Մարտինի պատմական Տէրուլզաֆարան վանքի շրջափակի ձիթենիները եւ մերձակայ Պակոկ լե9ան այգիները հրոճարակ դարձան։
26 Յուլիսին վանքի ձիթենիներու մօտ ծագած հրդեհը մառելու համար, թէ վանականները, թէ գիւղացիները եւ թէ հրշէջ խումբերը շարժման անցան։ Բայց անոնց ջանքը բաւարար չեղաւ 700 ձիթենիներու փճացումը կանխելու։
Վանականներէն հայր Գաբրիէլ Աքքուրթ սոցցանցի իր գրառումին մէջ նշեց որ հրդեհը դիտումնաւոր կերպով կայացած է անծանօթներու ձեռամբ։ Ան նաեւ յայտնեց թէ հրշէջ մեքենաները գործի չեն ծառայած, քանի որ ծառերուն գտնուած բարձունքը չէին կրցած բարձրանալ։
Միւս կողմէ Նուսայպին եւ Միտեաթ քաղաքներու միջեւ գտնուող Պակոկ լերան վրայ եւս հրդեհ ծագեցաւ։ Այս հրդեհով վտանգուեցան ասորիաբնակ վեց գիւղեր եւ Պոթաշի նաւթատար խողովակաշարը։ Բարեբախտաբար այս անգամ վտանգը կանխուեցաւ գիւղացիներու եւ հրշէջներու ջանքերով։
ՀՏՓ կուսակցութեան Մարտինի ասորի պատգամաւոր Թումա Չելիք հրդեհներու մասին բացատրութիւն պահանջեց հողամշակման եւ անտարներու նախարար Փաքտեմիրլիէն։ Ան նախարարին ուղղեալ հարցումներու ցանկին մէջ հարցուց թէ նախարարութեան աւելի քան 2300 ինքնաշարժները ի՞նչ պարտականութիւն կատարեցին հրդեհները մարելու համար։ Թերացումներու համար հարցաքննութիւն մը պիտի կատարուի՞ թէ ոչ։ Ինչո՞ւ համար գործադրութեան չեն դրուիր հրդեհները կանխելու ծառայող ուղղաթիռները։ Հրդեհէն տուժած քաղաքացիներու վնասը հատուցելու համար միջոցներ նախատեսուա՞ծ են։