Համշէնը իր առանձնայատկութիւններով

Այս շաբաթ կը շարունակենք ներկայացնել «Ակօս»ի լուսանկարիչ Պերճ Արապեանի երկու շաբաթ առաջ համշէնցիներու հետ ունեցած հարցազրոյցը։ Արապեանի այս աշխատութիւնը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր դիմաց համեմատաբար աւելի նուազ ծանօթ աշխարհագրութեան մը թափանցելու առումով։

ՊԵՐՃ ԱՐԱՊԵԱՆ

 

Ապրուստի հո­գով օտար ափեր պանդխտու­թեան եր­թա­լու աւան­դութիւ­նը յա­րատեւ երե­ւոյթ մըն է այս հո­ղերու վրայ։ Համ­շէնցիք եր­կար տա­րիներ օտար եր­կիրներ աշ­խա­տած է, փռա­պանու­թիւն ըրած եւ ստա­ցած աշ­խա­տավար­ձով ալ տուն, ըն­տա­նիք պա­հած։ Այ­սօր ալ իր հայ­րե­նի լեռ­նե­րէն, լեռ­նա­դաշ­տե­րէն շատ հե­ռու մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ աշ­խա­տանք որո­նող համ­շէնցի­ներ կան։ Միւս կող­մէ հա­րեւան եր­կի­րէ ալ աշ­խա­տանք ճա­ռելու հա­մար դէ­պի այս կող­մեր եկող չար­քաշ մարդկանց գո­յու­թիւնը հե­տաքրքրա­կան հա­կասու­թիւն մը կը պար­զէ։

Քու­մա­սալի եւ Ռիւզկա­րի մայ­րը Էմէլ առա­ւօտո­ւայ առա­ջին շո­ղերով մէկ դուրս կ՚ել­լէ, մէկ ներս կը մտնէ եւ կը պատ­րաստո­ւի աշ­խա­տան­քի եր­թա­լու։ Ես ար­դէն աւե­լի կա­նուխ արթնա­ցած եմ եւ տան դրան շե­մին սուրճս կ՚ըմ­պեմ։ «Պայ­մա­նագ­րա­կան աշ­խա­տու­թիւն մըն է վեց ամ­սո­ւայ հա­մար գոր­ծի սկսած էի եւ այս շա­բաթ կ՚աւար­տի։ Եթէ բախտս բա­նի, Քե­մալ Փա­շայի առեւ­տուրի կեդ­րո­նին մէջ որ­պէս անվտան­գութեան պաշ­տօ­նեայ աշ­խա­տանք ճա­րեմ շատ լաւ պի­տի ըլ­լայ։ Նա­խապէս ըրած էի այդ գոր­ծը։ Իսկ եթէ չստա­ցուի շա­տերու նման ես ալ ան­գործ եմ»։

Այս շրջա­կայ­քի մէջ աշ­խա­տան­քի կա­րեւոր մի­ջոց­ներն են թէ­յի մշա­կու­մը եւ առեւ­տուրի կեդ­րո­նի մէջ որե­ւէ գործ։ Այդ կեդ­րո­նի բա­ցու­մէն ետք Էմէ­լի նման շա­տեր աշ­խա­տան­քի առիթ ու­նե­ցան։ Գա­յագէօյիւ­յի երի­տասար­դութեան մէջ գոր­ծազրկու­թիւնը շատ է։ Քե­մալ Փա­շայի կամ Հո­փայի մէջ գործ գտնող­նե­րը բախ­տա­ւոր կը հա­մարո­ւին։ Էմէ­լի ամու­սի­նը Չե­թինի հա­մաձայն գիւ­ղի երի­տասար­դութեան կէ­սէն աւե­լին աշ­խա­տանք ճա­րելու հա­մար մեծ քա­ղաք­ներ գաղ­թած են։ անոնց շար­քին են նաեւ իր եղ­բայրնե­րը։ Իսկ ինք թէ­յի բեր­քա­հաւաք­ման եղա­նակէն դուրս վա­րոր­դութիւն կ՚ընէ մեծ բեռ­նա­տար­նե­րու վրայ։ Այստեղ տղա­մար­դոց մէջ բեռ­նա­տարի վա­րորդնե­րը շատ են։ Անոնք Վրաս­տան, Ատրպէյ­ճան, Հա­յաս­տան եւ Սեւ Ծո­վի այլ շրջան­ներ ապ­րանք փո­խադ­րե­լով յա­ւելեալ եկա­մուտ կ՚ապա­հովեն։

Համ­շէ­նի մէջ ապ­րուստը ապա­հովող միակ գոր­ծօ­նը դուրսի աշ­խա­տու­թիւնը չէ։ Ըն­տա­նիքի ամուր կա­պերը ապ­րուստի հիմ­քը կը կազ­մեն։ Յատ­կա­պէս թէ­յի մշա­կու­մը ըն­տա­նիքին հա­ւաքա­կան գլխա­ւոր եկա­մուտն է։ Ամուսնա­ցող­նե­րը այդ ըն­տա­նեկան տնտե­սու­թե­նէն ամ­բողջո­վին փրթած չեն ըլ­լար։ Մենք բեր­քա­հաւա­քի ժա­մանակ ըն­տա­նիքի բո­լոր ան­դամնե­րը ժրա­ջան կ՚աշ­խա­տին։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռաւ ալ երի­տասարդ ան­հատնե­րը հօ­րը հա­սոյ­թին ապա­ւինե­լու բար­դոյթ չեն ապ­րիր։ Այս պայ­մաննե­րու տակ ապա­հովո­ւած յա­ւելեալ գոր­ծե­րը ան­հա­տական ծախ­սե­րու, յա­տուկ ծախ­սե­րու հա­մար աղ­բիւր մը կը դառ­նան։

Քա­նի կը խո­րանայ Չե­թինի հետ զրոյ­ցը, հա­մար­ձա­կու­թիւն կը գտնեմ ան­հա­տական հար­ցումներ ալ ուղղե­լու։ Ամէն տա­րի նոյն բեր­քա­հաւա­քը, նոյն սահ­մա­նափակ մի­ջավայ­րը զզո­ւելի չի թո­ւի՞ր։ «Թէ­յը այս տա­րած­քի բա­րեբախ­տութիւնն է։ Թէ մեզ եւ թէ Վրաս­տա­նէն եկած բա­նուոր­նե­րը կը կշտաց­նէ։ Նոյ­նիսկ ու­րիշ աշ­խա­տանք չու­նե­նանք թէ­յը կը բա­ւէ մեր ապ­րուստին հա­մար։ Ես զա­նազան տե­ղեր գտնո­ւած եմ, բայց կը սի­րեմ հայ­րե­նի եր­կիրս։ Քիչ մը աւե­լի գու­մար ստա­նալու հա­մար բնաւ մտա­դիր չեմ իմ երկրէն հրա­ժարե­լու։ Կար­ծա­ծիդ չափ միապա­ղաղ չէ մեր կեան­քը։ Ըն­կերներ ու­նիմ, որոնց հետ դաշ­տե­րը կ՚ել­լանք, վրան կը կազ­մենք, քէյֆ կ՚ընենք։ Ու­րախ կեանք ու­նինք այստեղ։ Մա­նաւանդ ալ տա­րեց­նե­րու նկատ­մամբ մեր յար­գանքը ան­պա­կաս է։ Կը սի­րենք իրենցմէ խոր­հուրդ հարցնել։ Խոս­տո­վանիմ թէ խոր­հուրդ հարցնե­լով հան­դերձ շատ ան­գամ կը գոր­ծենք այնպէս, ինչպէս որ ու­զած էինք, բայց զար­մա­նալով կը տես­նենք թէ անոնք միշտ իրա­ւացի կ՚ել­լեն շնոր­հիւ իրենց եր­կար տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թեան»։

Կի­ները, առա­ւօտէ մին­չեւ գի­շեր ամէն կողմ են։ Ներս, դուրս, մաք­րութիւն, պար­տէզ, պզտիկ­նե­րուն խնամ­քը… միշտ ան­հոգ հա­յեացք մը դէմ­քե­րուն։ Մարմնա­պէս շատ կը յոգ­նին, բայց այդ յոգ­նութիւ­նը չես նկա­տեր անոնց դէմ­քին վրայ։ Մի քա­նի զրոյցներ, որ կ՚ու­նե­նամ, կ՚ըսո­ւի թէ հոս կի­ներու հան­դէպ անար­գանքը կամ դա­ժանու­թիւնը անըն­դունե­լի է։ «Տկար է» կամ «Խել­քը չի հաս­նիր»ի նման որա­կումնե­րը ար­դէն յան­ցանք է։ Պո­ռալ, կան­չել, հայ­հո­յել… ծե­ծել օտար բա­ներ են հոս։ Համ­շէնցիք կը յար­գեն կի­ները եւ մա­նուկնե­րը։

Այ­շէ քաջ կին մըն է։ Իր կեան­քի մա­սին բա­ներ մը գի­տեմ։ Տու­նին ետե­ւը պար­տէզ մը ու­նի։ Եգիպ­տա­ցորեն­նե­րը հա­սակ առած են։ Կը մտադ­րեմ Այ­շէի դի­ման­կա­րը առ­նել այդ եգիպ­տա­ցորեն­նե­րուն առ­ջեւ։ Կ՚առա­ջար­կեմ մի քա­նի պատ­կեր քա­շել, կ՚ըն­դունի։ Նկա­րահան­ման ըն­թացքին կը տես­նեմ թէ որ­քան հպարտ է այս մայ­րը, կի­նը կամ մեծ մայ­րի­կը իր պար­տէ­զով։ Ին­չեր չո՞ւնի որ հոն ֆա­սու­լիա, կա­ղամբ, վա­րունգ եւ այլն։ Բո­լորն ալ աճած են եգիպ­տա­ցորեն­նե­րու հա­կերուն տակ։ Ճիշդ որո­շում էր Այ­շէն նկա­րել իր պոս­թա­նին մէջ։ Այդ պար­տէ­զը իր ներ­քին աշ­խարհն է կար­ծես։

Ապա կը զրու­ցենք այս գա­ղու­թին մէջ կի­ներու դիր­քին մա­սին։ Կար­ծես սի­րած նիւթն է որ բա­ցի։ Կին ըլ­լա­լուն եւ ան ալ չար­քաշ կին մը ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ կար­ծես ան­մեղ հպար­տութիւն մը կայ երե­սին։ Աչ­քե­րը կ՚ըսեն, «ու­րախ եղիր, որ կին արա­րած կայ այս աշ­խարհի վրայ»։ Հաս­տա­տում մը՝ որուն հա­ւատա­ցած եմ ամ­բողջ կեան­քիս ըն­թացքին, ։

Համ­շէնցի կի­ները շատ չար­քաշ, շատ կ՚աշ­խա­տին… իրենց պա­րագան տղա­մար­դոցմէ աւե­լի դժո­ւար է։ Տան գոր­ծե­րը, դուրսի գոր­ծե­րը բո­լորն ալ իրենց վրայ։ Տղա­մար­դիկ գոր­ծա­տեղի կ՚եր­թան կամ հո­ղագործ են եւ վերջ։ Կի­ները ներս-դուրս կ՚աշ­խա­տին, թէյ կը հա­ւաքեն, կե­րակու­րէն մաք­րութեան, զա­ւակ­նե­րուն եւ ամէն ին­չին կը հո­գան։ Խօս­քերնին ալ ատեն ատեն միայն կը գա­լէ մեր տա­րեց սե­րունդի առօ­րեայ կեան­քին մէջ։ Քա­նի որ էրիկ­մարդ քիչ մը յա­մառ են։ Կ՚ու­զեն ու­զածնին ըլ­լայ։ Ու­րեմն երբ կո­պիտ խօս­քին, մենք կի­ներս ընդհան­րա­պէս լռենք, բայց ատեն ատեն եթէ շատ խօ­սին, մենք ալ մեր խօս­քը կ՚ըսենք։ Բայց նոր սե­րունդի մօտ տար­բեր կ՚ըն­դա­նայ աղ­ջիկ-տղայ յա­րաբե­րու­թիւննե­րը։ Այ­սօր մեր երի­տասարդ աղ­ջիկնե­րուն խօս­քը զօ­րաւոր է, տղա­մարդկանց հետ հա­ւասա­րու­թիւն մը կայ։ Լռե­լու պար­տա­ւոր չեն զգար։ Ինչ որ տղա­քը կ՚ընեն, աղ­ջիկներն ալ նոյ­նը։ Առաջ միայն տղաք դուրս եր­թա­լու, ազատ ազատ խօ­սելու իրա­ւունք ու­նէին, աղ­ջիկնե­րը ո՛չ։ Հի­մա այդպէս չէ այ­լեւս։ Ես անձնա­պէս գոհ եմ այս նոր կա­ցու­թե­նէն։ Ին­չո՞ւ խեղճ աղ­ջի­կը իրա­ւունք չ՚ու­նե­նայ մար­դու նման ապ­րե­լու, ար­տա­յայ­տո­ւելու։ Ինքզինք ին­չո՞ւ տան մէջ բան­տարկէ եւ դժբախտ առանձնու­թեան մը մէջ ապ­րի։ Եթէ տղա­քը կը վա­յելեն, թող աղ­ջիկներն ալ վա­յելեն կ՚ըսեմ։ Իրա­ւունքը իրա­ւունք է, եր­կուքին ալ։ Այ­սօ­րուայ սե­րունդի կի­ները շատ լաւ են։ Իրենց իրա­ւունքնե­րը գի­տեն եւ կը վա­յելեն։ Իմ ժա­մանակս գի­տե՞ս ինչպէս էր։ Ես 1981-ին ամուսնա­ցայ։ Կը կար­ծես, որ ին­ծի պէս աղջկան պի­տի հարցնէին թէ ի՞նչ կ՚ու­զեմ կամ ո՞վ կ՚ու­զեմ։ Ո՛չ, քեզ մէ­կը գտած ենք կ՚ըսէին եւ կ՚ամուսնա­նար, վերջ։ Ար­դէն ու­զող ըլ­լար, շուտ մը կը նշա­նէին։ Այ­սօ­րուայ աղ­ջիկնե­րը, եթէ իր ձեռ­քը ու­զո­ղը չի հաւ­նի ար­դէն «Չեմ եր­թար» կ՚ըսէ, «Չեմ ու­զեր» եւ եթէ ար­դէն սէր ըլ­լայ եւ ըսեն «Ես այս տղան կը սի­րեմ», ար­դէն ծնող­քը պէտք է ըն­դունի։ Մեր ժա­մանա­կուայ պէս, սի­րես- չսի­րես պէտք է ամուսնա­նաս չկայ։ Սէ­րը կա­րեւոր է։ Նոյ­նիսկ հա­րուստի- աղ­քա­տի խնդիր չըլ­լար։ Սէ­րը սուրբ է։ Մեր ժա­մանակ սէ­րը գաղտնի էր։ Միայն տղան ու աղ­ջի­կը գի­տէին։Փո­ղոց­նե­րը միասին ել­լել, ձեռք ձեռ­քի քա­լել չկար։ Գոց էր ամէն ինչ։ Նոյ­նիսկ եթէ այ­սօր այսքան ամուսնու­թեան տա­րինե­րէ վերջ, յան­կարծ ես օր մը փո­ղոց ել­լեմ ամու­սի­նիս հետ ձեռք ձեռ­քի, մար­դիկ վրա­նիս պի­տի խնդան, պի­տի ծի­ծաղեն, որով­հե­տեւ առա­ջին օրէն իսկ վարժ չեն եղած։ Բայց հի­մա ամէն մարդ գի­տէ, եթէ եր­կու երի­տասարդ զի­րար կը սի­րեն, հայրն ալ, մայրն ալ, դրա­ցին ալ… արար աշ­խարհը գի­տէ եւ բնա­կան կ՚ըն­դունի, նոյ­նիսկ իրար հատ դուրս կ՚եր­թան, ու­րիշ քա­ղաք­ներ կը պտը­տին նշան­տուքէն առաջ եւ խնդիր չըլ­լար։ Երբ որ «Մենք զի­րար կը սի­րենք» ըսո­ւի, խնդի­րը ըն­դունո­ւած կ՚ըլ­լայ։ Այս գա­ղու­թին մէջ ստի­պողա­կան ամուսնու­թիւն չկայ։ Իրբ ծնողք մե­զի ըսէ աղ­ջիկ մը, թէ մէ­կը կը սի­րէ, վեր­ջա­ցաւ խնդի­րը։ Մենք չենք խառ­նո­ւիր այ­լեւս։ Կ՚ու­զես, առ կ՚ըսենք։ Վեր­ջէն եթէ ձա­խորդ ըլ­լայ ամուսնու­թիւնը, դուն որո­շեցիր, դուն առիր կ՚ըսենք։ Մենք չստի­պեցինք կ՚ըսենք։ Ես կը կար­ծեմ աշ­խարհը աւե­լի ար­դար է դար­ձած հի­մա։ Առաջ չէինք գի­տեր մեր իրա­ւունքնե­րը պաշտպա­նել եւ ապ­րիլ ։ Հի­մակո­ւայ աղ­ջիկնե­րուն հա­մար ու­րախ եմ։ Մար­դու պէս կ՚։ապ­րին եւ այս նո­րու­թիւնը դպրոց­նե­րէն, հե­ռատե­սիլէն, թեր­թե­րէն, գիր­քե­րէն, լու­րե­րէն եւ շատ մը տար­բեր մի­ջոց­նե­րու հե­տեւանքն է։ Աղ­ջիկնե­րու նոր սե­րունդին աչ­քե­րը բա­ցուե­ցան։ Այ­սօր հա­մալ­սա­րան ալ գա­ցող շատ կայ։ Զար­գա­ցած աղ­ջիկնե­րը շատ են։ Աղո­ւոր բան մըն է։ Բայց ըսեմ նոյն ժա­մանակ, թէ մեր սե­րունդը աւե­լի համ­բե­րող էր եւ կեան­քի դժո­ւարու­թիւննե­րու թէմ պայ­քա­րիլ գի­տէր։ Հան­դուրժել գի­տէինք։ Հի­մակո­ւայ սե­րունդը քիչ մը տկար է կեան­քի դժո­ւարու­թիւննե­րը յաղ­թա­հարե­լու։ Պզտիկ բան մը ըլ­լայ, շուտ մը կը քա­շուին եւ «Ես չեմ հան­դուրժեր» կ՚ըսեն։ «Ին­չո՞ւ տա­ռապիմ» կ՚ըսեն։ Անոր հա­մար մեր սե­րունդի ամուսնու­թիւննե­րը յա­ւիտեանս կ՚ըլ­լա­յին, իսկ այ­սօ­րուան­նե­րու մօտ, ամուսնա­լու­ծումը յա­ճախա­կի է։ կայ։ Մե­զի պէս «Պէտք է տո­կամ» չեն ըսեր։ Տղա­մար­դը եթէ քիչ մը խիստ ար­տա­յայ­տո­ւի, շուտ մը «Ես չեմ դի­մանար» կ՚ըսէ կի­նը եւ կը բաժ­նո­ւի։ Մենք ո՞ւր, իրենք ո՞ւր, մեր ատե­նը…լաւն ալ, գէշն ալ կ՚ապ­րէինք։ Փառք Աս­տուծոյ կրցանք մին­չեւ հոս գալ։ Դժբախ­տա­բար նոր սե­րունդի ամուսնու­թիւննե­րը դժո­ւար են։ Համ­բե­րան­քը պա­կաս, կեան­քի հետ հաշ­տութիւ­նը պա­կաս։ Հան­դուրժե­լը դժուար է իրենց հա­մար։

Վեր­ջին առա­ւօտս է Գա­յագէօյի­ւի մէջ եւ ահա Քե­մալ­փա­շա պի­տի հաս­նիմ եւ օտար մը զիս կ՚անար­գէ սրճա­րանին մէջ։ Վեր­ջա­ւորու­թիւնը այսպէս է յստակ։ Ես ին­չո՞ւ որ­պէս հայ մը հոս եկած եմ, չի կրնար ըմբռնել։ Հասկնա­լու, հարցնե­լու նպա­տակ ալ չու­նի։ Ուղղա­կի կ՚անար­գէ զիս եւ կը վռնտէ իր երկրէն։ Չեմ ու­զեր այս վեր­ջա­ւորութեան լե­ղիու­թեամբ տուն վե­րադառ­նալ։ Երա­նի ինք մարդ ըլ­լար եւ ըսեր, «Թա­մամ, սխալ ըրի, քեզ սե­ղանս հրա­ւիրե­ցի։ Վնաս չու­նի։ Հիւրս եղար եւ ես զիս պի­տի զսպեմ։ Քիչ մը հան­դարտ սոհ­պեթ ընենք»։ Երա­նի ես ալ աւե­լի քաջ, աւե­լի պար­տադրող ըլ­լա­յի, որ ինք իր գիտ­ցած պատ­մութիւ­նը պատ­մէր, ծուռ կամ շի­տակ եւ ես մտիկ ընէի սար­սուռով, բայց չե­ղաւ։ Ին­չո՞ւ։ Քա­նի տա­կաւին մենք եր­կուքս ալ հի­ւանդ մար­դիկ ենք։ Ազնւու­թե­նէ պա­կաս, տա­կաւին հի­ւանդ, մէ­կու մը ըսա­ծին պէս։ Տա­կաւին եր­կար ճամ­բայ մը կայ առ­ջեւնիս, որ զի­րարու քիչ մը ցա­ւը տա­նիլ վար­ժո­ւինք եւ դեռ այդ ճամբան ալ գրեթէ չենք ելած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ