Թադէի տօնակատարութիւնը 3 հազար ուխտաւորներով

Իրանեան Ատրպատականի սահմանին գտնուող Սուրբ Թա­դէոս վան­քը ան­գամ մը եւս մեծ ոգե­ւորու­թեան ար­ժանացաւ։ Իրա­նական լրա­տու գոր­ծա­կալու­թեան փո­խան­ցած տե­ղեկու­թեան հա­մաձայն մե­ծամաս­նութիւ­նը պարսկա­հայե­րէ բաղ­կա­ցող աւե­լի քան 3 հա­զար ուխտա­ւոր­նե­րու խումբին մէջ կա­յին Հա­յաս­տան, Սու­րիա, Լի­բանան, Հո­լան­դիա, Ֆրան­սա, Աւստրիա, Գեր­մա­նիա, Գա­նատա եւ այլ եր­կիրնե­րէ ժա­մանած բազ­մա­թիւ ուխտա­ւոր­ներ։

Սուրբ Թա­դէոսի վան­քը Պարսկաս­տա­նի մէջ հնա­գոյն քրիս­տո­նեայ տա­ճարը կը հա­մարո­ւի եւ սահ­մա­նամերձ է Հա­յաս­տան, Ատրպէյ­ճան եւ Թուրքիոյ։ Վան­քը իր տա­րած­քին գտնո­ւող Ծոր­ծո­րի մա­տու­ռով եւ Սուրբ Ստե­փան եկե­ղեցիով միասին գրան­ցուած է ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-ի հա­մաշ­խարհա­յին մշա­կոյ­թի ժա­ռանգնե­րուն մէջ։ Ինչպէս նա­խորդ տա­րինե­րուն այս տա­րի ալ ուխտագ­նա­ցու­թեան մի­ջոցին կա­տարուեցան բազ­մա­թիւ մկրտու­թիւններ, ներ­կա­յացուեցան երգ ու պա­րի խնջոյքներ եւ այդ բո­լորը տե­ղի ու­նե­ցան տօ­նական մթնո­լոր­տի մէջ։ Ուխտագ­նա­ցու­թիւնը յա­ւելեալ նշա­նակու­թիւն ու­նի տեղ­ւոյն հայ հա­սարա­կու­թեան հա­մար, քա­նի անոնք այս առ­թիւ առի­թը կ՚ու­նե­նան Դավ­րի­զի, Ուրմիայի, Սպա­հանի, Քազ­վի­նի եւ մայ­րա­քաղաք Թեհ­րա­նի մի­ջեւ ցրո­ւած իրենց ազ­գա­կից­նե­րուն հետ հան­դի­պելու։

Նշենք որ Սուրբ Թա­դէոսի վան­քի հա­րեւա­նու­թեամբ, բայց այս ան­գամ Թուրքիոյ սահ­մաննե­րու մէջ կը գտնո­ւի Սուրբ Բար­թո­ղիմէոսի տա­ճարը։ Այս կա­ռոյ­ցը մին­չեւ մօտ ան­ցեալին կը գտնո­ւէր զի­նուո­րական տա­րած­քի մէջ եւ կա­րելի չէր այ­ցե­լել զայն։ Վեր­ջին տա­րինե­րուն զօ­րամա­սը հե­ռացած է այդ շրջա­նէն եւ այժմ կա­րելի է այ­ցե­լել Բար­թո­ղիմէոսի վան­քը եւս։ Սա­կայն այս վեր­ջինս եր­կար տա­րիներ աւե­րակ մնա­լէ ետք այժմ կը մնայ հիմ­նա­կան վե­րանո­րոգ­ման կա­րիք ու­նե­ցող պայ­մաննե­րու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ