Այս կիրակի Վարդավառ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

 

Այս Կիրակի Երեւանի հիւրանոցներու պաշտօ­նէու­թիւնը քա­ղաքի շրջա­գայու­թեան պատ­րաստո­ւող իրենց օտա­րազ­գի հիւ­րե­րը պի­տի զգու­շացնեն՝ «Քո­վեր­նիդ պա­հես­տի տա­րազ ու­նե­ցէք» ըսե­լով։ Իսկ հիւ­րե­րը որոշ ինքնավստա­հու­թեամբ պի­տի ըսեն թէ տե­ղեակ են ար­դէն, քա­նի որ իրենց ու­ղե­ցոյ­ցը նա­խապէս զգու­շա­ցու­ցած է։ Բայց իրա­կանու­թեան մէջ չեն գի­տեր, աւե­լի ճիշ­դը եղե­լու­թեան տա­րողու­թիւնը չեն կրցած ակնկա­լել։ Այս զրոյ­ցէն հա­զիւ քա­նի մը րո­պէ ետք, երբ հիւ­րա­նոցի մուտքին մէկ­տե­ղուած են հան­րա­շարժ մտնե­լու հա­մար, յան­կարծ հիւ­րա­նոցի դռնա­պանը՝ «Վար­դա­վառը շնոր­հա­ւո՜ր» գո­ռալով դոյլ մը ջու­րը պի­տի շպրթէ եւ հա­զիւ այն ատեն պի­տի անդրա­դառ­նան հա­յոց այս իւ­րա­յատուկ տօ­նի ոգե­ւորու­թեան։ Այնքան ծի­ծաղ ու խինդ կը տի­րէ, որ ոչ ոք կը համար­ձա­կի դժգո­հելու։

Իրաւ ալ սա կո­պիտ կա­տակ մը չէ, այլ այս հո­ղերուն վրայ հե­ռաւոր ան­ցեալէն, Շու­մերնե­րէն աւան­դո­ւած պաշ­տա­մունք մը ջու­րի հան­դէպ։ Հնա­դարեան պատ­մա­գէտ­ներ այս ծի­սակա­տարու­թիւնը կը վե­րագ­րեն շու­մերնե­րու ջու­րի չաս­տո­ւածի «Ուա­տար-Առ»ի հետ։ Ար­դա­րեւ լե­զուա­գէտ­ներ ալ հա­յերէ­նի «Վար­դա­վառ» բա­ռի ստու­գա­բանու­թիւնը կը կա­տարեն նոյն կա­պակ­ցութեամբ։ Եթէ ոչ բնիկ տե­ղացի հա­յերը, հա­պա ո՞վ հայ­կա­կան բարձրա­վան­դա­կի նախ­կին բնա­կիչ­նե­րու՝ շու­մերնե­րու կամ խե­թերու աւան­դոյթնե­րը պի­տի փո­խան­ցէր մեր օրե­րը։

Զբօ­սաշրջիկ­նե­րու պա­հես­տի վեռ­նա­շապիկ­ներն ալ թաց են հի­մա։ Ընթրի­քի հա­մար իջե­ւանած ճա­շարա­նէ ել­քին այս ան­գամ ալ թռչո­ւեցան մա­տու­ցողնե­րու կող­մէ։ Օրն ի բուն հան­րա­շար­ժի լու­սա­մու­տէն ակա­նատես եղած էին փո­ղոցի վրայ իրար թրջող երե­ւան­ցի­ներու տե­սարա­նին։ Զո­ւար­ճա­ցած էին եւ թէ շատ, այդ ու­րախ տրա­մադ­րութեան մէջ չէն նկա­տած իսկ հան­րա­շար­ժի վա­րոր­դի՝ Արա­մայի­սին ճա­րած դոյ­լը։ Վեր­ջա­պէս շրջա­գայու­թիւնը աւար­տին հա­սած էր եւ հան­րա­շար­ժը կանգ առած հիւ­րա­նոցի մուտքին։ Թրջո­ւած զբօ­սաշրջիկ­նե­րը մի առ մի դուրս կու գա­յին հան­րա­շար­ժէն ու Արա­մայիս ձեռ­քի նշմա­րով մը կե­ցուց խումբի ամե­նաերէց, 86 ամեայ ճա­պոնա­ցին։ Անոր զար­մա­ցած նա­յուած­քին տակ չորս շիշ ջուր լե­ցուց դոյ­լին եւ ապա մատ­նա­ցոյց ըրաւ ար­ծա­թափայլ թե­լերով զար­դա­րուած կա­նանչ հա­մազ­գեստին մէջ հպարտ դռնա­պանը։ Ծե­րուկ Ճա­պոնա­ցին հասկցած էր, թէ ինչ պէտք է ընէ։ Կա­մացուկ մը իջաւ հան­րա­շար­ժէն վար կող­քով մօ­տեցաւ դռնա­պանին եւ ձեռ­քի դոյլ մը լե­ցուն ջու­րը շպրտեց գլուխն ի վար։ Խումբը լու­ծած էր առա­ւօտո­ւայ անակնկա­լի վրէ­ժը։

Այս կի­րակի հա­յոց Վար­դա­վառն է։ Հա­յաս­տա­նէն Ղա­րաբաղ եւ սփիւռքի բո­լոր գաղ­թօ­ճախ­ներ, նե­րառեալ Համ­շէ­նի լեռ­նա­դաշ­տեր մեծ ոգե­ւորու­թեամբ եւ արատ ջու­րով պի­տի տօ­նենք այս հին աւան­դութիւ­նը։

Ող­ջո՜յն Շու­մերնե­րուն, որոնք բազ­մա­հազար տա­րիներ առաջ գիւ­տը ըրած էին «Ջու­րը կեանք է» հաս­տա­տու­մին։ Ող­ջո՜յն Ասո­րես­տա­նի Շա­միրամ թա­գու­հուն, որ ար­շա­ւած Վան- Տոս­պը օժ­տեց մին­չեւ այ­սօր հո­սող Շա­միրա­մի ջրա­տարով։ Ող­ջո՜յն Ճո­րոխ գե­տի վրայ այդ գե­ղակերտ կա­մար­նե­րը կա­պող քար­տա­շին։ Ող­ջո՜յն Տիգ­րի­սի վրայ տաս ակ­նա­ւոր կա­մուրջը կա­ռու­ցող վար­պե­տին։ Վեր­ջա­պէս ջրե­լեկտրա­կայան­նե­րու դէմ Մնձու­րի հա­մար պայ­քա­րող­նե­րուն։ Հա­սան­քէյֆի խեղ­դա­մահ ըլ­լա­լուն դէմ դի­մադ­րողնե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ