ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՈՏՔ


Պահ մը փորձենք հայոց լեզուէն հեռացնել «ոտք» բա­­ռը։ Ան­­կա­­­րելի է, չէ՞։ Իրա­­ւունք ու­­նիք։ Առանց անոր, մեր մայ­­րե­­­նին ինչպէ՞ս շար­­ժէր, քայլ առ­­նէր եւ ինչպէ՞ս վազք տար մեր միտ­­քե­­­րուն։ Ան կը մնար... կաղ։ Կը յի­­շէ՞ք Յով­­հաննէս Շի­­րազի «Մօր Ձեռ­­քե­­­րը» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը, որուն մէջ «ձեռք» գո­­յակա­­նը ար­­ժա­­­նացեր էր բազ­­մա­­­թիւ պա­­տիւ­­նե­­­րու- ինչպէս՝ ան «հի­­նաւուրց» էր եւ ու­­նէր «ծով լռու­­թիւն» եւ «համ­­բե­­­րու­­թիւն»։ Այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կ՚առա­­ջար­­կեմ հայ­­կա­­­կան բա­­նաս­­տեղծու­­թեան պար­­տէ­­­զէն ներս ոտք դնել ու տես­­նել, թէ «ոտք» բա­­ռը, մեր լե­­զուի ամե­­նէն հոգ­­նա­­­ջան եւ ծա­­ռայա­­սէր ան­­դա­­­մը, վա­­յելա՞ծ է ար­­դեօք բա­­նաս­­տեղծնե­­րու ու­­շադրու­­թիւնը։ Ուստի, մի՛ քա­­շուիք, նե՛րս եկէք, մուտք գոր­­ծե­­­ցէք այդ պար­­տէ­­­զի դար­­պա­­­սէն ներս, նախ ձեր աջ ոտ­­քով ան­­շուշտ, -ինչպէս սո­­վորու­­թիւն էր մեր նախ­­նի­­­ներու հա­­մար,- անոր քնա­­րական ճե­­մու­­ղի­­­ները ճա­­շակե­­լով, որո­­նենք «ոտք» բա­­ռի դա­­րաւոր ոտ­­նա­­­հետ­­քե­­­րը։ Իսկ գալ շա­­բաթ, ամ­­բողջաց­­նե­­­լու հա­­մար մեր քայ­­լը, ապա կը շար­­ժենք ձախ ոտ­­քը։ Այն ժա­­մանակ մե­­զի կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցի բա­­նաս­­տեղծ Պա­­րոյր Սե­­ւակը, ու կը պատ­­մէ, թէ ինչպէս կեան­­քը, իր ոտ­­քե­­­րու անհնա­­զանդ շար­­ժումնե­­րու պատ­­ճա­­­ռով վե­­րածո­­ւեր է ձա­­խողու­­թիւննե­­րու շղթա­­յի մը։

Այժմ նկա­­տեցէք սա­­ղար­­թա­­­խիտ եւ ստո­­ւերոտ տա­­րածու­­թեան մէջ հնա­­դարեան ու մամ­­ռոտ հետք մը- «ոտն»։ Սա է «ոտք» բա­­ռի ար­­մա­­­տը։ Բուն հայ­­կա­­­կան է։ Եզա­­կի է ան։ Բա­­ռացիօրէն։ Անոր պէտք էր յոգ­­նա­­­կերտ «ք» տա­­ռը, որ­­պէսզի ամ­­բողջա­­նար զոյ­­գը։ Իսկ դա­­րեր ետք, չենք գի­­տեր ի՛նչ պատ­­ճա­­­ռով, եւ զար­­մա­­­նալի է սա, մեր եր­­կու ոտ­­քը մտաւ մէ­­կի մէջ ու «ոտք» յոգ­­նա­­­կին դար­­ձաւ ժա­­մանա­­կակից հա­­յերէ­­նի եզա­­կին, հար­­կադրե­­լով մեզ յոգ­­նա­­­կերտ երկրորդ մաս­­նիկ մը աւելցնե­­լով անոր եւ ու­­նե­­­նալ՝ «ոտ­­քեր», որ­­պէսզի ջայ­­լա­­­մի պէս չմնանք մէ­­կի վրայ ցցո­­ւած ու կա­­րենանք եր­­կու ոտ­­քի վրայ քա­­լել, ինչպէս կ՚ընեն միւս բո­­լոր ժո­­ղովուրդնե­­րը։

«Ոտք» բա­­ռը իր հնա­­դարեան եւ ոլո­­րապ­­տոյտ պատ­­մութեան ամէն քայ­­լա­­­փոխին ստա­­ցաւ բազ­­մա­­­թիւ պատ­­կե­­­րալից իմաստներ, ինչպէս՝ սան­­դուղքի աս­­տի­­­ճան, մատ, քայլ, քայ­­լա­­­փոխ, քայ­­լո­­­ւած­­քի արա­­գու­­թիւն, մէկ քայ­­լա­­­չափ տա­­րածու­­թիւն, նո­­ւագ, հեղ, մէկ ան­­գամ եր­­թալ գա­­լը, մէկ ոտ­­քի եր­­կա­­­րու­­թիւնը որ­­պէս չա­­փի միաւոր, ստո­­րոտ, կա­­րի եւ այլ մե­­քենա­­ներու լե­­զուակ­­նե­­­րը, ինչպէս նաեւ որե­­ւէ բա­­նի վա­­րի կամ ստո­­րոտի մա­­սը, ինչպէս՝ լե­­րան ոտք։

Երբ Ոս­­կե­­­դարն էր, եւ ար­­քա­­­յական էր մայ­­րե­­­նի պար­­տէ­­­զը, նոյնքան եւ բու­­րումնա­­ւէտ էր ան եւ զգլխիչ, մեր գրա­­բար լե­­զուէն հո­­սեցան փափ­­կոտն ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ, որոնք թէեւ այժմ փո­­շեծածկ են ու եր­­կար դա­­րեր ո՛չ մէկ հայ քա­­լեր է անոնց հետ­­քե­­­րէն, սա­­կայն դեռ սի­­րու­­նա­­­տես են եւ այ­­սօր կ՛ար­­ժէ պահ մը մեր ճա­­նապար­­հէն շե­­ղիլ ու հիանալ անոնց տես­­քին։ Ահա փունջ մը- պա­­տուան­­դան ոտից, կռո­­ւան ոտին, լո­ւացումն ոտից, ոտն առ ոտն, ոտն ընդ ոտին, յո­­տից ցգլուխ, առ ոտն հար­­կա­­­նել, զոտս ամ­­բարձեալ փախ­­չել, զոտն հար­­կա­­­նել առ բար­­կութեան…։

«Ոտն» գո­­յակա­­նը, խո­­շոր ոս­­տում մը միավան­­կի մը հա­­մար, ու­­նե­­­ցաւ ան­­հա­­­մար բարդ եւ ածանց բա­­ռեր՝ իր երեք ար­­մատնե­­րով, «ոտ-», «ոտան-» եւ «ոտն-»։ Առա­­ջինը, որ չա­­փով աւե­­լի փոքր էր քան միւսնե­­րը, տո­­ւաւ «ոտա­­բաց», «ոտա­­բոբիկ» եւ «ոտա­­չափ» բա­­ռերը միայն։ Երկրոր­­դը ու­­նէր գրա­­կան հա­­կում։ Ան նախ ծնունդ տո­­ւաւ «ոտա­­նաւոր»-ին։ Անոր հե­­տեւե­­ցան «միոտա­­նի», «եր­­կո­­­տանի», «ու­­թո­­­տանի» եւ «բազ­­մո­­­տանի» ածա­­կան­­նե­­­րը։ Իսկ վեր­­ջի­­­նը... անզսպե­­լի էր՝ տո­­ւաւ յի­­սուն գո­­յական, ինչպէս՝ այ­­ծոտն, արա­­գոտն, գե­­ղեց­­կոտն, մեր­­կոտն, սե­­ւոտն, վա­­տոտն, վի­­շապոտն, փայ­­տոտն, ոտ­­նա­­­կապ, ոտ­­նա­­­կոխ, ոտ­­նա­­­հար, ոտ­­նա­­­ձայն։ Ան ու­­նե­­­ցաւ ար­­կա­­­ծախնդիր եւ ինքնու­­րոյն կեանք։ Աւագ Հինգշաբ­­թի օրեր հայ գա­­հանան լո­­ւաց զայն, այլ օրեր ան սի­­րեց վա­­զել գնդա­­կի մը ետե­­ւէն, իսկ հան­­գիստի ժա­­մերուն պա­­հան­­ջեց նուրբ խնամք։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այս բո­­լորը ար­­տա­­­յայ­­տե­­­լու հա­­մար ու­­նե­­­ցանք երեք բառ. ոտնլո­­ւայ, ոտ­­նագնդակ եւ ոտ­­նա­­­յար­­դար։

Բայց, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, «ոտք» բա­­ռը փա­­ռաւո­­րապէս ոտ­­քի ելաւ, երբ անոր հետ ստեղ­­ծե­­­ցինք դար­­ձո­­­ւածքներ- 150 հատ։ Ին­­չո՞ւ այսքան շատ։ Մի զար­­մա­­­նաք։ Որով­­հե­­­տեւ, նկա­­տեցինք, թէ կեան­­քի ամէն մէկ վի­­ճակը մէկ «ոտք» է։ Բո­­լորը յի­­շել այս յօ­­դուա­­ծի մէջ ան­­կա­­­րելի է։ Բայց, պահ մը մտնենք այդ նրբու­­ղին ու վա­­յելենք ընտրա­­նի մը. ոտք դնել, ոտ­­քը բա­­րի, ոտ­­քը թե­­թեւ, մէկ տե­­ղէն ոտ­­քը կտրել, ոտ­­քի տակ առ­­նել, ոտ­­քի տա­­կը փո­­րել, ոտ­­քե­­­րը սեւ ջուր իջ­­նել, ոտ­­քե­­­րը տնկել, եր­­կու ոտ­­քը մէկ կօ­­շիկի մէջ դնել…։ Երբ դան­­դա­­­ղաշարժ էր ան­­ձը, կամ հար­­սը յղի էր, ըսինք «ոտ­­քը ծանր», իսկ որ­­պէսզի ան­­զուսպ երի­­տասարդ մը որ­­պէսզի հան­­դարտի եւ իր արարքնե­­րու մէջ ազատ ըլ­­լա­­­լու հնա­­րաւո­­րու­­թե­­­նէն զրկո­­ւի, ամուսնա­­ցու­­ցինք զայն ու այսպէ­­սով՝ «ոտ­­քը կա­­պեցինք»։ Քա­­նի՜ քա­­նի ան­­գամներ այս բա­­ռը «ի» մաս­­նի­­­կը հա­­գած, եր­­կիւղ պատ­­ճա­­­ռեց ներ­­կա­­­ներու վրայ... «Ոտ­­քի՛, ար­­քան կու գայ», «Ոտ­­քի՛, դա­­տաւո­­րը կու գայ», «Ոտ­­քի՛, հրա­­մանա­­տարն է», եւ մեր պա­­տանե­­կու­­թեան օրե­­րու յի­­շատա­­կը՝ «Ոտ­­քի՛, տնօ­­րէնը կու գայ»։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, միշտ չէ, որ փայ­­լուն օրեր տե­­սաւ մեր «ոտք»ը։ Պատ­­մութեան մէջ ին­­չե՜ր եւ ին­­չեր եկեր են անոր գլխուն։ Խեղճ «ոտք»։ Կը յի­­շէք, օր մը, 30ական­­ներ էին, հայ­­րե­­­նի հո­­ղի վրայ ան հար­­կադրո­­ւեցաւ իր առ­­ջեւ «վ» տա­­ռը ըն­­դունիլ։ Ու մեր հա­­րազատ բա­­ռը, որ կա­­տարե­­լապէս հա­­ւասա­­րակշռո­­ւած եռո­­տանի մըն էր, ահա այսպէս՝ «ո-տ-ք», յան­­կարծ դար­­ձաւ չոր­­քո­­­տանի, ահա այսպէս «վ-ո-տ-ք»։ Ահա թէ ինչպէս գրա­­կանա­­գէտ Յա­­րու­­թիւն Սուրխա­­թեանը այդ օրե­­րուն վերխմբագ­­րեց Խա­­չատուր Աբո­­վեանի մէկ նա­­խադա­­սու­­թիւնը. «...գնամ ընկնիմ մէկ իշ­­խա­­­նի վոտք, ասեմ, ինձ մէկ կտոր հաց տա»։ Բայց ու­­նե­­­ցանք բա­­րեխիղճ քնա­­րեր­­գակներ, որոնք գո­­վեր­­գե­­­ցին զայն ու չձգե­­ցին, որ ան ոտ­­քի տակ ան­­տես մնայ։ Այսպէս՝ «ոտք» բա­­ռը դար­­ձաւ «բա­­նաս­­տեղծա­­կան ոտք» ու ոտք յար­­մարցնե­­լով ժա­­մանա­­կին տը­­ւաւ գե­­ղեցիկ ոտա­­նաւոր­­ներ. Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լին գրի առաւ հե­­տեւեալ ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը. «Գե­­ղեցիկ ոտք ըն­­թա­­­ցեալք»։ Ապա եկաւ միջ­­նա­­­դարեան տա­­ղասաց Սու­­քիասը ու ող­­բաց իր յա­­ռաջա­­ցած տա­­րիքին. «Ու­­նիմ զան­­դամս զա­­մէն լքեալ… Ձեռք կաշ­­կանդեալ, ոտք վե­­հերեալ»։ Մէկ այլ տա­­ղասաց, որ կը ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծէր «Մար­­զո­­­ւան­­ցի» մա­­կանու­­նով, պա­­մեց, թէ եարը որ­­քան էր զգլխիչ. «Զձեռքդ ու ոտքդ դնես հի­­նայ, իմ սիրտս ի դէմդ կու դո­­ղայ»։ Երբ 20-րդ դա­­րուն ոտք կո­­խեցինք, Եղի­­շէ Չա­­րեն­­ցը բա­­րեսրտու­­թեամբ գրեց. «Վե­­րադար­­ձիդ, եթէ վե­­րադառ­­նաս եւ ոտքդ չդիպ­­չի փոր­­ձութեան»։ Բա­­ռը նոյ­­նիսկ դար­­ձաւ հայ­­րե­­­նաբաղձ պատ­­մո­­­ւածք. «Երա­­նի՜ այն օրո­­ւան, երբ նո­­րից ոտք կը դնեմ Քե­­սապ»։

Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, գե­­ղեցիկ է ըլ­­լալ մէկ ոտ­­քը Հա­­յաս­­տան։ Ուստի, ալ շա­­բաթ Օգոս­­տո­­­սի ջերմ առա­­ւօտ մը մայ­­րա­­­քաղա­­քէն պի­­տի ճամ­­բորդենք 90 քմ. հա­­րաւ, մին­­չեւ հայ­­րե­­­նի գիւղ մը, Զան­­գա­­­կատուն։ Այդ գե­­ղատե­­սիլ ճա­­նապար­­հորդու­­թեան ըն­­թացքին, հե­­տեւե­­լով Պա­­րոյր Սե­­ւակի գրա­­կան ոտ­­նա­­­հետ­­քե­­­րը, պի­­տի կ՛ամ­­բողջաց­­նենք «ոտք» բա­­ռի չար ու բա­­րի ոդի­­սակա­­նը։ Իսկ այժմ, կ՛առա­­ջար­­կեմ «յոտնկայս» ծա­­փահա­­րել այս ծա­­ռայա­­սէր միավան­­կը իր առած բո­­լոր քայլերուն համար։