«Սփիւռքէն Հայրենիք վերադառնալը նման է հիւրանոցէն տուն վերադառնալու...»

Յատկապէս Թաւշեայ յեղափոխութեան յաջորդող շրջանին սփիւռքահայութեան համար ուշադրութեան կեդրոն դարձած կ՚երեւի Հայաստան երկիրը։ Զանազան ձեռնարկութիւններ կը փորձեն իրենց աշխատանքը փոխադրել հայրենի երկիր, ուր կը խոստանայ նոր ու պայծառ հորիզոններ տարբեր բնոյթի ասպարէզներու համար։ 
Այդ տեսակի խիստ հետաքրքրական ոդիսական մըն է Տիրան Պաղտատեանի փորձը՝ իր ունեցած դրական հետեւանքներով։

ՍԱՐԻԿ ՍԵՒԱԴԱ

 

Պարո՛ն Պաղ­տա­­­տեան, որ­­­տե­­­­­­­ղէ՞ն կը սե­­­ռեն ձեր ար­­­մատնե­­­րը։

Հայ­­­րա­­­­­­­կան կողմս Զէյ­­­թունցի է, մայ­­­րա­­­­­­­կան կողմս՝ կար­­­նե­­­­­­­ցի։ Ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թիւնը ապ­­­րած պա­­­պերս հանգրո­­­ւան գտած են մի կող­­­մէն Ալեք­­­սանդրէդ (Իս­­­քենտե­­­րուն) քա­­­ղաքը, միւս կող­­­մէն Յու­­­նաստան, այ­­­նուհե­­­տեւ Եգիպ­­­տոս։ Ծնող­­­ներս ծա­­­նօթա­­­ցած են Լի­­­բանան, մենք ծնած ենք Լի­­­բանա­­­նի մէջ։ Ման­­­կութեանս յու­­­շե­­­­­­­րէն շատ լաւ կը յի­­­շեմ որ­­­բե­­­­­­­րու թե­­­մանե­­­րը, լսած եմ բազ­­­մա­­­­­­­թիւ պատ­­­մութիւններ որ­­­բա­­­­­­­ցած ազ­­­գի մա­­­սին. մի­­­գու­­­ցէ այդ պատ­­­ճառ հան­­­դի­­­­­­­սացաւ, որ այ­­­սօր ես կ՚ապ­­­րիմ իմ Հայ­­­րե­­­­­­­նիքիս մէջ։

 

Քա­­­նի՞ տա­­­րի բնա­­­կած էք Լի­­­բանան։

Շուրջ 18 տա­­­րի ապ­­­րած եմ Լի­­­բանան, այնտեղ ծնած եմ եւ ման­­­կութիւնս, պա­­­տանե­­­կու­­­թիւնս ան­­­ցուցած եմ այնտեղ։ Պէտք է նշեմ, որ ես ու եղ­­­բայրս՝ Փիէրը, չենք յա­­­ճախած հայ­­­կա­­­­­­­կան դպրոց­­­ներ ու վար­­­ժա­­­­­­­րան­­­ներ, չենք ան­­­դա­­­­­­­մակ­­­ցած հայ­­­կա­­­­­­­կան միու­­­թիւննե­­­րուն։ Մենք ստա­­­ցած ենք ֆրան­­­սա­­­­­­­կան կրթու­­­թիւն։ Լի­­­բանա­­­նի քա­­­ղաքա­­­ցիական պա­­­տերազ­­­մի պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ տե­­­ղափո­­­խուած եմ Ավստրիա՝ ու­­­սումնա­­­ռու­­­թեան նպա­­­տակով։ Սկզբնա­­­կան շրջա­­­նին ի հար­­­կէ՝ դժո­­­ւար էր, բայց ժա­­­մանա­­­կի ըն­­­թացքին անոր ալ յար­­­մա­­­­­­­րուե­­­ցայ։ Շատ կը զգա­­­յի ըն­­­տա­­­­­­­նիքիս պա­­­կասը, բա­­­րեբախ­­­տա­­­­­­­բար, այդ ժա­­­մանակ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը ար­­­դէն ան­­­կախ էր, որո­­­շեցի գալ Հայ­­­րե­­­­­­­նիք եւ զգա­­­ցի թէ օր մը այստեղ պի­­­տի ապ­­­րիմ։

 

Ե՞րբ տե­­­ղափո­­­խուե­­­ցաք Ավստրիա, ո՞ր ոլոր­­­տի մէջ մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­ցաք։

Դպրո­­­ցը աւար­­­տե­­­­­­­լէ ետք, ըն­­­տա­­­­­­­նիքիս յոր­­­դո­­­­­­­րով տե­­­ղափո­­­խուե­­­ցայ Ավստրիա։ Ճիշդ է՝ Լի­­­բանան կա­­­յին լաւ հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րան­­­ներ, սա­­­կայն պա­­­տերազ­­­մի առ­­­կա­­­­­­­յու­­­թիւնը կը խան­­­գա­­­­­­­րէր ինձ, կեան­­­քի մեծ նպա­­­տակ­­­ներ կա­­­պել լի­­­բանա­­­նեան իրա­­­կանու­­­թեան մէջ։ Տե­­­ղափո­­­խուե­­­լով Ավստրիա՝ մաս­­­նա­­­­­­­գիտա­­­ցայ ար­­­տադրա­­­կան տի­­­զայ­­­նի ոլոր­­­տին։ Ավստրիա կա­­­տարե­­­ցի իմ առա­­­ջին քայ­­­լե­­­­­­­րը. բնա­­­կուե­­­լով շուրջ 10 տա­­­րի Ավստրիա՝ հասկցայ թէ որ­­­քան կա­­­րօտած եմ ըն­­­տա­­­­­­­նիքս, քա­­­նի որ անընդհատ կը ճամ­­­փորդէի գոր­­­ծե­­­­­­­րու բե­­­րու­­­մով։ Հօրս վա­­­ղաժամ մա­­­հը մեծ հա­­­րուած էր ինձ հա­­­մար, ան ամէն ինչ կրցաւ տալ ինձ, սա­­­կայն, երբ ժա­­­մանա­­­կը եկաւ այդ ամէ­­­նը փոխ­­­հա­­­­­­­տու­­­ցե­­­­­­­լու որ­­­դիական սի­­­րով եւ պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թեամբ՝ նա մա­­­հացած էր։ Սփիւռքին շատ տա­­­րածո­­­ւած է ասել «որ­­­տեղ հաց՝ այնտեղ կաց» ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւ­­­նը. ես այս ասուածին շատ բա­­­ցասա­­­կան կը վե­­­րաբե­­­րիմ։ Եթէ հայ ես ՝թէ­­­կուզ Սփիւռքը բնա­­­կուող, պէտք է վե­­­րադառ­­­նաս քու ազատ ան­­­կախ Մայր Հայ­­­րե­­­­­­­նիքը։ 2005 թո­­­ւակա­­­նին ես վե­­­րադար­­­ձայ Հա­­­յաս­­­տան, իսկ ար­­­դէն 2010 թո­­­ւակա­­­նին՝ եղ­­­բայրս եւ մայրս։

 

Պա­­­րո՛ն Պաղ­­­տա­­­­­­­տեան 2005 թո­­­ւակա­­­նին երբ եկաք Հա­­­յաս­­­տան, ինչպէ՞ս էր սփիւռքա­­­հայի նկատ­­­մամբ ընդհա­­­նուր վե­­­րաբեր­­­մունքը։

Սփիւռքէն դէ­­­պի հայ­­­րե­­­­­­­նիք վե­­­րադառ­­­նա­­­­­­­լը նման է հիւ­­­րա­­­­­­­նոցէն դէ­­­պի տուն վե­­­րադառ­­­նա­­­­­­­լուն։ Կար­­­ծես վե­­­րադար­­­ձած էի իմ տու­­­նը։ Պէտք է նշեմ, որ շատ կը կա­­­րեւո­­­րեմ սփիւռքէն վե­­­րադար­­­ձող մեր հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րու պա­­­հուած­­­քը։ Ին­­­ծի միան­­­գա­­­­­­­մէն ըն­­­դունած են հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նաբ­­­նակնե­­­րը. այդ կը խօ­­­սի միայն իմ վե­­­րաբեր­­­մունքի մա­­­սին, կան շատ գոր­­­ծա­­­­­­­րար սփիւռքա­­­հայեր, որոնք, գա­­­լով Հա­­­յաս­­­տան, կար­­­ծես՝ վե­­­րեւէն կը նա­­­յին՝ շու­­­կա­­­­­­­յին իր առա­­­ջին քայ­­­լե­­­­­­­րը ընող ան­­­հատնե­­­րուն կամ կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պութիւննե­­­րուն։ Իմ կար­­­ծի­­­­­­­քով այդ սխալ մօ­­­տեցում է։

 

Երբ վե­­­րադար­­­ձաք հայ­­­րե­­­­­­­նիք, նախ­­­կի­­­­­­­նէն փորձ ու­­­նէ՞իք գործի մարզի մէջ։

Այո՛։ Մենք ու­­­նէինք մեր ըն­­­տա­­­­­­­նեկան բիզ­­­նե­­­­­­­սը, այն է՝ փա­­­թեթա­­­ւոր­­­ման բիզ­­­նե­­­­­­­սը։ Այս ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան ես ալ տի­­­զայ­­­ներ դար­­­ձած էի, եւ կա­­­րելի է ըսել, որ բա­­­ւական փորձ ու­­­նէինք։ Հա­­­յաս­­­տան գա­­­լով՝ սկսանք զբա­­­ղուիլ այն գոր­­­ծով, որով որ կը զբա­­­ղուէինք Լի­­­բանա­­­նի մէջ։ Սա­­­կայն, պէտք է նշեմ, որ այդ բիզ­­­նե­­­­­­­սը այստեղ չյա­­­ջողե­­­ցաւ։ Բիզ­­­նե­­­­­­­սին պէտք է պատ­­­րաստ ըլ­­­լաս ամէն ին­­­չով։ Շատ սփիւռքա­­­հայեր կա­­­տարե­­­լով իրենց առա­­­ջին քայ­­­լե­­­­­­­րը բիզ­­­նես ոլոր­­­տի մէջ եւ չյա­­­ջողե­­­լով այն, կը հիաս­­­թա­­­­­­­փուին եւ կը հե­­­ռանան Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն։ Բայց չէ՞ որ այդ նոյն բա­­­նը կա­­­րող էր տե­­­ղի ու­­­նե­­­­­­­նալ Փա­­­րիզ կամ այլ տեղ։ Մենք սկսե­­­ցանք լաւ ու­­­սումնա­­­սիրել տե­­­ղի շու­­­կան, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի պա­­­հանջնե­­­րը բիզ­­­նես ոլոր­­­տին եւ նոր կա­­­տարել մեր յստակ ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւնը։ Եր­­­կար քննար­­­կումնե­­­րէն ետք հասկցանք, որ լա­­­ւագոյն որո­­­շու­­­մը շո­­­կոլա­­­դի արտադրութիւնն է, որու հետ նաեւ մէկ­­­տե­­­­­­­ղեցինք փա­­­թեթա­­­ւոր­­­ման գոր­­­ծը։

 

2007 թո­­­ւակա­­­նի Յու­­­լի­­­­­­­սի 7-ին ստեղ­­­ծո­­­­­­­ւեցաւ «Գուրմէ-Դուրմէ» մակ­­­նի­­­­­­­շը, հե­­­տաքրքիր է, ո՞վ է այս ան­­­վան գա­­­ղափա­­­րի հե­­­ղինա­­­կը։

Անո­­­ւան հե­­­ղինա­­­կը ես ու եղ­­­բայրս ենք։ Գուրմէն ֆրան­­­սե­­­­­­­րէն բառ է, որը կը նշա­­­նակէ հա­­­մեղ ու­­­տեստ սի­­­րող, իսկ տուրմ բառն ու­­­նի հայ­­­կա­­­­­­­կան ծա­­­գում, որը կը նշա­­­նակէ շո­­­կոլադ։ «Գուրմէ-Դուրմէ»ն հայ­­­կա­­­­­­­կան ամե­­­նաարագ զար­­­գա­­­­­­­ցող ապ­­­րանքա­­­նիշե­­­րէն մէկն է։ Ֆրան­­­սա­­­­­­­կան մի­­­ջավայ­­­րին դե­­­ռեւս ման­­­կութե­­­նէս ծա­­­նօթ եմ, քա­­­նի որ Լի­­­բանա­­­նի մէջ յա­­­ճախած ենք ֆրան­­­սա­­­­­­­կան դպրոց։ Ճիշդ է, Լի­­­բանա­­­նի մեր հայ­­­րե­­­­­­­նակից­­­նե­­­­­­­րը շատ կը քննա­­­դատէին այդ առու­­­մով մեզ, բայց այ­­­սօր այդ քննա­­­դատող­­­նե­­­­­­­րը չեն ապ­­­րիր Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի մէջ։ Մեր ըն­­­տա­­­­­­­նիքը հայ­­­կա­­­­­­­կանու­­­թիւնը պա­­­հելու առու­­­մով գե­­­րազանց վայր էր, այնտեղ ստեղ­­­ծած էինք Հա­­­յաս­­­տան մը եւ կը խօ­­­սէինք մա­­­քուր հա­­­յերէ­­­նով։ Տուրմ բա­­­ռը վառ ապա­­­ցոյցն է այդ ամէ­­­նի, քա­­­նի որ գրե­­­թէ ոչ ոք չէր գի­­­տեր այդ բա­­­ռի իմաս­­­տը։

 

Պա­­­րոն Պաղ­­­տա­­­­­­­տեան, շո­­­կոլա­­­դի ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւնը ար­­­դա­­­­­­­րացու՞ց ձեր սպա­­­սելիք­­­նե­­­­­­­րը։

Բնա­­­կանա­­­բար, ինչպէս նշե­­­ցի, մենք բա­­­ւական խորն ու­­­սումնա­­­սիրած էինք շու­­­կան, այս դէպ­­­քին կրնանք ըսել, որ վա­­­ճառքն ապա­­­հովո­­­ւած էր, կը մնար ստեղ­­­ծե­­­­­­­լը։ Մենք՝ հա­­­յերս, շո­­­կոլադ սի­­­րող ազգ ենք, ամէն մի շնոր­­­հա­­­­­­­կալա­­­կան կամ ու­­­րախ առիթ­­­նե­­­­­­­րուն ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տա­­­­­­­ձեւը կը դրսե­­­ւորէ մի­­­միանց շո­­­կոլադ նո­­­ւիրե­­­լով։ Ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան մէջ շատ կա­­­րեւոր է ու­­­նե­­­­­­­նալ համ­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւնը։ Եթէ ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նեմ մեր դէպ­­­քը, ապա մենք սկզբնա­­­կան շրջա­­­նին կ՚ար­­­տադրէինք 4 տե­­­սակ շո­­­կոլադ, քա­­­նի որ կը մա­­­տակա­­­րարէինք միայն օդա­­­նաւա­­­կայա­­­նի մէջ, բա­­­ցի դա սար­­­քա­­­­­­­ւորումներն ալ սահ­­­մա­­­­­­­նափակ էին։ Տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին, ընդլայ­­­նե­­­­­­­ցինք մեր մա­­­տակա­­­րարու­­­մը եւ սար­­­քա­­­­­­­ւորումնե­­­րը, ինչպէս նաեւ մեր ար­­­տադրան­­­քը վա­­­ճառ­­­քի ելաւ նաեւ սու­­­պերմար­­­կետնե­­­րուն մէջ, այ­­­նուհե­­­տեւ բա­­­ցուե­­­ցաւ մեր խա­­­նութ սրա­­­հը, որը կը գտնո­­­ւի Աբո­­­վեան 19 հաս­­­ցէին։

 

Իսկ որ­­­տե­­­­­­­ղէ՞ն կու գայ շո­­­կոլա­­­դի հումքը։

Ինչպէս եւ­­­րո­­­­­­­պական ըն­­­տա­­­­­­­նեկան ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րը, այնպէս ալ մենք հիմ­­­նա­­­­­­­կանին կ՚օգ­­­տո­­­­­­­ւինք տնա­­­կան բնոյ­­­թի մի քա­­­նի աղ­­­բիւրնե­­­րէն, որ­­­տե­­­­­­­ղէն կը ստա­­­նանք շո­­­կոլա­­­դի կի­­­սապատ­­­րաստ վի­­­ճակը, որուն կ՚աւելցնենք հա­­­մային եւ գու­­­նա­­­­­­­յին յա­­­ւելումներ, տեսք կու տանք, ձե­­­ւաւո­­­րում եւ փա­­­թեթա­­­ւորում։ Այստեղ կա­­­րեւո­­­րը որակն է, քա­­­նի որ մենք կ՚օգ­­­տո­­­­­­­ւինք եւ­­­րո­­­­­­­պական այնպի­­­սի ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րէն, որոնք ու­­­նին 200-300 տա­­­րուայ պատ­­­մութիւն։

 

Պա­­­րոն Պաղ­­­տա­­­­­­­տեան, ո՞րն է ձեր յա­­­ջորդ նպա­­­տակը ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­թեան ոլոր­­­տէ ներս։

Միշտ փոր­­­ձած ենք տար­­­բեր խա­­­նութներ բա­­­նալ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի տար­­­բեր մար­­­զե­­­­­­­րուն, սա­­­կայն, ցա­­­ւօք սրտի այն չաշ­­­խա­­­­­­­տեց, քա­­­նի որ ոչ բո­­­լորն են ու­­­նակ գնել Գուրմէ- Դուրմէ շո­­­կոլա­­­դը։ Ըսեմ աւե­­­լին, մենք նոյ­­­նիսկ այլ ար­­­տադրու­­­թիւններ ենք փոր­­­ձել վա­­­ճառել մար­­­զե­­­­­­­րէ ներս, սա­­­կայն ապար­­­դիւն։ Մեր վեր­­­ջին ձեռքբե­­­րումնե­­­րէն մէկն այն էր, որ ան­­­ցած տա­­­րուայ Նո­­­յեմ­­­բե­­­­­­­րին, մեր գոր­­­ծա­­­­­­­րանը, որ կը գտնո­­­ւի Աշ­­­տա­­­­­­­րակ քա­­­ղաքը, կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պե­­­­­­­ցինք փոքր ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս։ Ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէ­­­­­­­սի ըն­­­թացքին մեր յա­­­ճախորդնե­­­րը կա­­­րողա­­­ցան տես­­­նել նաեւ շո­­­կոլա­­­դի պատ­­­րաստման եղա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը, ինչպէս նաեւ կը պատ­­­մէինք զբօ­­­սաշրջիկ­­­նե­­­­­­­րուն Կարմրա­­­ւոր եկե­­­ղեց­­­ւոյ մա­­­սին եւ մեր ան­­­ցած ճա­­­նապար­­­հի մա­­­սին։ Նշեմ, որ թու­­­րօ­­­­­­­պերա­­­տոր­­­նե­­­­­­­րը իրենց գո­­­հու­­­նա­­­­­­­կու­­­թիւնը կը յայտնէին, որ այսպի­­­սի ցու­­­ցա­­­­­­­հան­­­դէս կը կազ­­­մա­­­­­­­կեր­­­պենք, քա­­­նի որ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը յայտնի է իր յու­­­շարձա­­­նաշատ վայ­­­րե­­­­­­­րով, եւ մեր գոր­­­ծա­­­­­­­րանը կար­­­ծես թէ տար­­­բե­­­­­­­րուող մթնո­­­լորտ կը ներշնչէր ար­­­տա­­­­­­­սահ­­­մանցի­­­ներուն։

 

Պա­­­րոն Պաղ­­­տա­­­­­­­տեան, Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը ազատ շու­­­կայ կը հա­­­մարու՞ի։

Ընդհա­­­նուր առու­­­մով այո, ճիշդ է՝ հար­­­կե­­­­­­­րը ինչ-որ առու­­­մով շատ են, բայց պէտք չէ մոռ­­­նանք նաեւ, որ Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նը փոքր եր­­­կիր է, եւ մրցակ­­­ցութիւ­­­նը այդքան մեծ չէ։ Վեր­­­ջին եր­­­կու տա­­­րինե­­­րու ըն­­­թացքին փոր­­­ձած ենք մուտք գոր­­­ծել եւ­­­րա­­­­­­­սիական շու­­­կայ։ Եւ­­­րա­­­­­­­սիական շու­­­կան աւե­­­լի մատ­­­չե­­­­­­­լի է, քա­­­նի որ մենք մեր առեւ­­­տուրի ար­­­տօ­­­­­­­նագ­­­րով կա­­­րող ենք հան­­­գիստ մուտք գոր­­­ծել այդ շու­­­կան։

 

Դուք ո՞ր կէ­­­տերն կը կա­­­րեւո­­­րէք Հա­­­յաս­­­տան-Սփիւռք գոր­­­ծակցու­­­թեան մէջ։

Իմ կար­­­ծի­­­­­­­քով, իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր սփիւռքա­­­հայի մէջ պէտք է ստեղ­­­ծել հպար­­­տութեան զգա­­­ցում՝ որ ին­­­քը հայ է։ Ամէն մարդ պէտք է հպարտ ըլ­­­լայ իր ու­­­նե­­­­­­­ցածով։ Ես հպարտ եմ մեր շահ­­­մա­­­­­­­տով, մեր սպոր­­­տով, մեր մե­­­ծերով եւ այլն։ Վեր­­­ջին շրջա­­­նում անա­­­րիւն յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւնը եւս հպար­­­տութիւն ներշնչեց շա­­­տերի մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ