Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով 16 տարի 10 ամիս եւ 15 օր բանտարկութեան դատապարտուած Թունճայ Ուզունտալ ձերբակալուեցաւ Իզմիրի Չէշմէ աւանին մէջ։
Ոստիկանութիւնը տեղեկանալով Ուզունտալի Չէշմէի մէջ թագնուիլը 26 Յուլիս ուրբաթ օր խուզարկեց տունը եւ ձերբակալեց ամբաստանեալը։ Ան 17 Յուլիս 2019-ին Իսթանպուլի 14-րդ Եղեռնադատ Ատեանի մէջ կայացող դատավարութեան ընթացքին յանցաւոր գտնուած էր մարդասպանութեան օգնելու, զինեալ յանցագործ խմբակցութեան անդամակցելու մեղադրանքներով։
Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան առաջին հանգրուանին Թունճայ Ուզունտալ անպարտ հռչակուած էր։