Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ Նախաձեռնարկ մարմինը իր դիւանը կազմելով սկսած է հերթական ժողովներուն։ Այս ծիրէ ներս 29 Յուլիս երկուշաբթի Պատրիարքարանի մէջ կայացող ժողովին ճշդուեցաւ նաեւ ընտրութեան թուականը։ Այսպէս 7 Դեկտեմբեր շաբաթ կը կայանայ հոգեւոր պատգամաւորներու ընտրութիւնը։ 8 Դեկտեմբեր կիրակի կը կայանայ աշխարհական պատգամաւորներու ընտրութիւնը ժողովուրդի ձայներով, եւ վերջապէս 11 Դեկտեմբերին հոգեւոր եւ աշխարհիկ պատգամաւորներ կ՚ընտրեն Թուրքիոյ պատրիարքական աթոռի 85-րդ գահակալը։ Ժողովը որոշեց Իսթանպուլի կուսակալութեան դիմելով պահանջել ընտրութեան գործընթացի վերաբերեալ կանոնագիրը։ Մինչ այդ ընտրութեան համար ճշդուած թուականները կը փոխանցուին Ներքին գործոց նախարարութեան։
Նախաձեռնարկ մարմնի շրջանակները կը յայտնեն թէ սոյն թուականները կայացած են ժողովականներու միաձայն կամքով։ Թուականը ճշդուած է ընտրողներու ցուցակներու պատրաստութեան համար պիտանի ժամանակը նկատի ունենալով։ «Մեր դիմումով կ՚ակնկալենք որ Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տայ ճշդուած թուականին մասին եւ 1961-ի կանոնագրութիւնը գործադրէ, ինչպէս որ ըրած էր 1990, 1998-ի ընտրութիւններու նախօրեակին, կամ ալ նոր կանոնագիր մը հրապարակէ»։
Միւս կողմէ պատրիարքութեան հաւանական թեկնածուներուն հրաւէր ուղղելու խնդիրը կը մնայ տեղապահի լիազօրութեան մէջ եւ ըստ երեւոյթի այդ առումով յառաջընթաց մը չէ արձանագրուած։