կոտորածները։ «Ճեվտեթ պէյի օգնութեամբ Հալիլ Պէյ Սղերթ, Պաղէշ, Մուշ եւ Սասնայ զանգուածային կոտորածները իրականացնելու համար իր բանակով դէպի հիւսիս ուղղուեցաւ։ Ես նողկացած էի քրիստոնեաներու ուղղեալ սպանդներէն։ Այդ առումով ալ հրաժարեցայ Վանի ոստիկան զօրաց զօրամասի ժամանակաւոր հրամանատարութեան պաշտօնէն եւ նոր պարտականութիւն ստանալու համար կը պատրաստուէի մեկնել ընդհանուր շտապ։ Սղերթի ճամբուն էի, երբ Պաշքալէի կամաւորներու զօրամասի սպաները անցան իմ քովէն։ Մեծ գոհունակութեամբ յայտնեցին թէ Պիթլիսի կառավարութեան ուժերը զանգուածային բնաջնջման համար բոլոր պատրաստութիւնները աւարտած են եւ կը սպասեն Հալիլ Քութիի վերադարձին։ Թրքերէնի լաւ տիրապետելուս համար ընկերացած էի տեղական սպաներու հետ։ Զգուշացուցին ըսելով որ, եթէ կուզեմ Սղերթի կոտորածները տեսնել պէտք է շտապեմ։ Կոտորածները նախ սկսած էին Սղերթի մէջ։ Այս լանջերը բազմահազար կիսամերկ դիակներով լեցուն էին, որոնցմէ տակաւին արիւն կը հոսէր։ Հայրեր, եղբայրներ, որդիներ… մէկ մասը դիզերու ձեւով կուտակուած, իսկ մէկ մասը մահուան պահուն իրարու փաթթուած ձեւով պառկած էին հողին վրայ։ Անգղներ կը շրջէին անոնց վերեւ։ Շուները կը խոշոտէին անոնց աղիկները։ Ռաֆայէլ Տէ Նոկալէս այդ պատկերը տեսնելով համոզուած էր թէ շուտով նոյնը կը կրկնուի Պիթլիսի մէջ եւ ճիշդ էր այդ կանխատեսումը։
1901-ին Պիթլիս քաղաքի Ահլաթ գաւառը ծնած Սոկրատ Մկրտիչեանի վկայութիւնով բոլոր տղամարդիկ զինակոչուած էին նախապէս յայտարարուած հրամանագրով։ Անոնցմէ շատեր սառելով մահացան ճամբաներու վրայ։ 1915-ի Յունիսէն մինչեւ 1916 ռուսական բանակին գալուստը հատ մը իսկ հայ չէր մնացած։ Կոտորածը, որուն մասին որեւէ տեղեկութիւն չէ կրցած ունենալ Պիթլիսի կուսակալութիւնը շարունակուած էր 1915-ի Յունիսէն մինչեւ Յուլիս ամիսը եւ բոլորովին արմատախիլ եղած էր տեղւոյն հայ ժողովուրդը։